Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

1-5 Մայիս 1920, Հայաստանի Հանրապետութիւն. Մայիսեան Խռովութեանց Դառն Դասերը

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մայիսի առաջին օրերը Հայաստանի մէջ եղան պատմական մեծ նշանակութեամբ յատկանշուող տագնապալի եւ դաժան օրեր` բախտորոշ անդրադարձ ունենալով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ ընթացքին վրայ:

Մայիս 1-ի Աշխատաւորական օրուան տօնախմբութիւնները, 1920-ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ: Քանի մը օր առաջ` 28 ապրիլին խորհրդայնացած Ազրպէյճանի կարմիր իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան` պահանջելով, որ հայկական բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը` կարմիր բանակայիններու մուտքին առջեւ: Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կառավարական-պաշտօնական շուքով կատարուող մայիս 1-ի հանդիսութեանց հետեւող ժողովրդային խուռներամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպասէր իր կառավարութեան պատասխանին: Կասկած չկար, որ հայկական բանակը պէտք չէր լքեր հայրենի հողը, ընդհակառակն, պարտաւոր էր ամէն գնով պաշտպանել Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնը` ազրպէյճանական ներխուժումին դէմ: Բայց Ազրպէյճան արդէն -կարմիր Ռուսիոյ դրօշը պարզած էր եւ անոր անունով վերջնագիր յղած էր Հայաստանի:

Հայկական անձկութիւնը ունէր նաեւ ներքին անհանգստութեան աղբիւր մը: Աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրը տօնող հայ աշխատաւորներու, յատկապէս գիւղացիներու բազմահազարանոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտակարգ աշխուժութիւն կը դրսեւորէին Մարքսի ու Լենինի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկներու փոքրաթիւ խումբերը, որոնք կարմիր Ռուսիոյ ուղղուած զօրակցական կարգախօսքերու շարքին` նաե՛ւ Հայաստանի կառավարութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը պահանջող կոչեր կը վանկարկէին…

Մայիս մէկի երեւանեան հաւաքը, անշուշտ, անտեսեց հայ պոլշեւիկներու անհեթեթ կոչերը եւ ցուցադրականօրէն, հրապարակա՛ւ, որդեգրեց համաժողովրդային բանաձեւ մը, որ նախ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէր տեղի չտալ ազրպէյճանական սպառնալիքին առջեւ, ապա համոզում կը յայտնէր, որ կարմիր Ռուսիան ընթացք չի տար ազրպէյճանական հակահայ գրգռութեանց:

Լենինեան Ռուսիոյ կապուած այդօրինակ յոյսերն ու ակնկալութիւնները անհիմն դուրս եկան: Քեմալի հետ գաղտնի գործարքի եւ զինակցութեան մէջ մտած պոլշեւիկեան Ռուսիոյ ոչ միայն ընթացք տուաւ ազրպէյճանական գրգռութիւններուն, այլեւ ուղղակիօրէն ինք նախաձեռնարկ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ կարմիր բանակայիններու գրոհին:

Մինչ այդ ազրպէյճանական հալածանքէն փախուստ տուած եւ Հայաստան ապաստանած հայ պոլշեւիկները Անդրկովկասի համայնավար ղեկավարութենէն հրահանգ ստացան խռովութիւններ առաջացնելու եւ Հայաստանի խորհրդայնացման «պայքար»-ը սկսելու…

Թէեւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ մեր ժողովուրդը հաստատակամ կանգնեցաւ իր կառավարութեան կողքին եւ պահանջեց դիմագրաւել թէ՛ Կարմիր բանակի Զանգեզուրի ուղղութեամբ ներխուժումը, թէ՛ հայ պոլշեւիկներու ապստամբական գրգռութիւնները, այսուհանդերձ, Երեւանէն դուրս, յատկապէս` Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմու Գիւմրին), մայիս մէկէն սկսեալ պոլշեւիկեան խռովութիւնները թափ հաւաքեցին: Ալեքսանդրապոլը յառաջապահը դարձաւ մայիսեան խռովութեանց յատկապէս այն պատճառով, որ հոն տեղակայուած հայկական բանակի զրահապատ «Վարդան Զօրավար» գնացքին հրամանատարը` զօրավար Մուսայէլեան, միացաւ խռովարարներուն, ըմբոստացաւ իր իսկ կառավարութեան դէմ եւ հռչակեց ստեղծումը Հայաստանի ռազմայեղափոխական կոմիտէի մը, որուն ինքնակոչ նախագահն ու ռազմական կոմիսարը եղաւ ինք` զինակից ունենալով Աւիս Նուրիջանեանն ու Արտաշէս Մելքոնեանը` իբրեւ արտաքին եւ ներքին գործերու կոմիսարներ…

Ալեքսանդրապոլի ապստամբութիւնը բնականաբար անպատասխան չմնաց: Մայիս 3-ին Հայաստանի խորհրդարանը գումարեց արտակարգ նիստ, ուր կառավարութեան կողմէ արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեանը զեկուցեց Խորհրդային Ազրպէյճանէն ստացուած վերջնագրին, անոր ետին կանգնած Լենին-Քեմալ գաղտնի բանակցութեանց, ինչպէս նաեւ անոր ընկերա-ցող Հայաստանի ներքին խռովութեանց արտաքին հրահրումին մասին: Ծայր աստիճան բուռն քննարկումներ կատարուեցան. խորհրդարանի անդամ սոցիալիստ-յեղափոխական եւ սոցիալ-դեմոկրատ պատգամաւորները հանդէս եկան կարմիր Ռուսիան պաշտպանողի դիրքերէ` պնդելով, որ Կարմիր բանակը չ՛երթար Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորտակելու քայլին: Նոյն պատգամաւորներուն կողմէ եղան նաեւ արտայայտութիւններ, որոնք մայիս մէկի եւ անոր հետեւող օրերու ընթացքին տեղի ունեցած խռովութեանց արդարացում կը փորձէին գտնել` զանոնք նկատելով հայ աշխատաւորներու ընկերային արդար դժգոհութեանց դրսեւորումներ: Բայց Հայաստանի խորհրդարանը ընդհանրապէս կողմնակից գտնուեցաւ աւելի վճռական քայլերու թէ՛ ներխուժող զօրքերուն եւ թէ՛ ներքին խռովարարներուն դէմ:

Այդ պայմաններուն մէջ, մայիս 4-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունեցաւ ներքին ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը` ՀՅԴ Բիւրոյի, վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան դաշնակցական նախարարներուն, Հայաստանի խորհրդարանի դաշնակցական ֆրակցիայի պատասխանատուներուն եւ ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:

Օրակարգի միակ նիւթը եղաւ դիմագրաւումը Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան սպառնացող օրհասական վտանգին: Վարչապետ Ալ. Խատիսեանի համախոհական (քոալիսիոն) կառավարութիւնը սպառած էր իր հնարաւորութիւնները եւ եկած էր պատմական պահը` վճռական դիրքորոշումի եւ համապատասխան քայլերու:

ՀՅԴ խորհրդակցութիւնը յանգեցաւ միահամուռ այն եզրակացութեան, որ հարկ էր պոլշեւիկեան ներքին խռովութիւնները իրենց սաղմին մէջ խեղդել, միաժամանակ, Խորհրդային Ռուսիոյ հետ բարձրագոյն մակարդակով բանակցութեանց մէջ մտնելով հանդերձ, բոլոր ուժերով զօրացնել հայոց բանակին դիմադրութիւնը ազրպէյճանական կարմիր համազգեստաւորներու հակահայ արշաւանքին դէմ:

Մանաւանդ որ պատերազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի հրահանգով Զանգեզուրը, յունուարէն սկսեալ, օգնական ուժ կը հասցնէր Արցախին, ուր նախ մուսաւաթական, ապա կարմիր ազերիներու արշաւանքները դադար չունէին: Գարեգին Նժդեհ արդէն ուղարկուած էր Զանգեզուր, հայկական բանակը լծուած էր արեւելեան եւ հիւսիս արեւելեան ճակատներու ամրապնդման զօրաշարժին, եւ Ժամանակն էր, որ իրեն պարտադրուած պատերազմի մէջ յայտնուած հանրապետութեան կառավարութիւնը դիմէր համապատասխան քայլերու:

Մայիսեան խռովութիւնները ճզմելու մայիս 4-ի պատմական դժուարին որոշումին զուգահեռ` Հայ յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վճռեց իր վրայ վերցնել ամբողջական պատասխանատուութիւնը նորանկախ հայրենիքի պետական ղեկավարումին` ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ իշխանութիւնը Բիւրօ-կառավարութեան ձեռքը կեդրոնացնելու որոշումը:

Յաջորդ օրը` մայիս 5-ին, վարչապետ Ալ. Խատիսեան Հայաստանի խորհրդարանին ներկայացուց իր համախոհական կառավարութեան հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ: Խորհրդարանը անմիջապէս հաստատեց նաեւ կազմութիւնը Բիւրօ-կառավարութեան` վարչապետութեամբ բժիշկ Համօ Օհանջանեանի` պատերազմական եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները վստահելով Ռուբէն Տէր Մինասեանին:

Անմիջապէս կ՛արժէ հոս ընդհանուր գնահատանքը կատարել հանրապետութեան պետական ղեկը ամբողջապէս իր ձեռքը կեդրոնացնելու Դաշնակցութեան պատմական որոշումին:

Խորհրդահայ պատմագրութիւնը եւ պոլշեւիկեան քարոզչութիւնը, ամբողջ եօթը տասնամեակ, միայն նզովեցին պատմական այդ քայլը` իբրեւ «հայ աշխատաւորութեան» եւ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի «յաւերժական միութեան» դէմ ուղղուած «կործանարար» որոշում մը:

Նաեւ Հայաստանի վերանկախացման մերօրեայ շրջանին, 1988-ի նախօրէին, 1990-ականներուն թէ հետագային, մինչեւ այսօր, լսելի են հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերէ հնչող ձայներ, որոնք «ուշացած մարգարէի» դիրքերէն կը քարոզեն այն «իմաստութիւնը», որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ բան կրնար շահիլ (եղե՜ր), եթէ 1920-ի մայիս 4-ին Դաշնակցութիւնը կամովին իշխանութիւնը զիջէր պոլշեւիկներուն…

Այդօրինակ «իմաստութիւն» քարոզողները չեն ուզեր դաս քաղել պատմութենէն:

Չեն անդրադառնար, որ կարմիր դրօշ պարզելու պարագային անգամ, Հայաստանն ու հայութիւնը առանձնաբար տալիք չունէին լենինեան Ռուսիոյ, որուն Անդրկովկաս վերադարձի ռազմավարութիւնը կը հիմնուէր առերես խորհրդայնացած Ազրպէյճանի եւ քեմալական Թուրքիոյ հետ ռազմավարական դաշինքի իրագործման վրայ, որուն գինը դատապարտուած էինք մենք վճարելու ազգովին` մեր հողերէն եւ անկախութենէն:

Մայիս 5-ին, վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուց եւ ՀՅԴ Բիւրոն ստանձնեց հանրապետութեան պետական ղեկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը` բժիշկ Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ կառավարութիւն մը առաջացնելով:

Այսպէ՛ս, 1920-ի մայիս 1-էն 5 պատահած խռովութիւնները սեւ ու մուր խարան մը դարձան հայ քաղաքական մտքի ճակտին:

Առանց անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ամբողջ դարեր ապրելէ ետք, յատկապէս` թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հազիւ վերականգնած, ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ դաւադրական խռովութեանց դիմեցին հայ քաղաքական գործիչներ` կարմիր բանակայիններու եւ թուրք-ազրպէյճանական ասպատակողներու օժանդակութեամբ եւ զէնքի ուժով տապալելու համար հայոց պետականութիւնը:

Սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան դէմ բռնաշրջումի նման փորձ հազուադէպ պատահած է ազգերու պատմութեան մէջ: Հայ պոլշեւիկները սայթաքումի նմանօրինակ ամօթալի «ժառանգութիւն» մը թողուցին հայոց պատմութեան էջերուն:

Դաժան ու դառն դասերով յատկանշուող «ժառանգութիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սերունդին, ե՛ւ գալիք սերունդներուն վրայ պարտք կը դնէ չկրկնելու ազգային-պետական առումով ծանրագոյն այդ յանցագործութիւնը` հայրենադաւութեան ահաւոր փորձութիւնը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>