Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Գիրքերու Աշխարհէն. Ուսումնասիրական Մենագրութիւն Մը Սողոմոն Թեհլիրեանի Մասին (Հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան)

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

2018 տարեվերջին Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարանէն լոյս տեսաւ փոքրածաւալ հատոր մը` «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960»` իբրեւ երկրորդ համարը «Արամ Մանուկեան» մատենաշարին. հազիւ 100 էջերու վրայ տարածուող ու ափի մը ծաւալը ունեցող գրքոյկը ուսումնասիրական մենագրութիւն մըն է, գիտական աշխատանքի մօտեցումով, սակայն լայն իմաստով` հրապարակագրական եւ ազգային աւանդներ ուսուցելու տրամադրութեամբ, պատրաստուած` Կարօ Յովհաննէսեանի կողմէ:

Հատորին ծաւալը միակ գործօնը չէ, որ կ՛որոշէ անոր արժէքը, այլ` բովանդակութիւնն ու յղացքին նպատակները: Հետեւաբար ամէն բանէ առաջ պէտք է արձանագրել, որ հատորը ունի մէկէ աւելի արժանիքներ, որոնցմէ մէկ քանիին վրայ լոյս սփռելու պիտի ծառայեն այս սիւնակները:

Սողոմոն Թեհլիրեան շատ ծանօթ ու պաշտելի՛ ըլլալու չափ սիրելի հերոս մըն է հայութեան համար: Անոր անունը կապուած է ցեղասպաններուն դէմ մահավճիռ արձակած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան ու անոր` Թալէաթ փաշայի ահաբեկման «հատոր»-ին: Հետեւաբար բնական է, որ ընդամէնը տասը գլուխներով զարգացող հատորին մէջ «առիւծի բաժին» յատկացուէր ահաբեկի՛չ Թեհլիրեանին: Սակայն Կ. Յովհաննէսեան կարկինը աւելի լայն բացած է եւ նման սեղմ հատորի մը ներած սահմաններուն մէջ լուսարձակի տակ բերած է Սողոմոն Թեհլիրեան անձը, անոր կազմաւորումը, ապրած տառապանքներն ու նոյնինքն ահաբեկման արարքը (որոնք այլապէս մէկ խտացումն են ամբողջ սերունդի մը ողբերգութեան ու սխրանքին), ապա նաեւ` անոր կեանքի յաջորդ փուլերը, որոնք արդարօրէն զինք կրնան դասել մեր խոնարհ, բայց պանծալի հերոսներուն փաղանգին մէջ:

Ոեւէ հայ ընթերցող կրնայ մանրամասն կերպով ծանօթանալ Թեհլիրեանի կեանքին ու արարքներուն` կարդալով անոր թանկարժէք «կտակ»-ը` յուշերը, որոնք կարեւոր յենարան ծառայած են այս հատորին կազմութեան համար: Անկէ անդին, Կ. Յովհաննէսեան պեղած է Թեհլիրեանի մասին բազմաթիւ հրատարակութիւններ, մամուլի մէջ լոյս տեսած յուշագրութիւններ ու արժեւորող գրութիւններ, որոնք իրենց պատկառելի տեղը գրաւած են հատորի աւարտին, աւելի քան 100 ծանօթագրութիւններու մէջ, որոնք կրնային կրել նաեւ օգտագործուած աղբիւրներ խորագիրը, սակայն այդպէս չէ եղած, որովհետեւ օգտագործուած աղբիւրներու թուումին կողքին, հոն կան հետաքրքրական ծանօթութիւններ` իբրեւ կենսական լրացուցիչներ հատորի էջերուն տրուածին: Եւ ծանօթագրութեանց այդ էջերը կարեւոր բաժին ունին հատորին արժէքին մէջ:

