ՄԱԿԱՐ
Երեւանը գարնան արեւու մէջ կը լողայ: Ազնաւուրի այգին ենք: Թոշակառուներ կան, եւ մանուկներ կը խաղան: Արմենակ հոս ալ կը պտտի հայերէն թերթ ու գիրքով: Այդպէս կը տպաւորէր փարիզցիները: Երեւանի մէջ զարմանք չի պատճառեր:
– Մակա՛ր, ամէն քայլափոխի Թումանեան եւ 150-ամեակ կը լսեմ: Ոչ ոք կ’ըսէ, թէ ան միայն բանաստեղծ չէր եւ ինչե՜ր ըսած է ժողովուրդի մասին:
– Տրտունջները չեն յիշուիր: Ժառանգութիւնը կարեւոր է,- ըսի:
Արմենակ շարունակեց.
– Մարդիկ ժամանակ չունին եւ հետաքրքրուած չեն բանաստեղծութեամբ ու գիրքով, Թումանեանի գէթ ֆաքիրի իմաստութիւնը լսելի պէտք է դարձնել:
– Ի՞նչ ըսած է ֆաքիրդ:
– Ինչե՜ր: Ան ձաղկած է, պոլսեցիներու սիրած բառով, մեր թեթեւսոլիկութիւնը, երբ ըսած է` «Մենք քաղաքակրթուած ենք միայն մեր շորերով, լուսաւորուած ենք միայն վկայականներով…»: Բնակչութեան թիւը կը գերազանցեն բջիջայինները, եւ քանի մը տարիէն աւտոները` բնակչութեան համրանքը: Իսկ կերպասի եւ հիւսուածքի խնայողութիւն պիտի ըլլայ, քանի որ կանանց շորերուն համար սպառումը պիտի նուազի` որպէս քաղաքակրթութեան նշան:
– Մի՛ զարմանար, աշխարհ է, հին օրերու զրկումները կը դարմանեն:
– Ճիշդ այդ պատճառով ալ ըսած է. «Մարդիկ քիչ են, գազանները` շատ: Եւ այժմ ապրում ենք մի ժամանակ, երբ մեծ ասպարէզ կայ մարդու էդ վայրենի բնազդին…»: Ինչ որ կը բացատրէ համատարած ընչաքաղցութիւնը եւ անոր ծառայ`կոռուպցիան:
– Այդ նոր չէ: Փիլիսոփայ Հոպզ ըսած էր` «Մարդը մարդուն գայլն է»:
– Հոս ամէնքն ալ ուսումնական են, պոլիտեխնիկ եւ բանասիրական ըրած են: Թումանեան այդ ալ մարգարէացած է եւ` ըսած, որ` «Աւաղ, կարծես թէ ի զուր են ապրում ու անցնում մեծ փիլիսոփաները, մեծ գիտնականներն ու մեծ բանաստեղծները, ազգերի համար մեծ մասամբ նրանք հանդիսանում են լոկ որպէս շքեղ զարդարանքներ»: Կարծես` հարսնցուի օժիտ:
– Սիրելի՛ս, սպառողական ընկերութենէն ամէն ոք օգտուելու իրաւունք ունի: Կ’ուզես, որ մարդիկ այս կամ այն մեծ գաղափարներու համար զրկուա՞ծ ապրին:
– Մակա՛ր, փիլիսոփայ ըլլալէ ձեռք քաշէ՛: Հոս հայու հայրենիք է, Մեսրոպի հայերէնը բութ դանակով կը մորթեն` փողոցը, հեռատեսիլէն, Ազգային ժողովին մէջ: Իմաստուն Թումանեանը ըսած է. «Լեզուն է ամէն մի ժողովրդի ազգային գոյութեան ու էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւնների ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»: Առանց այդ հոգիին եւ գանձարանին` կը բազմանան ծագումով հայերը, նաեւ` հայրենիքի մէջ:
– Արմենա՛կ, վա՛ր իջիր, խօսէ՛ երկրի վկայականներով զինուածներուն հետ եւ իրատե՛ս դարձիր: Անոնք կ’ըսեն, որ լեզուն կը յառաջդիմէ, իսկ դուն հայերէնը կ’ուզես պահել` որպէս թանգարանի փայլեցուած զարդ:
– Մակա՛ր, Թումանեանն է ճիշդ, ան է ազգապահպան, միւսները` ներսը եւ դուրսը, դրամի փերեզակներ են կամ փառքի վաշխառուներ: Ինծի ըսէ՛, թէ ինչպէ՛ս Թումանեանը պիտի մտնէ Ազգային ժողով, հեռատեսիլ եւ հայ մարդոց տուները:
Արմենակ հարցուց եւ գնաց: Ինք` ֆաքիր, գիտէր, որ պատասխան չունէի:
27 ապրիլ 2019, Երեւան