ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ցեղասպանութենէն վերապրած թաքուն հայերու թեման ներկայացնող TRAUMA AND RESILIENCE. ARMENIANS IN TURKEY (ՀՈԳԵՑՆՑՈՒՄ ԵՒ ՃԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ) խորագրին տակ հատոր մըն է, որուն հեղինակը՛ Րաֆֆի Պետրոսեան, 10 ապրիլին, կազմակերպութեամբ Զուիցերիոյ ՀԲԸՄ-ի վարչութեան, Ժընեւի Հայ կեդրոնին մէջ հայերէնով ներկայացուց ԿՈՄԻՏԱՍ ՀԻՄՆԱՐԿ ի կողմէ անգլերէնով հրատարակուած իր յօդուածներու այս ժողովածուն:
Բացման խօսքին մէջ Թալին Ուզունեան-Աւագեանը, ծանօթացուց Րաֆֆի Պետրոսեանը, որ ծնած է Պոլիս, շինարար Ճարտարապետ, որպէս դաշնակահար` վկայեալ Թորոնթոյի Թագաւորական երաժշտանոցէն, ուր հաստատուած է: Ան յանդգնութիւնը ունեցած է Թուրքիոյ մէջ ապրող թաքուն հայերու ուխտաւորներու խումբով այցելութիւն կազմակերպել դէպի Հայաստան:
Պաստառի վրայ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ, Րաֆֆի Պետրոսեան ներկայացուց իր նիւթը: Առաջին տպաւորութիւնը սկսած է ըմբշամարտի ախոյեան իր «թուրք» ուսուցչին «Ապրիս» բառի փսփսուքով, երբ ինք մարմնամարզի յաղթանակ մը նուաճած էր: Ապա մեծ մայրիկը յառաջացած տարիքին պատմած է, թէ ինչպէ՛ս գաղթի ճամբուն վրայ Պուրսայի մէջ թաղած է իր տասնօրեայ զաւակը:
Պոլիս ապրող իր ծնողներու այցելութեան առիթով Րաֆֆին, Քանատայի մէջ ուսումը աւարտելէ ետք, թրքական բանակի պարտադիր ծառայութեան ընթացքին կը յիշէ դասախօսին այն արտայայտութիւնը, որ սահմանամերձ բոլոր երկիրները թշնամի համարելով` մեծագոյն թշնամին Հայ ժողովուրդն է, որ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կ՛ահաբեկէ թուրք դիւանագէտները:
Թաքուն հայերու գոյութիւնը սկսած էր` նահատակուած ընտանիքներու զաւակները պարտադրաբար որդեգրելով, աղջիկները` որպէս զաւակ կամ հարսնցու, տիրանալով նաեւ անոնց ընտանեկան կալուածներուն, իսկ տղաքն ալ` որբանոցներէն դէպի պարտադիր զինուորական ծառայութեան եւ թրքացման գործընթացի: Ասոնց թոռներէն երեւելի անձնաւորութիւններ` Ֆեթհիէ Չեթին, Թաներ Աքչամ եւ ուրիշներ բարձրաձայնեցին իրենց իսկական ինքնութիւնը:
Տիգրանակերտի մէջ շուրջ մէկ դար աւերակ մնացած իր տարածութեամբ մեծագոյն եկեղեցին վերանորոգուեցաւ եւ վերաօծուեցաւ 2011-ին, ներկայ գտնուեցան չորս հազար ուխտաւորներ, զանգակատան վերանորոգման նպաստելու համար Րաֆֆի դաշնակի վրայ յատուկ ելոյթ մը կ՛ունենայ եկեղեցւոյ մէջ, 2012 թուականին, այլ ելոյթ մըն ալ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով` 2015-ի Ապրիլի 23-ին:
Թաքուն հայերու միջեւ կապեր ստեղծելու նպատակով Րաֆֆի կը կազմակերպէ «Վերածնունդ» համացանցային խումբը, որ աշխարհասփիւռ թաքուն հայերը կը կապէ իրարու հետ եւ, այսպիսով, կ՛իրականանան դէպի Հայաստան ճամբորդութիւնները: Մասնակիցները` 9 տարեկանէն մինչեւ 85 տարեկան, առաւօտուն կը հետեւէին հայոց լեզուի դասընթացքներու: Սելիմ, որ Սեւակ վերանուանուեցաւ, մնաց Հայաստան, ուր բարձրագոյն ուսման հետեւելէ ետք, յաջորդ տարի որպէս առաջնորդ ինք գլխաւորեց շրջապտոյտը:
Իրենց ինքնութեան վերադարձը հաստատելով` երկու հոգի մկրտուեցան, մին Սամին էր, որ կատարեց իր հօր խնդրանքը, վերանուանուեցաւ Ստեփան, միւսն ալ` Ռահիմէ Գարագաշը, որ ամուսնացած էր մոլեռանդ մահմետականի մը հետ, նախատեսելով բոլոր դժուարութիւնները` ժառանգեց իր մեծ մօր անունը Անժել:
Ցեղասպանութեան պատճառով թաքուն Հայերը տարածուած են` Ուրֆա, Այնթապ, Տէրսիմ, Վան, Մուշ, Սասուն, Տիգրանակերտ եւ Համշէն, այս վերջինները Սեւ ծովու ափերուն արդէն իսլամացած են երեք-չորս դարեր առաջ, ունին յատուկ բարբառ մը, որ նախապէս չէին գիտեր, թէ հայերէնին հետ կապ ունի, աւելի ուշ միւս շրջաններուն հետ սկսաւ այս գաւառի ինքնագիտակցութիւնը` արեան կանչը:
Ցեղասպանութենէն առաջ Արեւմտահայաստանի գաւառներուն մէջ կանգուն էին երկու հազար եւ հինգ հարիւր եկեղեցի եւ ութ հարիւր դպրոց, այժմ անոնցմէ մնացած է հինգ գործող եկեղեցի եւ ոչ մէկ վարժարան, Պոլսոյ մէջ պահպանուած կը մնան երեսունհինգ եկեղեցիներ եւ քսան կրթական օճախներ:
Թուրքիոյ մէջ 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քրտական` ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը յաղթանակեց` երկրի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան սահմանամերձ բոլոր նահանգներուն մէջ, ուր կը բնակի քիւրտ փոքրամասնութիւնը: Ասոնց անմիջական դրացիները եղան Իրաքի, Իրանի, Հայաստանի եւ Սուրիոյ սահմաններուն բնակող քիւրտերը, ինչ որ մտահոգեց թուրք պետութիւնը եւ ձեռնարկեց այդ շրջաններու մէջ զինուորական գործողութիւններու: Այս ընթացքին կրկին անգամ քանդուեցաւ Տիգրանակերտի մէջ վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Անցեալ մարտին սկսան վերանորոգութեան աշխատանքները:
Վերյիշելով հանգուցեալ Ճորճ Աբէլեանի «ՑԿԵԱՆՍ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ» ու վերջերս լոյս տեսած`Աւետիս Հաճեանի SECRET NATION հատորները եւ ունկնդրելէ ետք Րաֆֆի Պետրոսեանի գիրքին ներկայացումը: Կարելի է հաստատել, որ մեր սրբադասուած նահատակներուն զուգահեռ, ժամանակն է լուսարձակի տակ առնել եւ համահայկական կարեւորութիւն ընծայել գրաւեալ հողերու վրայ ապրող թաքուն հայերու գոյութեան, որոնք ցեղասպանութեան ապրող զոհերն են: Արեւմտահայաստանի մեր պահանջատիրութեան գործընթացը զօրացնող եւ իրաւական տէրը հանդիսացող մեր արիւնակիցները կարեւորագոյն սատարողները պիտի ըլլան մեր անժամանցելի Դատի եւ հողային պահանջատիրութեան յաղթանակին:
Ժընեւ