Ընթերցողը, մասնաւորաբար նոր սերունդի զաւակները այս հատորին էջերուն ճամբով կը ծանօթանան մեր նորագոյն պատմութեան սեւ ու պայծառ էջերու մէկ սեղմ պատկերին, սակայն նաեւ` անոնց մասին արժեւորումներու: Կ. Յովհաննէսեան այս իմաստով կը կատարէ յուշարարի դեր` «ահազանգելով», որ եթէ Ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանքները չեն կրնար մոռցուիլ, հայութիւնը իբրեւ իրաւատէր` պիտի շարունակէ իր պայքարը, նոյն հայութիւնը պէտք չէ մոռնայ նաեւ, որ ատենին, Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, երբ տակաւին նահատակներուն արիւնը չէր չորցած, անոնց աճիւնները լիովին չէին փոշիացած Տէր Զօրի ու շրջակայ բացօթեայ սպանդանոցներուն մէջ, կար սերունդ մը, որ մեր ժողովուրդին կամքը եւ վճիռը մարմնաւորող Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ բարձրացուց արդարահատուցման դրօշը, հաշիւ պահանջեց ոճրագործէն ու գործադրեց Ցեղասպանութեան շարք մը հեղիակներուն դէմ արձակուած մահավճիռը, պատժեց հայը հայրենի հողերէ ու դարաւոր ժառանգութիւններէ զրկող թուրք պետական ուղեղը: Սա նաեւ անուղղակի յուշարար մըն է այն սխրանքներուն, որոնք արձանագրուեցան նոյնինքն Ցեղասպանութեան օրերուն ու անոնց յաջորդած տարիներուն, մեր հրաշալի հերոսամարտերով ու Թեհլիրեանի զինակից Շիրակեաններու, Երկանեաններու, Ծաղիկեաններու եւ այլ ուխտադիրներու բազուկներով:

Թեհլիրեանի կեանքին, գործին, դատավարութեան ու հետագայ դէպքերուն մասին հակիրճ պատումին ու համապատասխան լուսանկարներու զուգահեռ, այս հատորը կը կատարէ արդար սրբագրութիւններ, որոնք պէտք չէ վրիպին ընթերցողին ուշադրութենէն: Յիշատակենք գոնէ մէկ քանի պարագայ:

Առաջինը` նոյնինքն արդարահատոյց հերոսին մականունին աղաւաղումին կը վերաբերի: Կ. Յովհաննէսեան անուղղակիօրէն կը յուշէ, որ լաւ բան չէ անճիշդ ձեւով արձանագրել հերոսին մականունը եւ զայն տարածել խեղաթիւրուած ձեւով: Արդարեւ, մինչեւ իսկ յարգելի հեղինակներ Սողոմոնին մականունը արձանագրած են «Թեհլերեան» ձեւով, Հայաստանի մէջ մինչեւ այսօր ալ հերոսին նուիրուած` «Գինի լից» երգին մէջ հերոսին մականունը «Թեհլերեան» հնչողներ կան, լսատեսողական մամուլը կառչած է նոյն սխալագրութեան, եւ այդ մասին ոչ ոք մտահոգուած է, այլ նաեւ այս սխալը կը տարածուի նորահաս ունկնդիրներուն մէջ: Նման խեղաթիւրման ենթակայ է նաեւ ոճրագործին` Թալէաթի անունը. ճիշդ է` մեր մամուլին ու գրականութեան մէջ այս ոճրագործին անունը արձանագրուած է քանի մը ձեւով` Թալէաթ, Թալաթ եւ Թալաաթ, իբրեւ հետեւութիւն` անունին թրքական հնչումէն բխած թելադրանքին, սակայն սխալ է եւ անընդունելի զայն կոչել ԹԱՅԼԱԹ. յիշեալ երգը երգողներ, նաեւ մամուլի ու պատկերասփիւռ աշխատակիցներ չեն վարանիր տարուելու այս խեղագրութեամբ: (Ի դէպ, նման խեղաթիւրումներ կը կատարուին նաեւ ժապաւէններու պատրաստութեան մէջ, պատմութի՛ւնը կը խեղաթիւրուի… «քաղաքավար» ձեւով, «մեկնաբանութեան իրաւունքի» անուան տակ, ու այս պարագաներուն եւս նման արարքներ կը մնան-կը թողուին աննկատ): Այս իմաստով, Կ. Յովհաննէսեանի տողընդմէջ կատարած սրբագրութիւնը պէտք է դիտել իբրեւ նման ախտերէ հեռու կանգնելու կոչ մը:

