Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

«Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցել Հայերը» Շեշտեց Ցոլեր Թալաթինեան

$
0
0

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով, ՀՅԴ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ցոլեր Թալաթինեան 24 ապրիլին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն:

Հարցազրոյցին ընթացքին Ց. Թալաթինեան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ օր մը առաջ Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական-ուսանողական հսկումի երեկոյին:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական անդրադարձի մը ակնարկող հարցումին Ց. Թալաթինեան պատասխանեց հաստատելով, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած էր եւ բաժնուած տարբեր փուլերու, որոնց նպատակն էր ամբողջ հայութիւնը բնաջնջել:

Ց. Թալաթինեան հաստատեց, որ հայութիւնը ամէնուրեք կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը: Ան ընդգծեց, որ հայկական սփիւռքը պահանջատիրական կարգախօսներով եւ բողոքի ցոյցերով կը նախընտրէ նշել Ցեղասպանութեան յիշատակը, եւ կը յարգէ իր մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակը` վերանորոգելով Հայ դատին եւ իր արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու ուխտը:

Ց. Թալաթինեան ընդգծեց, որ Հայ դատին շուրջ ամբողջ հայութիւնը համախմբուած է եւ դարձած մէկ բռունցք` աւելցնելով, որ ամբողջ աշխարհին մէջ հայ երիտասարդներուն միջեւ գործակցութիւնը միշտ առկայ է:

Ան շեշտեց, որ հայութիւնը ցեղասպան Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ իր նախահայրերուն գործադրած Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցել հայ ժողովուրդը:

Միւս կողմէ, «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ց. Թալաթինեան նշեց, որ անշուշտ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ցաւալի է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ ան մէկուկէս միլիոն նահատակներ ունեցած է, կորսնցուցած է իր հողերը, եկեղեցիները, մշակութային աւանդը եւ տեղահանուած: «Ապրիլ 24-ը նաեւ հայ ժողովուրդին պայքարի խորհրդանիշն է, ինչպէս նաեւ այն իրականութիւնը, որ հայութիւնը կրցած է համարկուիլ այն երկիրներուն մէջ, ուր ան հասած է` անշուշտ առանց մոռնալու իր նահատակներուն յիշատակը յարգելու սրբազան պարտականութիւնը», նշեց ան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>