ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
13 մայիսին «Նիւ Եորք Թայմզ» յօդուածով մը անդրադարձաւ, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը մտադիր է 120.000-նոց բանակ մը ուղարկել` յարձակողական քայլերու դիմելու համար Իրանի դէմ: 24 ժամ ետք Արաբական ծոցին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ քարիւղատար նաւերուն դէմ հրթիռային յարձակումները լուրջ մտահոգութիւններու դռներ բացին շրջանային կայունութեան առնչութեամբ:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի համաձայն, նախագահ Տոնալտ Թրամփ իր ազգային անվտանգութեան խորհրդականներուն հետ գումարեց ժողով մը,որուն ընթացքին անոնցմէ պահանջեց տարբերակներ առաջարկել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու համար: Ըստ օրաթերթին, որդեգրուեցաւ ծրագիր մը, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներ 120.000-նոց բանակ մը պիտի ուղարկէ Արաբական ծոց: Կը կարծուի, որ Ամերիկայի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի գաղափարն է ռազմական հարուած մը հասցնել Իրանին: Այս բանակին նպատակը պիտի ըլլայ պաշտպանել Ուաշինկթընի դաշնակիցները եւ ոչ թէ` զինեալ գործողութիւններ սկսիլ Իրանի դէմ: Սակայն մօտիկ աղբիւրներ նշեցին, որ բանակը պատրաստ պիտի ըլլայ հարուածելու Իրանը, եթէ վերջինս հարուած հասցնէ շրջանին մէջ ամերիկեան շահերուն:
Սակայն 14 մայիսին Սոչիի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին ամերիկեան կողմը հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատերազմ պիտի չյայտարարեն Իրանի դէմ, սակայն երբ ամերիկեան շահերը վտանգուին, ապա անոնք պիտի պատասխանեն: Միեւնոյն ժամանակ Իրանի առաջնորդ Ալի Խամենէին յայտարարեց, թէ որեւէ պատերազմ տեղի պիտի չունենայ Միացեալ Նահանգներու հետ:
14 մայիսին Եմէնի հուսիներուն կողմէ հրթիռարձակման թիրախի վերածուեցան էմիրաթական եւ սէուտական քարիւղատար նաւեր, ինչպէս նաեւ Ռիատի մօտ քարիւղի մղման կայաններ: Ասիկա ահազանգ մը հնչեցուց Սէուտական Արաբիոյ մէջ, սակայն սէուտական «Արամքօ» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ քարիւղի հոսքը պիտի չկենայ եւ 300.000 տակառ քարիւղ օրական պիտի աւելցուի դէպի եւրոպական շուկայ փոխադրուող քարիւղին վրայ: Ըստ երեւոյթին, Սէուտական Արաբիոյ պատգամը յստակ էր Եւրոպային` «Եթէ կ՛ուզես կազի եւ քարիւղի կախեալութիւնը նուազեցնել Ռուսիայէն, ապա մեզի կողմնակից եղիր Իրանի դէմ»: Իսկ թէ հուսիներու կողմէ կատարուած յարձակումը որքանո՛վ կրնանք որակել իբրեւ իրանական պատասխան, տակաւին կանուխ է:
Սակայն, հակառակ այս բոլորին, Արաբական ծոցին մէջ պատերազմը նաեւ կախեալ է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի քաղաքական որոշումէն: Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական հաշիւներէն չի բխիր նոր պատերազմ մը Ծոցին մէջ, իսկ Իրանի վրայ յարձակում մը կը վտանգէ Ռուսիոյ շահերը Սուրիոյ եւ Կովկասի մէջ, ուր Իրանը հարուածելով` անկայունութիւն պիտի ստեղծուի, եւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը պիտի հզօրանայ շրջանին մէջ: Իսկ Չինաստանի համար ասիկա ազգային անվտանգութեան հարց է, որովհետեւ Չինաստանը քարիւղին 50 առ հարիւրը կը ներածէ Արաբական ծոցի երկիրներէն, հետեւաբար եթէ քարիւղի հոսքը կասի, ապա Չինաստանի տնտեսութիւնը անկայուն վիճակ մը պիտի ունենայ եւ սպառնայ վարչակազմին:
Հետեւաբար Արաբական ծոցին մէջ պատերազմի շեփորները հնչեցնող բոլոր ձայները ներկայ պայմաններուն մէջ ապարդիւն են, եւ որեւէ երկիր նպատակ չունի կայունութիւնը խախտելու, որովհետեւ համաշխարհային տնտեսութիւնը կրնայ հարուած կրել:
Օգագործուած աղբիւրներ`
– Khamenei: «There will not be any war with the U.S.», Jerusalem Post, 14/5/2019, https://www.jpost.com/Breaking-News/Khamenei-There-will-not-be-any-war-with-the-US-589684
– Putin tells Pompeo he wants to «fully restore» US-Russian ties, Al Jazeera, 14/5/2019, https://www.aljazeera.com/news/2019/05/pompeo-meets-lavrov-hope-improved-russia-ties-190514135223686.html
– White House Reviews Military Plans Against Iran, in Echoes of Iraq War, The New York Times, 13/5/2019, https://www.nytimes.com/2019/05/13/world/middleeast/us-military-plans-iran.html?fbclid=IwAR1eQdtoFHw54KmAEszSA632o52gvMk9fH61yYWXdzaiU1x0wGsXg_YUAy4