Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Մի՛ Մտահոգուիք (ՀՄԸՄ Երիտասարդական Ա. Համագումարին Առիթով)

$
0
0

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Կ՛ըսեն` փոխուած են ժամանակները, փոխուած են սերունդները, փոխուած են նաեւ աւանդութիւններն ու արժէքները:

Կ՛ըսեն` նոր սերունդը տարբեր է, տարբեր հետաքրքրութիւններ, տարբեր ըմբռնումներ եւ մտածողութիւն ունի:

Պատճառները բազմաթիւ են. համաշխարհայնացում, արհեստագիտութիւն, անտարբերութիւն, կեանքի ընթացք….

Եւ այս պատճառով ընդհանուր մտահոգող կացութիւն մը կը ստեղծուի ամէն տեղ` դպրոց, միութիւն, կուսակցութիւն…

100-ամեայ ՀՄԸՄ- ին մէջ  ալ կը տիրէ  այս մտահոգութիւն պատճառող կացութիւնը:  Աւագ  սերունդի միութենականները,

պատասխանատուները մտահոգ են այս փոփոխութիւններով  եւ մանաւանդ միութեան ապագայով, յատկապէս` 100-ամեակէն անդին:

Պէտք է ըսել, որ մտահոգութիւնը տեղին է: Եւ ես` հակառակ երիտասարդ սերունդին պատկանելուս, կը հաստատեմ այդ  իրողութիւնը. կամ աւելի ճիշդ` կը հաստատէի:

Սակայն, երբ 10 մայիսին Յունաստան կը գտնուէի մասնակցելու համար ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական առաջին համագումարին, կարծիքս փոխեցի ամբողջութեամբ:

Հոն, 30-է աւելի երիտասարդներ (18 տարեկանէն 30-ի միջեւ), աշխարհի 17 տարբեր շրջաններէն եկած, հաւաքուեցանք եւ 2 օրերու վրայ միասնաբար քննեցինք հարցեր, փոխանակեցինք կարծիքներ, լսեցինք մտահոգութիւններ եւ կատարեցինք նոր առաջարկներ:

Երեւոյթը`  գեղեցիկ եւ հետաքրքրական. իսկ փորձառութիւնը` անկրկնելի:

Մեծամասնութեամբ ծանօթներ չէինք (կային ծանօթներ hամա ՀՄԸՄ-ական բանակումներէ եւ մարզախաղերէ), բայց ժամերու ընթացքին այդ երեւոյթը փոխուեցաւ: ՀՄԸՄ-ին յատուկ «քոյր-եղբայր»-ի օգտագործումը կ՛արագցնէր փոփոխութիւնը: Համագումարը ընթացք առաւ հարազատ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:

Բայց ի՞նչ է գաղտնիքը այս մթնոլորտին: Չէ՞ որ տարբեր միջավայրերու մէջ մեծցած ենք, տարբեր երկիրներ կ՛ապրինք, տարբեր ձեւով կը խօսինք ու կ՛արտայայտուինք:

Պատասխանը ՀՄԸՄ-ն է:

Բոլորս, հակառակ  բոլոր տարբերութիւններուն, մէկ հասարակ յայտարար մը ունինք` ՀՄԸՄ-ական ըլլալը:

Բան մը, որ չի սահնամափակուիր միութեան անդամ ըլլալով միայն կամ միութեան տարազը հագուելով, այլ զայն զգալով` միշտ եւ ամէն տեղ:

Զգալ այս միութեան դժուարութիւնները եւ փորձել զանոնք յաղթահարել:

Զգալ այս միութեան հարցերը եւ փորձել զանոնք լուծել:

Զգալ այս միութեան յաջողութիւնները եւ փորձել զանոնք բարգաւաճեցնել:

Զգալ այս միութեան  իղձերը եւ փորձել զանոնք իրականացնել:

ՀՄԸՄ-ական ըլլալ ու այս բոլորը զգալ եւ իրագործել` կ՛ենթադրէ զոհողութիւն:

Բայց, երբ կը տեսնենք, որ այսքան երիտասարդ, ձգելով իրենց գործը, համալսարանի դասերն ու հեռաւոր Արժանթինէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէն, ժամերով օդանաւին մէջ նստած, կ՛ուզեն մասնակցիլ այս համագումարին, նոյնիսկ 2- 3 օրուան համար, գալու եւ քննարկելու ծանր եւ պատասխանատու օրակարգ` յատկապէս դժուար փուլի մը մէջ, չենք կրնար շարունակել մտահոգուիլ:

Երբ կը տեսնենք, որ տակաւին մենք` երիտասարդութիւնս, կը մտածենք ՀՄԸՄ-ին համար, կը փորձենք նոր ձեւեր գտնել` ներգրաւելու համար մեր տարեկիցները եւ շարունակելու այս միութեան առաքելութիւնը, երբ կը տեսնենք, որ բոլորս ոչ մէկ ակնկալութիւն ունինք ՀՄԸՄ-էն եւ կ՛աշխատինք  անոր 100- ամեայ երթը շարունակելու եւ բարգաւաճեցնելու համար, չենք կրնար շարունակել մտահոգուիլ:

Եւ վերջապէս, երբ կը տեսնենք, որ մենք` մասնակիցներս, խումբ մըն ենք միայն այս միութեան հազարաւոր անդամներէն, որոնք մեզի պէս կը մտածեն ու կը զգան, չենք կրնար շարունակել մտահոգուիլ եւ իրաւունք կ՛ունենանք հաստատելու եւ ըսելու. «Մի՛ մտահոգուիք»:

Այս համագումարը առիթ մըն էր վերաքննութիւն կատարելու, եւ կը կարծեմ` յաջողութեամբ աւարտեցաւ ու մտահոգութիւնը  մասամբ մը փարատեցաւ:

Վարձքը կատար ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` նախաձեռնելու եւ կազմակերպելու համար այս համագումարը:

Շնորհակալութիւն Յունաստանի Շրջանային վարչութեան` հիւրընկալութեան համար:

Շնորհակալութիւն  նաեւ բոլոր Շրջանային վարչութիւններուն մեզի` մասնակիցներուն այս առիթը ընծայելու համար :

ՀՄԸՄ-ը շատ բան սորվեցուցած է մեզի, իսկ այս համագումարը շատ բան աւելցուց եւ յստակացուց:

Կը մնայ սկսած գործը շարունակել… առանց մտահոգուելու:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>