Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Կարծես Երազ Մը Ըլլար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շուրջ երկու տարիէ գրասեղանիս վրայ է տարիներու գործակիցիս եւ ընկերոջս` Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար»* հատորը: Տարիներ առաջ, երբ «Բագին»-ի խմբագրութեան մէջ նոյն երդիքին տակ կ՛աշխատէինք, դիւրին էր մեր տպաւորութիւնները, հարցումները կամ մտահոգութիւնները իրարու փոխանցել` իւրաքանչիւրիս այս կամ այն բանաստեղծութեան, յօդուածին կամ գրութեան գծով: Հիմա որ ան ֆիզիքապէս չկայ, այդ զրոյցները մտային մակարդակի վրայ, ենթադրական ձեւ կ՛առնեն եւ ներքին զրոյցի մը կը վերածուին: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ով որ ծանօթ է Սարգիսի գրականութեան` իր քերթողութեան, արձակին, նոյնիսկ նամակներուն մէջ նոյն մաքուր, ազնիւ, քնարական բանաստեղծութեան շունչով եւ հայոց լեզուի բառերու հմայքով տարուած անձնաւորութիւնը կը տեսնէ:

Հատորի նախաբանին մէջ հեղինակը իր սովորական անկեղծութեամբ կ՛արձանագրէ, որ այս թեքսթը վէպի սովորական յղացքներուն դէմ իր իրաւունքը հաստատող գրութիւն մըն է, զոր Ս. Կիրակոսեան  քնարավէպ կը կոչէ եւ կը խոստովանի, որ իր ձեւին մէջ «անակնկալի մատնած [է] այս պարականոն երկը» նոյնիքն իր հեղինակը: Երկրորդ արձանագրուած խոստովանութիւնը այն է, որ գործին ծնունդը կը նմանցուի «հեղինակին ենթագիտակիցէն բխած» եւ «բախտաւոր պահու մը ծնած բանաստեղծութեան… որ յաճախ եւ առաջին հերթին զարմանք պատճառեց իր իսկ հեղինակին» (էջ 9): Այսպէս, Ս. Կիրակոսեան կ՛ուզէ մեզի սկիզբէն իսկ յստակացնել, որ քերթողական ներշնչումով անակնկալ ձայներ ու պատկերներ յաճախ պիտի դրսեւորուին, բազմահունչ եւ տարբեր, յաճախ զիրար հակասող ձայներու պիտի հանդիպինք եւ քոլաժներու այս քնարական-այլաբանական վէպին մէջ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար զայն կոչել` բանաստեղծական արձակ: Ամէն պարագայի, միշտ պէտք չէ մոռնալ գործին խորագիրը` «Կարծես երազ մը ըլլար», որովհետեւ երազը պատկերներ կը բերէ, որոնք աւելի աղերս ունին մեր ենթագիտակիցին հետ, կրնան «անտրամաբանական» կամ գերիրական կացութիւններ պարզել, իրարու հետ անմիջապէս աղերս չունեցող պատկերներ ստեղծել, որոնք խորքին մէջ նշանները կը հանդիսանան շատ աւելի խորունկ իրականութեան մը:

Եւ հոս, շաբաթներ ու ամիսներ անցուցած, մեռած  քաղաքը փնտռող Տղամարդը ըլլայ թէ Օտարականը, նոյն անձին երկու երեսները չե՞ն, որովհետեւ Տղամարդը կը սկսի խորհրդածել, որ Ինա քաղաքի ձիւնատարածքին վրայ իր ոտնահետքերը «անհետ կորսուած իր անառակ հոգեղբայրը` օտարական անուն երկուորեակը կարծես կը փնտռեն» (էջ 48): Անշուշտ մէկ-մէկ պատումը եսով կը շարունակուի (էջ 168), անոր միջամուխ կ՛ըլլայ Հեքիաթասացը, հոն արքայադուստրեր եւ այլ կիներ կ՛երեւին, եւ յաճախ գերիրական մթնոլորտի մը մէջ կը զարգանայ պատումը:

Քանի մը աշխարհագրական վայրեր, խորհրդանշական իմաստով, իրենց բեւեռներու միջեւ կ՛առնեն հիմնական տիպարը, որ սփիւռքահայն է, պատմական հայրենիքէն դուրս ապրող եւ իր կացութեան գիտակից հայը: Այդ վայրերը` Ուրն ու Ինա հրաշագեղ, բայց մեռեալ քաղաքներն են: Առաջինը Միջագետքը կամ Միջին Արեւելքը կը ներկայացնէ, ծանօթ նշանաւոր իր Զիկուրաթով, իսկ երկրորդը մեր Բագրատունիներու պատմական մայրաքաղաքի անուան  շրջումն է, այսինքն` Անին, որ անկախ գործին մէջ երեւցող նշաններէն` աւելի եւս կը հաստատուի, երբ կը նշուին քաղաքի կողքին գտնուող Ախուրեանի ջուրերը (էջ 245): Ասոնց կողքին երբեմն կը յիշուի նաեւ ծովը, սակայն` աւելի այլաբանական իմաստ մը առնելով:

Իր հակասութիւններուն մէջ տարուբերող կերպարը Ինայի դարպասներուն շուրջ կը դեգերի, կը փորձէ հասնիլ մեռած, մանուկ արքայի շիրիմին, կը կորսնցնէ ու կը փնտռէ իր մախաղը, կ՛ուզէ մօտենալ տոհմի յուշատետրին, կ՛իյնայ երազներու մէջ: Կը փորձէ գտնել սկիզբը այս բոլորին, որովհետեւ կ՛անդրադառնայ, որ յաճախ նոյն պարապ շրջածիրին մէջ կը գտնուի: Նոյնիսկ տեղ մը կ՛արձանագրէ. «Ո՞ւր է սկիզբը, հարցուցած էր տղամարդը օտարականին» (էջ 156): Հետեւաբար, կը տեսնենք, որ օտարականը արեւելեան որբանոցը կը յիշէ, ինչ որ անուղղակի յղում մըն է քսաներորդ դարու Սփիւռքը կազմած, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մանուկներու սերունդին, ուրկէ փախուստ տուած է:

Այսպէս, Օտարականը կը փորձէ դուրս գալ այդ արեւելեան բերդաքաղքի Փրկութեան Դարպասէն, իր բառերով` անցնիլ «պարիսպէն անդին», սակայն գրեթէ անկարելիութեան դիմաց կը գտնուի: Այս կացութեան մէջ նոյնիսկ ամենամաքուր, հարստացնող փորձառութիւնները կամ ապրումները կը սկսին այլանդակուիլ: «Շարունակութեան շարունակութիւնը» գլխուն մէջ, գեղեցիկ ձայներու երամին մէջ, ուր յղում մը կը կատարուի Ռազմիկ Դաւոյեանի «Ձայներ» բանաստեղծութեան, ահա սէրը դուրս կու գայ, եւ կը խայտայ արիւնը, կը պայծառանան աչքն ու հոգին, գինովութեան մէջ է, կարծես այս բոլորը երազ մը ըլլար, կը լսուի «Տլէ եաման»-ը, կը մտածէ, թէ ո՛ր ծովու ջուրերուն վրայ պիտի հիւսէ իր առասպելը, կ՛երեւի գեղեցիկ պատմուճաններ հագած արքայադուստրը, եւ Օտարականը կ՛անդրադառնայ, որ` «Ի սկզբանէ էր Բանն եւ Բանը նոյնինքն Սէրն էր» (էջ 87), սակայն քիչ ետք ուրիշ վեց սեւազգեստ ուրուականներ կը տեսնուին աղջկան կողքին, ան ու միւսները այլանդակ դէմքեր ու ձեւեր կ՛առնեն, ու իր երազը կը վերածուի մղձաւանջի:

Քնարավէպի ամբողջ երկայնքին տիպարին ներքին հակադրութիւնը սուր կերպով կը դրսեւորուի: Օտարական-Տղամարդը իր որոշումներուն մէջ արժանավայել ապրելու անձկութեամբ կը տառապի, հակասութիւններու մէջ կ՛իյնայ, կը փորձէ հաշտեցնել հակասական բեւեռները սփիւռքեան իր իրականութեան: Վերջիվերջոյ, հոս տուայտող ենթական տեղ մը օտարական կը նկատուի իր շրջապատէն, որովհետեւ տարբեր տեղէ եկած, տարբեր լեզուով ու մշակոյթի մէջ աճած է եւ նոյնիսկ կրնայ օտարական նկատուիլ իր պապերու հայրենիքին մէջ, որովհետեւ հոն չէ ծնած ու հոն չէ մեծցած: Այսպէս, կ՛անդրադառնանք, որ սփիւռքահայու իրականութիւնը դարձեալ հակադրութեան, առճակատումի սխեմայի մը մէջ կը տեսնուի, հակառակ անոր որ գործի երկայնքին հաշտութեան կամ համակեցութեան բազմաթիւ նշաններ կը գտնուին: Նոյնիսկ պատմող ձայնը այս երկու եզրերը կը փորձէ սահմանել: Մէկ կողմէ Օտարականը` «Ինքն իր մէջ երկփեղկուած ու միաձոյլ` միեւնոյն ատեն, ընդդէմ` իր երկակենցաղ գոյութեան» (էջ 280), միւս կողմէ Տղամարդը` «Անյիշաչար ժամանակներէ ի վեր պարսպացած արժանապատուութիւնը ցեղին, արեան ու ժառանգին արթուն տրիբունը նաեւ» ( էջ 280 ): Գործի վերջաւորութեան, հրաշալի այլակերպումով, Տղամարդը իր «արեան կողմնացոյցին թելադրանքին» հետեւելով` յաղթական դուրս կու գայ: Անշուշտ գիտենք, որ այս ցանկութեան մը դրսեւորումն է պարզապէս, նոյնիսկ երբ ան կը յայտարարէ, որ նահանջը պարտուած է ընդմիշտ, որովհետեւ միայն արեան կանչին չենք կրնար հետեւիլ, միտքը, գիտակիցը, կեանքի փորձառութիւնները նոյնքան կարեւոր ազդակներ են եւ որոշիչ դեր կը ստանձնեն: Ս. Կիրակոսեան ինք կու տայ փաստը օտարի կամ դուրսի ազդեցութեան, երբ գործին վերջին երկու գլուխները կը բանայ Եուսուֆ Էլ-Խալի եւ արաբական արածի մը մէջբերումներով, եւ բնականաբար, ինչ որ հեղինակը իր ծննդավայրի մշակոյթէն ստացած է, կողք-կողքի կը զարգանայ իր հայկական մշակոյթին հետ, նոյնիսկ եթէ Մեծարենցի «Կիրակմուտք»-ը ամբողջութեամբ կը մէջբերուի գործի վերջին գլխուն մէջ:

Վերջին տասնամեակները յատկանշող յետարդիապաշտ շրջանին գրական սեռերու միաձուլումը կամ նման սահմանումներու անտեսումը, նոր փորձարկումները եւ գրողներուն իրենք-իրենց տուած ազատութիւնը ընդհանրացած երեւոյթներ են: Գրողը, գործին մէջ,  ընդհանրապէս գիտակից է արարումի ընթացքին: Հատորի վերջին էջերուն մէջ նոյնիսկ հեղինակին ու պատմողին ձայները կը միանան, եւ ան հարց կու տայ. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակը իր քնարավէպին» (էջ 290): Գրութեանս սկզբնաւորութեան Ս. Կիրակոսեանի յառաջաբանին մասին նշումներս նաեւ այս իրողութեան փաստերն են:

Կը կարծեմ, որ գործին բուն արժէքը իր բանաստեղծական պատկերներու հոսքին եւ հարուստ արեւմտահայերէնին մէջ կը կայանայ: Գրողը կ՛ապրի լեզուի բառերով, կ՛արբենայ անոնցմով, լեզուով է, որ կը փորձէ հասնիլ իր ժառանգութեան արմատներուն եւ այդ գեղեցկութիւնը, այդ հարստութիւնը կը փորձէ փոխանցել մեզի:

* Կիրակոսեան Սարգիս, «Կարծես երազ մը ըլլար». հրատ. Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, Անթիլիաս, 2016:

Հատուած`
«
Կարծես Երազ Մը Ըլլար» Հատորէն

Պատմիչը մէկդի նետեց մագաղաթն ու գրիչը եւ պոռթկաց.

– Ի՛նչ կը կարծէք: Աղէտը ինչու խա՞ղ է: Ինչու կեանքը այսքա՞ն պարզ է: Տղամարդ ըլլալը քիչերուն շնորհուած է եւ իր սուղ գինը ունի: Կա՛մ կը վճարես ու չես գոհանար քեզի բաժին հանուած կեանքով եւ կամ ալ ոչ մէկ դահեկան կը վճարես եւ ուրախ ու զուարթ կը բաւարարուիս քեզի նուիրուած թափօնով: Կը գոհանաս, կը հրճուիս եւ անհոգ ու անտարբեր` մուրացիկի անպատասխանատու կեանքդ կը շարունակես: Այլապէս կը յօշոտեն ու կը լափեն ձեզ, հասկցա՞ք…

Տղամարդը մնաց առանձին: Ձայները ա՛լ միեւնոյն ձայները չէին, ոչ ալ` հոտերը: Ամէն բան փոխուած էր: Անճանաչելիօրէն կերպարանափոխուած: Անձկագին ու վախուորած` կը սպասէր, սակայն կիներուն ուղղութեամբ ոչ մէկ նայուածք կը նետէր: Տղամարդ էր եւ որոշած էր տղամարդու արութեամբ դիմաւորել ամէն սպառնալիք ու պատուհաս եւ ծառանալ նոյնիսկ իր կասկածներուն դէմ: Թէկուզ պարտուէր, թէկուզ մեռնէր, ըլլար բզիկ-բզիկ, իր մահը գուժող հատիկ-հատիկ աւազահատիկ, բայց մնար հպարտ ու անպարտելի, յաղթական ու արի: Չշարժեցաւ: Լսեց խեղդուկ կանչեր եւ լացուկոծ լսեց, բայց ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ, չտկարացաւ երբեք եւ մնաց անշարժ: Հայրենի հողին կառչած մանուկ թագաւորին ու շիրիմներուն պէս: Սակայն քաղաքաբնակ շնչաւոր շիրիմները պատմեցին, շաղփաղփեցին ու բամբասեցին, որ մութ գիշերով տեսած են ծովուն ուղղութեամբ ճանապարհ հարթող կորաքամակ ստուեր մը, որ իր վախերուն ու կասկածներուն վրայ նոր մութեր բարդելով` վախկոտ նապաստակի պէս խոյս տուած է իր կեանքի գիրին օր առ օր այլանդակուող հորիզոնէն եւ անհետ կորսուած` իր իսկ ստուերին մէջ:

Եւ զայրոյթ ու անէծք կտրած պատմիչը եզրափակեց.

– Այսպէս ապրեցաւ, որովհետեւ դուք չապրեցաք եւ տէր չեղաք ձեր ալեխռով ժամանակին: Մոռցաք օր ու գալիք եւ դուք ձեզ մխիթարեցիք անցեալի բորբոսած աղբով: Հրաշաքաղաքը նման բան երբեք չէր տեսած, նոյնիսկ նման պատմութիւն չէր լսած, իսկ երբ եղերամայրերն ու իրենց ստուեր կիները սխալմամբ վերադարձան, մութին արգանդէն ահագնացող զարհուրելի կաղկանձներ լսեցին եւ իրենք զիրենք անիծեցին` նման սխալ մը գործած ըլլալնուն համար: Ոմանք ըսին, թէ պատճառը քաղաքամայրը երեսուն ժանգոտած պղնձադրամի վաճառած մորթապաշտ իշխանաւորներն ու փառատենչիկ կաթողիկոսն են, ուրիշներ պատրուակեցին, թէ քաղաքին վրայ յարձակած թեւաւորներն ու սողուններն են, ուրիշներ բան մը չըսին, իրենց շրթները շարժեցին, անձայն կափկափեցին, կարծեցին, որ արդէն սկսան ճշմարտութիւնը բարբառիլ եւ գոհ ու երջանիկ նոյնիսկ խօսիլը մոռցան:

