Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Մենք Հայկականանք Ու Հայկականացնենք Մեր Տուները

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Երկու տարի առաջ, երբ պետական երեսփոխան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի արձակեց իր կոչը` «Հայկականացնենք երիտասարդութիւնը», այս կոչը զիս մատնած էր խոր մտահոգութեան, որովհետեւ կը գիտակցէի անոր լրջութեան ու ծանրութեան:

Այսօր, երբ կը մտաբերեմ այս կոչը ու ակնարկ մը` դէպի անցնող տարիները, տխուր ու մտահոգ կ՛ըսեմ` պէտք է որ մենք «հայկականանք», մենք` իբրեւ ծնողներ եւ իբրեւ հայ ընտանիքի տէրեր` մենք հայկականանք, որպէսզի ի վիճակի ըլլանք հայկականացնել մեր նոր սերունդը, մեր երիտասարդութիւնը:

Ճակատաբաց ու հպարտօրէն կը յայտարարենք, թէ ուրախ ենք ու հպարտ, որ այսօր ունինք մեր Երեսփոխանական գրասենեակը, որուն նախաձեռնութեամբ ունինք մեր Ազգային ինքնապահպանման ֆոնտը, որ նիւթապէս կ՛աջակցի հայ ընտանիքի կազմութեան, հայ երեխայի մկրտութեան եւ, անշուշտ, հայորդիին նոյնիսկ համալսարանի նիւթական օժանդակութեան, եթէ ան շրջանաւարտ է հայկական վարժարանէ… այսինքն ասիկա ուղղակի կոչ մըն է հայ ծնողին, որ իր զաւակը ղրկէ հայկական վարժարան:

Տխուր երեւոյթ է այն, ինչ որ այսօր կը տեսնենք շարք մը տուներէ ներս, ուր օտարն է տիրակալը եւ ոչ` հայկականը: Աւելի պարզ` տան մէջ ընդհանրապէս կը գործածուին ֆրանսերէն,  անգլերէն ու արաբերէն բառեր, չըսելու համար թրքամոլներուն` թրքերէնը: «Hi»-ն ու «bonjour»-ը երկար ատեն է, որ փոխարինած են մեր քաղցր «բարեւ»¬ը: Տան հայրն ու մայրը պէտք է ճիգ թափեն իրենց զաւակները պահելու միշտ հայկական մթնոլորտի մէջ` տան խօսակցական լեզուն, ունկնդրուած երաժշտութիւնն ու ընդհանրապէս հայ գիրքի եւ թերթի ներկայութիւնը:

Ինչպէ՞ս կ՛ակնկալենք, որ մեր նոր սերունդը ըլլայ մաքուր ու զտարիւն հայ, երբ ան անմիջական հայկական մթնոլորտի մէջ չէ. ուրիշ հարց է, որ կարգ մը ծնողներ կը հաւատան, թէ երբ զաւակը օտար վարժարան յաճախէ, անոր ապագան ապահովուած կ՛ըլլայ… Անհիմն ու անբացատրելի երեւոյթ:

Երբ կոչ կ՛ընենք մեր ծնողներուն` զաւակը հայկական դպրոց արձանագրելու, նոյնքան համարժէք եւ կարեւոր կոչ է զաւակը իր հոսանքին պատկանած հայկական ակումբին անդամագրել, որովհետեւ մեր ակումբները այն ազգային ու հայրենասիրական սերմերը, որ կը ցանեն մեր տղոց ու աղջիկներուն հոգիներուն մէջ, շատ մը տուներէ ներս մեծ բացակայ մըն է:

Իմ բարձրաձայն կոչս է` հայ դպրոցին զուգահեռ հայ ակումբի անհրաժեշտութիւնը մեր նոր սերունդին ազգային դաստիարակութեան մէջ:

Հայկականանք մենք, որպէսզի հայկականացնենք մեր տուները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>