Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Խմբավարին Խօսքը

$
0
0

Համաձայն էք, չէ՞:

Կոմիտասի, Թումանեանի ու իրենց տարեկից միւս մեծերուն ծննդեան 150- ամեակներու յոբելեանները կը տօնակատարենք անոնց գործին ու վաստակին մասին ունենալով մակերեսային գիտելիք ու ծանօթութիւն: Գրեթէ կապ չունենալով անոնց հետ:

Խօսքս առաւելաբար նոր սերունդին մասին է:

Հայկական տարբեր դպրոցներէ շրջանաւարտ Հայկազեան համալսարանի երկու տասնեակ ուսանողներս առաջին դասապահուն միասնաբար չկրցան քանի մը նախադասութիւն շարադրել հայ երաժշտութեան պատմութեան ու անոր արժանաւոր դէմքերուն մասին:

Տասնեակ մը լիբանանահայ դպրոցներէ հաւաքուած կարկաչականներս այս առիթով սորված տասնեակ մը կոմիտասեան երգերէն ո՛չ մէկուն ծանօթ էին:

Իսկ քանի մը օրեր առաջ,   «Կարկաչ»-ի աշակերտական ելոյթի ընթացքին, լիբանանահայ դպրոցներէն հաւաքուած շուրջ հինգհարիւր ունկնդիր աշակերտներէն միայն չորսը կրցան Կոմիտասի երգերէն գիտնալ:

Մի՛ շտապէք մեղադրել դպրոցներն ու երգի ուսուցիչները: Ոմանք իրենց մեղքի բաժինը կրնան ունենալ անկասկած, սակայն հարցը հայեցի ու վաւերական երգ-երաժշտութեան նկատմամբ մեր հաւաքական անտեղեակութեան ու անոր պահպանման, տարածման ու նորահաս սերունդներուն մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ ամրապնդումին համար մեր կազմակերպական թափթփածութեան, անկարողութեան ու անտարբերութեան մէջ է:

Ահազանգը հնչեցուցած էի հինգ տարիներ առաջ, կրկին խմբավարի խօսքիս այս էջին ընդմէջէն: Խօսքս մամուլի արձագանգ ալ ունեցաւ ու հանրային քննարկումի արժանացաւ: Այսօր պատկերը նոյնն է սակայն:

Թումանեանը քիչ մը աւելի բախտաւոր կրնայ ըլլալ` իր հեքիաթներուն շնորհիւ: Իսկ Շանթ ու Օտեան կարդացող կա՞յ:

«Կարկաչ»-ի աշակերտական համերգին ներկայ աշակերտներուն յայտնեցի, որ Հայ դատի հետապնդման լայնածիր աշխատանքներուն մէջ քայլարշաւներն ու թշնամիին դրօշակն այրելը քարոզչական լծակներ են անկասկած, սակայն, առանց հայ մշակոյթին հետ մեր ամուր, գիտակից ու առօրեայ ուժեղ կապին` այդ բոլորը անիմաստ են:

Համաձայն էք, չէ՞:

Ձեր`
Պարոն Զաքար


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>