Պատմական ճշմարտութեանց հաւատարիմ մնալու հրաւէր մը կարելի է նկատել նաեւ ահաբեկման արարքը Թեհլիրեանի բերնով ներկայացնելու բաժինը: Թէ՛ «Գինի լից» երգին եւ թէ՛ գեղարուեստական այլ պատումներու մէջ Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը կը ներկայացուի աւելի՛ հերոսական ձեւով, քան ինչ որ է նոյնինքն արդարահատոյցին նկարագրութիւնը: Երգին բառերով, Պերլին փախած Թալէաթի ետեւէն հասնելով` Թեհլիրեան «զարկա՛ւ ճակտէ, փռեց գետին»: Մինչդեռ Թեհլիրեան կը հաստատէ, որ ինք կողքէն հարուածած է ոճրագործը: Այս «խեղաթիւրումը» կարելի է դիտել հասկացողութեամբ, զայն նկատել անմեղ արարք, որովհետեւ «զարկաւ ճակտէն»-ը շատ դիւրութեամբ կարելի է ընկալել յանդուգն արարքի մը բովանդակութեան մէջ, որ ժողովուրդը եւ արուեստագէտը վայել կը նկատեն իր հերոսին, այնպէ՛ս` ինչպէս Սասունցի Դաւիթը ուղղակի ճակատումով ահաբեկեց Մսրայ Մելիքը… Իրականութեան իրազեկումը որեւէ ձեւով չի խեղաթիւրեր կամ չի նսեմացներ արարքը, որ օրին ընկալուեցաւ իբրեւ արդար հատուցում, այսօր ալ զայն կը դաւանինք նոյն շեշտով, բայց մանաւանդ զայն կը կրենք իբրեւ անշէջ կտակ, որ մեզի հասած է մեր նահատակներէն, մարդկային, մշակութեային ու հողային մեր կորուստներուն դիմաց պահանջատէր եւ արդար հատուցում պահանջող Թեհլիրեաններու ժառանգութենէն:

… Թեհլիրեանին շիրիմը Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքի հայկական գերեզմանատան մէջ կը մնայ` իբրեւ սրբազան ուխտավայր, արձագանգելով Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի, Պիքֆայայի, Եռաբլուրի եւ այլ յուշակոթողներէն հասնող ղօղանջներուն: Այս հատորին առիթով կ՛արժէ նաեւ արձանագրել մաղթանք մը, որ Թեհլիրեաններու, Շիրակեաններու եւ մեր բոլոր արդարահատոյցներուն յուշակոթողները արժանավայել կերպով կանգնին մայր Հայաստանի հողին վրայ` իբրեւ մնայուն յուշարար այսօրուան ու գալիք բոլոր սերունդներուն, թէ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայը գիտցաւ նա՛եւ բարձրաճակատ կերտել հերոսամարտեր, իր սեփական բազուկով պատժել ցեղասպանները: Յիշեցնելու, որ Թեհլիրեան եւ ուխտակիցները եթէ գործադրողներն էին Դաշնակցութեան վճիռին, անոնք չեն պատկանիր միայն մէկ կուսակցութեան, այլ կը պատկանին ամբողջ հայութեան, որուն անունով դիմեցին պատմական սխրանքներուն, պահաջատիրութեան անժամանցելի պատգամ ունին դաշնակցականին ու իւրաքանչիւր հայու հաւասարապէս, այնպէ՛ս` ինչպէս պատգամեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտողները:

Ապրիլ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>