Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Տեսակէտ. Աղօթք Փարիզի Նոթր Տամ Եկեղեցւոյ Մէջ

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

1984 թուականին էր, գուցէ 1985-ին. ընկեր Պարգեւն ու ես մեկնեցանք Ֆրանսա` Փարիզ, մասնակցելու ՀՅԴ Ուսանողական միութիւններու համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Փարիզէն ինը ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող  Վէյն գիւղաքաղաքին կից. բանակավայրի մը մէջ, վրաններու տակ, ուր ապա նաեւ կայացաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու ընդհանուր բանակումը:

Մեր ժամադրավայրը Փարիզ Ռիւ Պլէօի վրայ գտնուող ակումբն էր «Մեզոն քուլթուրել Արմենիէն», ուր հանդիպեցանք իբր թէ Լոս Անճելըսէն եկած, սակայն Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի նախկին դասընկերներէս խումբի մը` մեզի նման համագումարի մասնակիցներ:

Կէս գիշեր էր արդէն, երբ մեծ մարդատար ինքնաշարժը, մեզմով հարստացած, ճամբայ ելաւ դէպի հարաւ, Մարսէյ, Կափ, ապա Վէյն:

Հոն Մարսէյի Ճեմարանին մէջ ճաշի պահուն հանդիպեցանք ֆրանսական բանտին մէջ իբրեւ «ահաբեկիչ» բանտարկուած, դատուած, ապա ազատ արձակուած Հրայր Գալինճեանին. ճաշ, գինի, բաժակաճառներ… եւ երբ մեզմէ մէկը բաժակաճառին մէջ քանի մը դրուատական խօսք ուղղեց Հրայրին, ան անկեղծօրէն նեղացաւ` ըսելով.

– Ինչու ես ի՞նչ ըրի իմ ժողովուրդիս Դատին համար: Ոչի՛նչ:

Եւ այդպէս ճաշէն ետք ուղեւորուեցանք դէպի բանակավայր:

Օգոստոսի անմոռանալի շաբաթ մըն էր, ընկերակցութեամբ Լիբանանէն, Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ ուսանող գաղափարապաշտ եւ գաղափարակից ընկերներու:

Անմոռանալի շաբաթ, հանգուցեալ ընկեր Սագօ Սարգիսեանին, Վիգէն Ս. Յովսէփեանին (Քանատայէն, ինծի համագիւղացի` քեսապցի), Կարօ Յովհաննէսեանին (կէս մը քեսապցի) եւ այլոց հետ…

Միջանկեալ ըսեմ, որ քեսապցի ընկերներուս` ընկերներ Վիգէնի, Կարոյի եւ նուաստիս սիրոյն, ամէն իրիկուն սարքուած խարոյկներուն, ի տես մեր անթեղուած «կրակապաշտ» զգացումներուն, հաճոյքին, հանգուցեալ ընկեր Սագոն ամէն երեկոյ մեզի` «կրակապաշտներուս», շիշ մը գինի նուէր կը բերէր:

Կայծակի արագութեամբ աւարտեցաւ մէկ շաբաթը, եւ Պարգեւն ու ես գիշերուան ճեպընթացով ցարշալոյս ճամբորդելով հասանք Փարիզ:

Միայն մէկ գիշեր ու տիւ ունէինք տեսնելու լոյսերու մայրաքաղաք Փարիզը, մինչեւ մեր օդանաւին մեկնումի ժամը:

Մենք զմեզ նորելուկ «մտաւորականներ» սեպելով, պարապ գրպաններով ման պիտի գայինք ծանօթանալու համար Փարիզին:

Օրինակ, Լուվրի թանգարանը ներսէն տեսնելու ոչ ժամանակը, ոչ ալ փողը ունէինք: Ուստի առջեւէն անցանք: Էյֆէլի աշտարակի պարագան նոյնպէս. տակէն միայն անցանք: Ո՞վ կրնայ պնդել որ Լուվր, Էյֆէլ չենք տեսած. վերջ:

Արագ-արագ արշաւեցինք. Շանզ-Էլիզէ, Յաղթանակի կամար, Փիքատելլի եւ այլ հրապարակներ, Սեն Միշել շրջան, ուր նաեւ բաժակ մը գարեջուր ըմպեցինք այնտեղի սրճարաններէն մէկուն մէջ (չէ որ մտաւորականներ էինք, արժանի սալայատակի սրճարանի մը մէջ գարեջուր խմելու…): Եւ այդպէս հասանք Նոթր Տամ եկեղեցւոյ առջեւի ծաւալուն հրապարակը:

Այնտեղ գտանք նաեւ բաղնիք մը, ուր ձերբազատեցանք մեր փորերուն մէջ խնոցի նման աջ-ձախ խուսափող գարեջուրի «բեռէն»:

Երբ կանգ առինք եկեղեցւոյ դիմաց, ակնթարթի նման արագ յիշեցի. մեր Ն. Փալանճեան ճեմարանի 8-րդ դասարանը, ֆրանսերէնի մէկ դասապահը, դասատու պրն. Գրիգոր Շահինեանը (հանգուցեալ), եւ անոր դասաւանդած Վիքթոր Հիւկոյի մէկ հատուածը.