Եւ բառերը անվերադարձ գաղթեցին: Գաղթեցին` նոյնիսկ իրենցմէ առաջ եւ կամայ-ակամայ դարձան մոռացութեան մահահոտ սգահանդէս: Մնաց միայն ինք` տղամարդը, մնաց նոյն տեղը` յար եւ նման ժամանակի ու կեանքի անշեղ ուղեցոյց շիրիմներուն, իր շնչաւոր դիակին ամրօրէն կառչած մանուկ թագաւորի պէս մնաց եւ միեւնոյն տառապանքին տղամարդ բոցերէն դարձեալ բռնկեցաւ: Միայն անգամ մը, երբ ժամանակացունց յիշողութեան ցաւէն ակռաները ուժգնօրէն կափկափեցին, մեղաւոր ճգնաւորի մը խղճահար երկիւղածութեամբ փսփսաց, որ դեռ կը սպասէ: Յետոյ լռեց, ամբողջականօրէն անշարժացաւ, նոյնացաւ վայրին հետ եւ ծանօթ ու անծանօթ ձայներ զինք պաշարեցին աղէտին կրակներով:

Բայց պատմիչ հեքիաթասացը չյայտնեց, չխոստովանեցաւ նոյնիսկ իր կասկածամիտ եսին, որ անոր արեան յիշողութիւնն է, որ կը հեռանար: Կը հեռանար քաղաքը` իր ապերախտ որդիներէն, կը հեռանար ինք նաեւ` անկոչ հիւրի պէս, իր բացակայ-ներկայ ներկայութենէն կը հեռանար, ձայները կը խորասուզուէին մթին ու խորթ երկինքներու մէջ, կ՛այլանդակուէին ահեղօրէն, կը դառնային աւազ ու փոշի, աւազամրրիկ ու աւազապտոյտ, ամէն բան կը ներքաշէին իրենց անել բոլորակի ժամանակապտոյտին մէջ, մինչ տղամարդը, մինչ քաղաքամէջի կիզակէտին վրայ անկէզ մորենիի կերպարանքով ճենճերող տղամարդը անդադար կ՛ամփոփուէր ինքն իր վրայ, հեզ ու խոնարհ առաքեալի մը պէս շարունակ ինքզինք կը յայտնագործէր, կը փառաբանէր վաւերական ճշմարտութիւնը հողին ու լոյսին, կրակին ու շարժումին, մատաղացու զոհին կամաւոր երջանկութիւնը կ՛օրհնէր, կ՛աշխուժանար վախ ու անորոշ յուզումներ իրենց պոչերուն կենսուրախ մկրատներով ձեւող ծիծառներուն խայտանքով, կը հարստանար տիւ ու գիշեր զինք դէպի իր ճշմարիտ էութիւնը առաջնորդող տափաստանի գայլերուն ազատարար ոռնոցներով, կ՛ըլլար պարիսպին քարէ երազանքներէն ճառագող լոյս ու հայեացք, երկինք ու հայրենիք եւ, ներկայ ու գալիք օրերու անել բոլորակին յարաշարժ ժամանակապտոյտը փշրելով` իր արժանապատուութիւնը կը նուաճէր, ինքզինք կը հաստատէր եւ յիշողութեան ու հաւատարմութեան ոգեղէն ամրոցներուն առասպելը կ՛ամբողջացնէր:

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>