Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Պատգամ. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակէն 105-ամեակ` Խիտ Շարքերով Պիտի Շարունակենք Քալել…

$
0
0

Սիրելի՛ պահանջատէր հայորդիներ, որ ի Լիբանան,

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը այսօր արդէն պատմութեան կը պատկանի, սակայն 23 եւ 24 ապրիլ 2019 թուականները լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ յիշատակելի պիտի մնան` մեր երիտասարդութեան ու համայն ժողովուրդին մասնակցութեամբ ապրիլեան մեր սուրբ նահատակներուն հետ մեր հայավայել սրբազան ժամադրութեան յարգումով:

Երիտասարդական հաւաքը, միջեկեղեցական ժամերգութիւնը, Ս. պատարագը, ժողովրդային քայլարշաւը եւ հայրապետական պատգամը պարզապէս ձեռնարկներու շարք մը չեղան, այլ` աստուածատուր սրբութեան ցօղին եւ հայուն պահանջատիրութեան ոգիին ագուցումը մեր հաւաքական կեանքին մէջ վերածեցին գիտակի՛ց քայլերով դէպի «լեցուն կեանք» եւ «իմացեալ մահ» հաստատակամ երթին – «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»:

Լիբանանահայութիւնը միայն չնշեց Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը, այլ մանաւանդ Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւին իր ծովածաւալ մասնակցութեամբ քալեց իր սուրբ նահատակներուն հետ` Տէր Զօրի մահուան ձորը Լիբանանի մէջ կեանքի ովասիսի փոխակերպած: Ծծկեր մանուկէն մինչեւ ծերունին միասի՛ն քալեցինք անգամ մը եւս յիշելով եւ յիշեցնելով, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Մեծ աղէտէն վերապրած խլեակներու որբանոցէ վերածուած է հայապահպանման դարբնոցի` ի խնդիր սփիւռք դարձած հայութեան պահանջատիրական բռնցքման: Միասի՛ն քալեցինք նոյն պայծառ տեսիլքով եւ պիրկ վճռակամութեամբ, ու քաղաքակիրթ մարդկութիւնը վկայեց. «Պահանջատէր հայեր կ՛անցնին այստեղէն…»:

Չմոռնա՛նք. դարձեա՛լ եւ մի՛շտ միասին պիտի քալենք մինչեւ ամբողջական յաղթանակ` Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին ընդառաջ…:

Բի՜ւր օրհնութիւն եւ բա՜րձր գնահատանք ողջ լիբանանահայութեան, որ միասնաբա՛ր 24 ապրիլ 2019-ը ապրեցաւ որպէս իր սուրբ նահատակներուն հետ կենդանի հաղորդութիւն եւ նուիրական ուխտի վերանորոգութիւն` Հայ դատի պահանջատիրական պայքարի զինուորագրութեան անքակտելի շաղկապով:

Աղօթական ողջունիւ`
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց

25 ապրիլ 2019
Պէյրութ – Լիբանան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>