Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 29 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Մարկօ Կոտալազեանը: Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Ապա Մարկօ Կոտալազեանը նշեց, որ 104 երկար տարիներ ետք հայ ազգը տակաւին կը սպասէ միջազգային ատեանի արդար դատավճիռին: Ան յուսադրիչ քայլեր նկատեց կարգ մը պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ ըսաւ, որ ուշ կամ կանուխ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, եւ մենք պիտի վերատիրանանք մեր բռնագրաւեալ հողերուն ու իրականացնենք մեր դարաւոր երազը` ամբողջական, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:
Մարկօ Կոտալազեանը նշեց, որ ապրիլեան նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու համար դաստիարակչական յանձնախումբը ընտրեց Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկին դաջուածքները» վաւերագրական ժապաւէնը, որով բեմադրիչը վարագոյր մը կը բանայ հայ կոյսերու հսկայ փաղանգի մը ապրած այլ տեսակի նահատակութեան մը վրայ: Նահատակութիւն մը, որ կը սպաննէ անոնց անարատ հոգիները, կ՛արատաւորէ անոնց մաքրամաքուր մարմինները, կը պղծէ անոնց առաքինի կուսութիւնը:
Իր խօսքի աւարտին Մարկօ Կոտալազեանը կոչ ուղղեց ներկաներուն` մեր նախնիներուն սրտաճմլիկ յուշերը ամենայն հարազատութեամբ փոխանցելու մեր զաւակներուն, որպէսզի պատրաստենք յանձնառու, պահանջատէր հայորդիներ: Մեր զաւակները հմուտ են 21-րդ դարու արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներուն եւ աւելի հնարաւորութիւն ունին աշխուժացնելու Հայ դատը, եզրափակեց ան:
Ապա ան ներկայացուց կենսագրականը օրուան բանախօս, «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեանի եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու «Տատիկին դաջուածքները» վաւերագրական ժապաւէնը:
Ն. Բարսեղեանը իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես եղած, սակայն բարեբախտաբար վերապրած, իրենց տեսած ու ապրած ահաւորութիւնը յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցած մեր հարազատներուն պատմութիւնները շա՜տ ու շատ են, նաեւ շա՜տ ու շատ են տակաւին չբացայայտուածները, որոնք պատմուած են, սակայն չեն գրուած:
Ան Հայոց ցեղասպանութիւնը իւրաքանչիւր ընտանեկան ծառին հիմնական կոճղերէն մէկը նկատեց, ուր կանգ առած է ամէն բան` քիչ անց կրկին շարունակուելու համար, իսկ շարունակութեան արմատին մէջ կայ պատմութիւնը վերապրումի` տանջանքով, չարչարանքով, տառապանքով եւ մեծ ցաւով ողողուած: Սպանդի կամ վերապրումի պատմութիւնները լոկ պատմութիւններ չեն, այլ անոնք պատգամ են ու կտակ` յառաջիկայ սերունդներուն:
Նորա Բարսեղեանը անդրադարձաւ մութի մէջ մնացած պատմութիւններուն եւ մատնանշեց, որ վերապրողներն ու անոնց շրջապատը ամօթ նկատած են այդ մասին խօսիլը, որովհետեւ անոնք Ցեղասպանութեան ընթացքին կիներու ու աղջիկներու բռնաբարման եւ անոնց կրած տարատեսակ չարչարանքներուն կը վերաբերին: Տարիներ շարունակ ճնշելով` փորձ կատարուած է դուրս հանել այդ յիշողութիւնը, բայց եւ այնպէս անիկա յիշողութեան սահմանէն անդին անցած է, որովհետեւ տուեալ կիներուն հոգեկանին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է եւ կամայ-ակամայ շարունակուած է փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ: Իսկ կայ նաեւ մերժողական վերաբերմունքը, զոր ցուցաբերուած է այս կիներուն նկատմամբ, երբ անոնք վերադարձած են հայութեան գիրկը: Յատկապէս դժուար եղած է պարագան դաջուած (թաթու ունեցող) կիներուն, որոնց մօտ բացայայտ է իրենց հետ պատահածը, եւ անոնց կը վերաբերի Սիւզան Խարտալեանին ժապաւէնը: Ենթադրաբար այդ դաջուածքները ցոյց կու տան մարդու ազգային պատկանելիութիւնը, իսկ հայ կիները դաջել` կը նշանակէ ջնջել հայկական ինքնութիւնը եւ անոնց ընդունիլ տալ նոր ինքնութիւն, որ դաջուած է դէմքին: Ասիկա այնքան ահաւոր բան եղած է, որ որոշ կիներ շպարի միջոցով փորձած են թաքցնել Ցեղասպանութեան ժամանակ եղած անջնջելի դաջուածքները կամ ենթարկուած` յատուկ բուժումներու, որոնց միջոցով փորձած են ազատիլ այդ դաջուածքներէն:
Նորա Բարսեղեանը թուեց այն դրդապատճառները, որոնք պատճառ հանդիսացած են Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկին դաջուածքները» ժապաւէնի ծնունդին, ինչպէս` Ռուանտայի մէջ բռնարարքներու ենթարկուած կիներու վկայութիւններ, Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանին մէջ գտնուող դաջուած աղջիկներու լուսանկարներ: Ժապաւէնը անհատական պատմութիւն է, որ աւելի շատ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան ձգած հոգեբանական հոգեխոցի հետեւանքները:
Սիւզան Խարտալեանը յանդգնութեամբ եւ առանց տատամսելու կը բանայ այդ պատուհանը, նաեւ` խիզախութիւնը ունենալով անոր ընդմէջէն իր ընտանեկան ամէնէն նուրբ ծալքերը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու, որպէսզի համայն աշխարհը գիտնայ, թէ 1915-ի Մեծ եղեռնին պատահած ահաւորութիւններէն տակաւին շատ բաներ մութի մէջ մնացած են, սակայն անոնց ազդեցութեամբ ապրած են սերունդներ: Տարիներ շարունակ իրենց տան վերեւի բնակարանին մէջ ապրած, վախազդու, խոժոռադէմ, սենեակին մէկ անկիւնը նստող եւ մանուկները սիրելու տրամադրութենէ ամբողջովին զուրկ մեծ մօրը (Ս. Խարտալեանի) դաջուածքները բեմադրիչի ժապաւէնին ողնասիւնը կը կազմեն, ու Սիւզան Խարտալեանը կը հետապնդէ այդ տարօրինակ նշանները, որպէսզի հասնի անոնց «ծնունդի» պատճառներուն եւ մանրամասնութիւններուն:
Մեծ մօրը ճամբով բեմադրիչը նաեւ կը բանայ ցարդ արգիլուած նկատուող թղթածրար մը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք հայ կիներուն ենթարկուած բռնաբարումներուն, բռնարարքներուն, անոնց ետին գոյութիւն ունեցող թշնամիին մարտավարութեան, անոնց ունեցած հետեւանքներուն… Ժապաւէնը ուրոյն ոճով լուսարձակի տակ կ՛առնէ միշտ շշուկով խօսուած նիւթ մը` բարձրաձայն եւ համայն աշխարհին հասանելի ուժգնութեամբ, որպէսզի հաստատէ, որ այդ կիները յանցագործներ չէին, այլ` զոհեր, հաստատելով, որ տասնամեակներ շարունակ անարդար վերաբերումի արժանացած կիներուն դատը լոյսին բերելով` զանոնք պաշտպանելու պահը հասած է…
Սիւզան Խարտալեանը իր ժապաւէնի ծննդոցին մասին կ՛ըսէ. «Ուսումնասիրութիւններուս ընդմէջէն զարգացաւ այն միտքը, որ ցեղասպանութիւններու ընթացքին բռնաբարումները, կիներու դէմ գործադրուած ոտնձգութիւնները, ուղղակի սեռային բռնութիւնները, որոնք ահաւոր են ու զզուելի, կը նկատուին պատերազմի յատուկ մարտավարութիւն: Այս մարտավարութեամբ թշնամին «կ՛իւրացնէ» կիներն ու երեխաները, նաեւ սերնդագործութեան իմաստով «յաղթած» կ՛ըլլայ. ան ո՛չ միայն զանոնք ֆիզիքապէս կ՛ոչնչացնէ, այլ նաեւ կիներու մակարդակին կը հասնի, եւ իր ծիները «կը յաղթեն», իսկ ծնող մանուկը կ՛ըլլայ խառն»:
Սիւզան Խարտալեանը իր տեսած լուսանկարներուն մէջ նկատած է կին մը, որ դաջուած էր. ցնցուած է կնոջ դէմքին վրայ եղող դաջուածքներէն, զորս ինք տեղ մը տեսած է. յանկարծ յիշած է, որ մեծ մայրը ունէր անոնցմէ…
«Խորքին մէջ ժապաւէնը հետախուզական արշաւ մըն է, մէկ տեղէն միւսը կ՛երթամ պատասխաններ գտնելու համար, կ՛երթամ Լուսիային (մեծ մօրս քոյրը), ան կը փակէ դուռը եւ իրականութեան մասին չ՛ուզեր խօսիլ, կը փորձեմ ուրիշներ գտնել, կը հասնիմ Հայաստան, ուր կը հանդիպիմ կնոջ մը, որ աւելի համարձակօրէն կը խօսի այս մասին եւ կ՛ըսէ, որ թուրքերը մեր թաղերը պոռնկանոցի վերածեցին: Առաջին անգամ ըլլալով այսքան բացայայտ կերպով կը խօսուի սեռային տարբեր երեւոյթներու մասին, զոր ունեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած կիներն ու այրերը»:
Նորա Բարսեղեանը ըսաւ, որ Սիւզանին համար կացութիւնը բաւական բարդ կը դառնայ` անձնականը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու իմաստով, սակայն ինք կ՛որոշէ ընել այդ մէկը:
Ժապաւէնին ճամբով Սիւզան Խարտալեանին կոչը հետեւեալն է. «Ժապաւէնին միտք բանին այն է, որ հայ ընտանիքի խնդիրներուն ընդմէջէն կը բանայ թղթածրարը մեր այսօրուան ընկերային հարցերուն, բնականաբար, եթէ կ՛ուզենք տեսնել զանոնք, այլապէս կրնանք նորէն շարունակել այնպէս, ինչպէս որ է: Ես կ՛ուզեմ, որ անոնք, որոնք այս ժապաւէնը դիտեն, մեր հայութեան առնչուած մեծ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին խօսին, որովհետեւ մենք այլեւս պէտք է պատասխան տանք այս բոլոր հարցերուն»:
Իր խօսքի աւարտին Նորա Բարսեղեանը ըսաւ, որ այսօր, Ցեղասպանութենէն դար մը ու չորս տարի ետք, դիւրին է խօսիլ այս բոլորին մասին, այպանել թուրքին բռնութեան ենթարկուած կիները, մեղադրել դաջուածք ունեցողները, սակայն պէտք է վերադառնալ 104 տարի առաջ եւ մտածել, թէ որքա՛ն ահաւոր դէպքեր ապրած են այս կիները, սակայն ինկած ու կրկին ոտքի կանգնած են, որպէսզի պահեն ազգին շարունակականութիւնը:
«Սիւզան Խարտալեանին ժապաւէնը տարբեր կարծիքներու ծնունդ պիտի տայ անպայման, սակայն կը մնայ մէկ հիմնական իրականութիւնը, որ մեր վերապրողները, ինչերու ալ ենթարկուած ըլլան անոնք, հերոսներ են, որոնք այդքան ծանր ցաւերու բեռան տակ տակաւին կրցած են շնչել, տոկալ, յառաջանալ` դէպի անորոշ, սակայն` վճռական… Սովորական մարդ չէին անոնք վստահաբար, այլ` աստուածներու համազօր, հերոսներ իսկական, ապրելու եւ ապրեցնելու կամքի ներկայացուցիչներ, այլապէս պիտի չկարենային ծանր հարուածը տալ թուրքին` հայ ազգին կրկին շունչ ու հոգի տալով, կրկին ծնելով սերունդներ ու սերունդներ», եզրափակեց Նորա Բարսեղեանը:
Բանախօսութեան աւարտին ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբը յուշանուէր մը յանձնեց Նորա Բարսեղեանին:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Տատիկին դաջուածքները» վաւերագրական ժապաւէնը` խոր յուզում եւ ցասում յառաջացնելով ներկաներուն մօտ:
Ապա Սեւան Հաճեանը մեներգեց «Ատանայի ողբը» եւ «Կիլիկիա» երգերը: