Հայացուց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Այսօր կ՛ուզէի խօսիլ եզակիօրէն օժտուած մարդու մը մասին, որ արժանի է գրաւելու ուշադրութիւնը ուսեալ մարդոց եւ հետաքրքիր ոչ սովորական հոգիներու, ան կը կոչուի Կնութ Համսուն, իսկ հրատարակիչը` Ալպեր Լանժենը կու գայ յայտնաբերելու այս նորվեկիացիի «Անօթութիւն»-ը:
Ոչ մէկ ողբերգութիւն` այս գիրքին մէջ, այլ միայն` անօթութիւն: Եւ այս տխուր նիւթին մէջ ոչ մէկ գործողութիւն` բացի անօթութենէ: Կարելի է մտածել միօրինակութեան մասին: Հանդիպումներ փողոցի մէջ, գիշերային տեսարաններ, տարօրինակ շարքը դէմքերու, տարօրինակօրէն օտար, որոնք այս գիրքը կը դարձնեն առաջին կարգի գործ, խանդավառո՛ղ, եզակի:
Ինքնակենսագրութիւն` վստահաբա՛ր:
Այստեղ աչքի ներքեւ ունիմ լուսանկարը Կնութ Համսունի. ուժգին կազմուածքով մարդ մը, նուրբ եւ աշխուժ մկաններով, թանձր մազերով, ճակատը` քանդակուած արձանագործի մը մատներով, նայուածքը օտար. կոպերու խոռոչին մէջ կան խորունկ շողեր, կը զգացուի, որ ճանչցած է բացառիկ վիճակներ, հեռաւոր ճամբորդի մը նման կարօտակէզ, նաւաստիներու նայուածքը յիշեցնող: Պեխը կարճ, հաւաքուած` բարութեամբ լեցուն շրթներուն վրայ: Դիմագիծը` աշխուժ եւ նուրբ, թափանցող, բայց` քողարկուած, հպարտ եւ տխուր, ակօսուած այտերով, քթի պրկուած խոռոչներով: Յոգնածութեան եւ տառապանքի նշաններ, որոնք երկարօրէն կը գրաւեն միտքը:
Կնութ Համսուն` հազիւ երեսունչորս տարեկան, կը կարծեմ, որ ոչ մէկ կեանք եղած է իրեն պէս արկածախնդիր: Կանուխէն թաթխուած է դժբախտութեան:
Քսաներկու տարեկանին կը ձգէ Նորվեկիան, հալածուած` դժբախտութենէ եւ անօթութենէն: Յոգնած` պայքարելէ ճակատագրին դէմ, որ չի դադրիր զինք հալածելէ, աշխատանքով չկարենալ շահելու կտոր մը հաց… Վերապահելով անշեղօրէն իր անպարտելի հպարտութիւնը եւ պատուական կեցուածքը` կը շարունակէ պայքարիլ փորձութիւններու դէմ: Օր մը կը բարձրանայ նաւու մը վրայ, որ կը մեկնէր ձկնորսութեան դէպի նոր հողամաս (Իսլանտա): «Ճերմակ Ամսագրին» մէջ տարի մը առաջ ան պատմած է իր հոն ապրած տաժանելի կեանքի մասին:
Պէտք է կարդալ ամբողջութիւնը այս կարճ տպաւորութիւններուն, որոնք ունին մարդկային ուրիշ շեշտ մը` կատաղի եւ անասնական, քան` Իսլանտայի ձկնորսներու մոլեգին կեանքը: Մշուշին մէջ յանկարծ յայտնուող կերպարանքներ, որոնք կ՛արթնցնեն խաբկանքներ եւ զգայնութիւններ, նկարագրուած են Կնութ Համսունի կողմէ` ուժգնօրէն անծանօթ արտայայտութեան մը մեծութեամբ:
Այս ահռելի վիճակէն երեք տարի վերջ Կնութ Համսուն կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր առանց ծանօթի, առանց միջոցներու` կը դառնայ գործաւոր, դարձեալ երեք տարի հողագործութիւն կ՛ընէ` հազիւ շահելով իր կեանքը: Կը մատնուի նեղութիւններու, սակայն վարժուած ըլլալով դժբախտութիւններու` կը դիմանայ ու կը յաղթահարէ…
Ապա կ՛երազէ վերադառնալ Նորվեկիա, բայց` ինչպէ՞ս, խնայողութիւն չունէր, ոչ ալ դրամ` վճարելու իր ճամբորդութիւնը ու շատ հպարտ էր` խնդրելու իր հայրենադարձութիւնը: Վերջապէս կը կարողանայ ընդունուիլ, որպէս մեքենավար, Ամերիկայի օթոպիւսի մեծ գիծերէն մէկուն վրայ` բաւական լաւ վճարուած: Չորս տարիներու ընթացքին կը խնայէ բաւարար գումար` վերադառնալու համար:
Բայց ժամանակ մը վերջ իր վերադառնալէն, կը ստիպուի ձգել Նորվեկիան` մեզի անծանօթ պատճառներով ու կ՛ապաստանի Փարիզ, ուր առանձին, աղքատ, մոռցուած բոլորէն` կը շարունակէ գրել խանդավառութեամբ մեր ժամանակի ամէնէն գեղեցիկ գործերէն մին «Անօթութիւնը»:
Պէտք է սիրել այս մարդը, հետեւիլ սիրով այս սքանչելի եւ հազուագիւտ արուեստագէտին, որմէ կը ճառագայթէ հանճարի բոցը:
ՕՔԹԱՒ ՄԻՐՊՕ (Octave Mirbeau) 1895
Փարիզ-Պէյրութ , 2019
————————————-
Կնութ Համսունի «Անօթութիւնը» Վէպ
Կնութ Համսունի (Knut Hamsun) «Անօթութիւնը» լոյս տեսած է գրպանի գիրքի շարքին մէջ, 1961-ին: Լոյս տեսած է նորվեկերէն` 1890-ին: Ֆրանսերէնի թարգմանուած է 1895-ին, Ա. Լանժենի կողմէ (A. Langen): Անտրէ Ժիտ (Andre Gide) գրած է նախաբանը, որմէ թարգմանաբար կու տանք հատուած մը` ստորեւ:
«Կը դարձնենք էջերը այս անծանօթ գիրքին: Քիչ ետք արցունքով կը լեցուին մեր աչքերը եւ արիւնով` մեր մատները, մեր սրտերը: Իր նախապատերազմեան հրատարակութիւնը առաջին կարդացողներէն մին եղած եմ, շուրջիններուս ուշադրութիւնը գրաւող առաջին անձը այս գիրքին նկատմամբ: Սակայն հանրութեան ուշադրութիւնը սկսաւ արթննալ, երբ Ժան-Լուի Պարօ (Jean-Louis Barrault) որոշեց այս ընդարձակ մենակատարումը բեմադրել, եթէ չեմ սխալիր, ընկերակցութեամբ «Համլեթ»-ին Լաֆորկի (Laforgue): Ես այդ ժամանակ Ֆրանսա չէի եւ մեծապէս կը ցաւիմ, որ չկրցայ տեսնել մեր մեծ Հտպիտը իր այդ բացառիկ դերին մէջ, ստեղծուած` իր կողմէ ամբողջութեամբ, որ հիասքանչ էր, ըստ տիրող կարծիքներու, ստեղծուած, ոչ ամենեւին, Կնութ Համսուն նոյն ինքն, ոչինչ ստեղծած է, եւ այս է արժանիքը իր գլուխ գործոցին, ան կը տիրապետէ լոկ իր իրականութեամբ: Ոչ մէկ պատմութիւն, ոչ մէկ հնարք գիրքի ընթացքին. ոչ մէկ բան տրուած է մեզի` բացի ցաւալի ներկայացումը մարդու մը, որ անդադար մահուան սեմին է անօթութեան պատճառով: Անօթութիւնը նոյն ինքն նիւթն է` իր բոլոր վիճակներով ու յոյզերով, մտաւորական եւ բարոյական այլակերպումներով, որոնց կը տանի երկար ատեն անսնունդ մնալը: Այո՛, նուազ վէպի հերոս է, քան` հիւանդագին պարագայ մը: Պիտի համարձակի՞մ ըսելու, թէ այս մէկը զիս կը նեղացնէ քիչ մը, որ այս մարդը սկիզբէն բնական չէ»:
ԱՆՏՐԷ ԺԻՏ (Andre Gide)
- Կնութ Համսուն ծնած է 1859-ին, մահացած 1952-ին։ Հեղինակ է «Անօթութիւնը» (1890), «Պատ» (1894) եւ «Պենոնի» (1908) գիրքերուն։ 1920-ին՝ Նոպեէլեան մրցանակակիր։