Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Ինչ Անողոք Է Այս Ճակատագիրը… (Վարդան Գնդունիի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ  

Երեկոն շուտ մթնցաւ այդ օր… սակայն առաւօտը պիտի ուշանար լուսնալու: Գոյժը ծանր լախտ էր, ցնցող ու անհաւատալի` միաժամանակ: Ինչպէ՞ս կարելի էր հաւատալ, որ ան` Վարդանը, բարի ու ազնիւ նկարագիրով բոլորին ծանօթ երիտասարդը, առանց մնաք բարով մը իսկ ըսելու իր հօր, իր մօր, քրոջ ու եղբօր, յանկարծ հրաժեշտ պիտի առնէր կեանքէն` խոր սուգի մատնելով հսկայ գերդաստան մը: Բայց ինչո՞ւ է մարդկային ճակատագրին դառնութիւնը:

Բայց ինչո՞ւ է ճակատագրին սառնութիւնը:

Բայց ինչո՞ւ է այս սխալ տնօրինումը… միթէ ա՞յս է աստուածային արդարութիւնը կեանքի եւ մարդկանց: Ա՞յս պիտի ըլլար տարաբախտ Վարդանին վիճակուած սեւ ու անընդունելի բախտը: Կան երեւոյթներ, ուր կանգ կ՛առնէ մարդկային տրամաբանութիւնը, եւ մենք կը սկսինք անիծել` կեանք, բախտ, պատահականութիւն ու չենք հաշտուիր կատարուած երեւոյթի հետ, որ լեղի է:

Աշխատասէր էր Վարդան,  Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի յաջողակ սաներէն, որ կանուխ տարիքէն նետուած էր կեանքի ասպարէզ` յաղթահարելու համար տիրող տնտեսական պայմանները, եւ շնորհիւ իր ջանասիրութեան` գնահատուած էր շրջապատէն: Դուռ-դրացի` բոլորը կը սիրէին զինք, որովհետեւ ան ունէր համեստ նկարագիր, պարզ վերաբերմունք, խոհեմ ու լուրջ ապրելակերպ եւ հայ երիտասարդի մը յատուկ բոլոր բարենիշերը:

Իր նման ազգային տոկուն նկարագիր, ամուր հաւատք ու պայծառ տեսիլք ունեցող գիտակից հայ երիտասարդի մը համար ազգային բացառիկ արժէքներ էին եւ անհաս կատարներ` հայրենիք, ազգ, եկեղեցի եւ հայ հասարակութիւն: Վարդան` փոքր տարիքէն հետեւելով իր հօր օրինակին, եւ ընտանեկան տաք մթնոլորտի մէջ ստացած ըլլալով աւանդական տոհմիկ կրթութիւն ու ընտանեկան սովորոյթներ` մասնաւոր սէր ու հակում ունէր դէպի հայկականը, դէպի հայ արուեստը, մշակոյթն ու գրականութիւնը:

Հաւանաբար քիչեր գիտեն, որ տարիներ շարունակ Վարդան Գնդունի կամաւորաբար ու հետեւողական կերպով օգնեց կարիքաւոր ընտանիքներուն` լուռ հասնելով անոնց, իր աշխատավարձէն բաժին տրամադրելով: Այդ մասին ո՛չ միայն չէր խօսեր ինք, այլ չէր ուզեր, որ մարդիկ եւս խօսին:

Անոր մահուան բօթը անհաւատալի էր բոլորին համար: Չէ՞ որ ունէր երիտասարդական շատ մը երազներ, ծրագիրներ, նպատակ ու հեռաւոր տեսիլք,  որոնք պիտի իրականանային… Բայց ինչո՞ւ համար մահը աճապարեց գալ Վարդանի մօտ ու զգետնեց զինք: Հարցումներ են, որոնք պիտի մնան անպատասխան… Կեանքի ու մահուան գաղտնիքն ու փիլիսոփայութիւնն է սա, որուն հետ չենք կրնար հաշտուիլ մեր կամքէն անկախ, որովհետեւ սիրելիի մը, հարազատի մը եւ ազգակիցի մը անժամանակ մահը անընդունելի է, հակառակ անոր որ գիտենք, թէ բոլորս ալ մահկանացու ենք եւ մեկնելու ենք այս աշխարհէն ուշ կամ կանուխ:

Վաղամեռիկ Վարդանի բացակայութեան ցաւը դժուար է բառերով մեկնաբանել: Անոր մահը կրակ էր, որ այրեց սիրտ ու հոգի: Անոր մահով դժբախտացան Գնդունի ընտանիքի բոլոր անդամները` հայր, մայր, քոյր ու եղբայր ու հարազատներ: Կը փորձեմ մխիթարական խօսք մը ըսել` մեղմացնելու համար անոնց վիշտը… Միակ մխիթարութիւնն այն է, որ նման նկարագիրով, բարի, համեստ ու ազնիւ երիտասարդ մը վստահաբա՛ր արժանի է երկինքի խոստացուած արքայութեան: Աստուած լուսաւորէ հոգին:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, լա՛ճ տնաւեր… ի՞նչ ըրիր:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>