Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Սիրանուշ Գօզանլեանի Յիշատակին

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Սիրանուշ Տէկիրմէնճեան-Գօզանլեան ծնած էր Հայաշէն, բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ: Ամուսնացած էր Սարգիս Գօզանլեանին հետ` կազմելով համեստ, տիպար եւ ազգասէր ընտանիք մը: Անոնք բախտաւորուած էին երկու զաւակներով` Գրիգոր եւ Յասմիկ:

Սիրանին ամուսինը կլանուած էր իր պայուսակագործի աշխատանքով` լծակից եւ աշխատակից ունենալով իր կինը: Վերջինը իր ամբողջ հոգին եւ կեանքը դրած էր, որպէսզի լաւապէս դաստիարակէ իր զաւակները: Ան քայլ առ քայլ կը հետեւէր անոնց ուսման, ամէն ճիգ կը թափէր, որ անոնք բարձրագոյն ուսման տիրանան, ազգասէր եւ գործունեայ անհատներ դառնան: Զանոնք կ՛առաջորդէր եկեղեցի, որպէսզի Աստուծոյ շունչով մեծնան, ընկերային, բարեսէր ոգի ունենան:

Հետագային, երբ զաւակները ամուսնացան, չորս սիրասուն թոռներ ունեցաւ: Ան դարձեալ մեծ զոհողութիւններ յանձն առաւ զանոնք գոհացնելու եւ ուրախացնելու համար:

Սիրանը հոգիով շատ բարի էր եւ ներողամիտ. ոխ, քէն պահել չէր գիտեր: Առատաձեռն էր: Սեղանը միշտ բաց էր բոլորին համար: Ան լուռ կ՛օգնէր շուրջի կարիքաւորներուն:

Թող Աստուած վարձահատոյց ըլլայ քեզի՛ երկնաւոր կեանքիդ մէջ:

Սիրելի՛ Սիրան, արդէն 40 օրեր անցած են մահէդ եւ տակաւին չենք համոզուած, որ դուն չկաս, մեկնած ես անվերադարձ, մանաւանդ` ես:

Վերջին հինգ-վեց տարիներուն դարձած էինք անբաժան ընկերուհիներ, տակաւին ամէն օր կը սպասեմ հեռաձայնիդ, միշտ կ՛ըսէի. «Ո՞ւր ես, ե՞րբ պիտի գաս»: Օր չկար, որ միասին չանցընէինք: Միասին ճամբորդեցինք Եւրոպա եւ վայելեցինք սիրելի տղուդ եւ աննման հարսիդ, ինչպէս նաեւ պատուական սասունցի աւանդապաշտ խնամիներուդ հիւրընկալութիւնը: Մեզի համար անմոռանալի օրեր էին, բայց դուն մեզմէ անժամանակ բաժնուեցար: Քու դաստիարակութեանդ շնորհիւ է, որ այսօր տղադ հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներու ու հաստատութիւններու բարերարութիւն կը կատարէ:

Սիրելի՛ Սիրան, քու յիշատակդ մեր բոլորին սրտերուն մէջ միշտ վառ պիտի մնայ: Մաղթեմ, որ հոգիդ երկինքի արքայութեան արժանանայ:

Քեզ շատ սիրող բարեկամուհիդ`
ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>