– Քազիմոտօ լոյ Էթանսելան…

եւ Եկեղեցւոյ բարձունքին տեղադրուած արձաններուն ետեւը կը փնտռէի պահուըտած Քազիմոտոն, կուզը…

Անշուշտ պրն. Շահինեանը յիշելով, յիշեցի ուսուցիչներուն փաղանգը.

Սըր Անթուանը, տիկին Ե. Աճէմեանը, պրն. Յարութիւն Քիւրքճեանը, օրդ. Մ. Պոյաճեանը, պրն. Սուրէն Շանթը, պրն. Գառնիկ Բանեանը, անմոռանալի անձնաւորութիւններ (շատերը` հանգուցեալ), տնօրէն պրն.Տասնապետեանը, դասատուներ, դաստիարակներ եւ դասընկերներ… Մէկ ակնթարթի մէջ…

Եկեղեցւոյ կողմնակի փոքր դռնակէ մը մտանք. հոն մետաղեայ բարձր ձողեր կային, նորոգութեան աշխատանքներ կը կատարուէին:

Ձեւով մը սահեցանք, հասանք խորանին առջեւ, ուր «Հայր մեր» մը, տէրունական աղօթքը մռմռացինք մեր ակռաներուն ու շրթներուն արանքէն: Ու այդքան: Դուրս եկանք:

Այդ օրերուն տակաւին չէր բեմադրուած Թոնի Մաքուինի խաղարկած «Նոթր Տամի կուզը» ժապաւէնը, բայց իմ մտքիս եւ երեւակայութեանս մէջ բեմադրուած էր Վիքթոր Հիւկոյի վէպը:

Յաջորդ օր Պարգեւն ու ես վերադարձանք Սուրիա, ինք` Հալէպ, ես` Քեսապ, եւ հոն մեր տեսածը ձգեցինք ֆրանսացիներուն:

* * *

Տարիներ թաւալգլոր անցան, եւ սկսաւ Սուրիոյ ծանօթ տագնապը, 2011-ին:

2014-ին Քեսապը դատարկուեցաւ ու քեսապահայութիւնը տարագրուեցաւ, եւ երեք ամիսներ ետք տունդարձ տեղի ունեցաւ:

Հալէպը, 2013-էն մինչեւ 2017 (նաեւ ցայսօր), մանաւանդ հայկական թաղերը, հրակոծուեցան անդադար, հայաշատ Նոր Գիւղը քարուքանդ դարձաւ եւ հայաթափուեցաւ:

Հրակոծուեցան ու քանդուեցան Քեսապի մէջ (թիւով 6-7) ու Հալէպի տասնեակ եկեղեցիներ, քրիստոնէութեան հաւատքի տուներ:

Ականահարուեցաւ ու քանդուեցաւ Տէր Զօրի, Հայոց ցեղասպանութեան` նուիրուած մատուռ-եկեղեցին:

Հրկիզուած, քանդուած են Հոմսի տասնեակ մը եկեղեցիներ, որոնցմէ մի քանին աւելի հին, քան Նոթր Տամի եկեղեցին, նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցան Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու տասնեակ եկեղեցիներ:

Քանդուեցան նաեւ իսլամական մզկիթներ, որոնք ճարտարապետական եւ համամարդկային-պատմական արժէք կը ներկայացնեն:

Ցայսօր, անծանօթ կը մնայ Սիմոն Սիւնակեցիին եկեղեցւոյ ճակատագիրը (Իտլիպ նահանգ), եւ անոր մօտիկ, Պըրատի Մարոնի եկեղեցւոյ իրավիճակը (որ Մար Մարոնի ոստանը եղած է, եւ ուր այցելեց զօր. Միշել Աուն, նախքան նախագահ դառնալը, եւ ուր Ս. պատարագ մատուցել տուաւ):

Քարուքանդ դարձաւ սուրիական մեր հայրենիքի աւելի քան մէկ երրորդը:

Չենք մոռցած Մուսուլ քաղաքի զաւթումը, եւ անոր եկեղեցիներու, ասորական թէ քալտական,  աւերածութիւնը:

Ինչպէ՛ս մոռնանք Լիբանանի պատերազմի աւերածութիւնները:

Տեսանք նաեւ ինչպէ՛ս Փալմիրի համամարդկային արժէք ներկայացնող բերդին դարպասը ականուեցաւ, ինչպէ՛ս կողոպտուեցան սուրիական պատմական կոթողները եւ մաքսանենգուեցան դէպի Եւրոպա, Ֆրանսա, նոյնիսկ Փարիզ:

Իսկ բռնագրաւուած մեր Մայր Հայաստանը եւ անոր 2800-էն աւելի հինաւուրց եկեղեցիները…

Ազգ մը կառափնատ առաջնորդուեցաւ: Փոշիի վերածուեցան անոր քաղաքները, գիւղերը, տուները եւ Աստուծոյ մօտ 3000 տուները: Ճարտարապետական հրաշքներ, քրիստոնէական թէ նախաքրիստոնէական ժամանակներէ մնացած. երբեմն այնքան շքեղ, որ կը գերազանցէին Նոթր Տամ եկեղեցւոյ շքեղութիւնը: Հայրենիքը փոշիի վերածուեցաւ, նաեւ` անոր պատմութիւնը, քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթը. եւ այս բոլորը` քաղաքակրթեալ արեւմուտքի կամ ասպետական Ֆրանսայի քիթին տակ ու աչքերուն առջեւ, եւ յաճախ ալ մեղսակցութեամբ… եւ թուրքին ձեռամբ…

* * *

Անշուշտ կ՛ափսոսամ եւ կը ցաւիմ Նոթր Տամ եկեղեցւոյ կրած մասնակի աւերածութեան համար: Նոյնպէս ցաւեցանք 2001 սեպտեմբեր 11-ին կատարուած ահաբեկչական վայրագութեան «Թրէյտ Սենթըր»-ի փուլ եկած երկու շէնքերուն եւ անոր զոհերուն համար:

Հետեւելով լրատուական միջոցներուն, լսեցինք ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր նշանակելու Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնները: Եւ արդէն աւելի քան մէկ միլիառ տոլար հանգանակուած է եկեղեցին վերաշինելու համար:

Ասոր դիմաց սակայն, նոյն Ֆրանսայի կառավարութիւնը արգելք կը հանդիսանայ Ֆրանսայի քաջալերանքով քանդուած Սուրիոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն, նոյնիսկ գաղթականներու տունդարձի քայլերուն:

Տակաւին աւելին: Այսօր Սուրիան կը տառապի տնտեսական վայրագ պաշարումէ 8 տարիներէ ի վեր:

Դեղամիջոցներու, կենցաղային անհրաժեշտութիւններու պակասէ, բայց մանաւանդ վառելանիւթերու շատ սուր տագնապէ:

Պատկերացնենք, իւրաքանչիւր հինգ օր` միայն քսան լիթր պենզին:

Պաշարում գիւղատնտեսական մթերքներու արտածումի եւ անհրաժեշտ դեղորայքներու ներածումի:

Հայը, մանաւանդ սուրիահայը ցաւելու շատ բան ունի:

Չենք մոռնար Պաքուի, Սումկայիթի ջարդերը, եւ Նախիջեւանի խաչքարերու ջարդը տակաւին երէկ:

Մեր աչքերուն, ակերուն մէջ շատ արցունք չէ մնացած լալու եւ ողբալու Նոթր Տամ եկեղեցւոյ համար: Եթէ լանք… անարցունք. եթէ ողբանք… առանց արտասուքի: Արցունքի եւ արտասուքի «աղբիւրը» ցամքած է:

Այո՛, բախտը ունեցած եմ այս հրկիզուած եկեղեցւոյ մէջ «Հայր մեր» մը աղօթելու: Ապրիլ 22-ին այնտեղ հոգեհանգիստ կամ ժամերգութիւն պիտի կատարուէր Հայոց Մեծ եղեռնի սուրբ զոհերուն համար, Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով,  բայց եկեղեցին ալ զոհ գնաց անարգ կրակին ու քանդումին:

Այս ամէնէն ետք, կը մնայ «Տէր ողորմեա» աղօթել:

Տէ՛ր, մեզի ողորմեա մարդ արարածի վայրագութենէն:

Քեսապ, 18 ապրիլ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles