Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Մեր Յարութեան Արգելք Քարը Գլորուած Է

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Մէկշաբթի առտու շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր, 
(կիները) գերեզմանը գացին ու իրարու կ՛ըսէին.
                                                       «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի համար` գերեզմանին դռնէն»,
(ու նայեցան, տեսան, որ քարը գլորուած էր,)
վասնզի շատ մեծ էր:

Մարկ. 16.2-4

Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան եւ մահուան իրականութեան հետ հաշտուած` խեղճ կիները մտահոգ էին, թէ արդեօք ինչպէ՛ս պիտի կարենային յաղթահարել Անոր գերեզմանը ծածկող քարին իրականութիւնը. ոչ մէկ խօսք կամ յոյս կար Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան:  Յաճախ անյոյս կ՛ըլլանք մեր վիճակներուն մէջ, երբ մտաբերենք մեր դժուարութիւնները եւ անոնց «մեծ» ըլլալը, մոռնալով, որ մեր տեսածներէն անդին` կայ այլ միջոց մը, որ մեզ կրնայ ազատել տեսանելի դժուարութենէն եւ նոյնիսկ, կրնայ լուծել մահուան չափ իրական վիճակներ:  Մատթէոս Աւետարանիչ կը ներկայացնէ «քար»-ին գլորուիլը` ըսելով. «Ահա մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, վասն զի Տէրոջ հրեշտակը երկինքէն իջնելով` գնաց դռնէն մէկդի գլորեց քարը ու անոր վրայ նստաւ» (Մատթ. 28.2):

Մեզ կը շրջապատեն դժուարութիւններ եւ անյոյս վիճակներ, որոնց դէմ յանդիման կրնանք յուսահատիլ, կամ` պայքարիլ, կամ` ենթարկուիլ, կամ` հաշտուիլ կացութեան հետ:  Ինչ որ չենք ըներ, սակայն, պահելն է յոյսը, որ մեր տեսածէն, գիտցածէն, երեւակայածէն եւ ծրագրածէն անդին` կայ միջոց, եւ կան լուծումներ, որոնց ընդմէջէն մենք հաղորդ կը դառնանք էականին, որ մեզ կ՛ազատէ երկրորդականին ենթակայութենէն:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը էականն է, որ «քար»-ին իրականութենէն անդին` կիները վախցուց-մտահոգեց, զարմացուց-ապշեցուց, ուախացուց-յուսադրեց եւ քաջալերեց-գործի մղեց:  Այսօր եւս մարդիկ անհաւատալի, անիրապաշտ, աւելորդապաշտ եւ ցնորական կը սեպեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան հաւատքը, սակայն կը մոռնան, որ անոր ազդեցութիւնը պատմական իրականութիւն եղաւ ոչ միայն գերեզմանը գացող եւ «քար»-ով մտահոգուած կիներուն համար, այլ նաեւ Յարուցեալին աշակերտներուն եւ յետոյ` ամբողջ աշխարհին համար:  Անտրամաբանականը միշտ ալ նկատուած է «աւելորդապաշտութիւն». սակայն իրական է նաեւ այն, որ տրամաբանականը միշտ ալ կը սահմանափակէ մարդ արարածին կարողութիւնները եւ զանիկա կը յուսալքէ:  Իսկ յուսալքուած մարդն է, որ շատ դիւրաւ եւ շատ արագ կը վերածուի հլու ստրուկի եւ անկամք գործիքի:

Դիտեցէք այսօրուա՛ն մեր կեանքին եւ պատմութեան բեմը. քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մարդկայնական ո՞ր մարզը յուսադրիչ է:  Ո՛չ մէկը:  Ամէն բան կարծես մեզի կ՛ըսէ, որ այլ կարելիութիւն չկայ, բայց միայն ենթարկուիլը, հաշտուիլը, նոյնիսկ` ապաբարոյ եւ անբարոյ իրականութիւններուն հետ, վստահիլը` անվստահելիին…  Առաւելագոյնին մէջ կրնայ մեզմէ մէկը կամ միւսը փախչիլ այս կացութենէն, խուսանաւել իրականութիւններուն յորձանքին մէջ կամ… ինքնասպան ըլլալ` չենթարկուելու համար:  Միւս կողմէ` կառավարութիւններ, իշխանութիւններ, խմբակցութիւններ եւ անոնց գաղափարախօսութիւնները կը շարունակեն զօրանալ, հարստանալ, հաստատուիլ եւ «մեծ»-նալ` անիրաւութեամբ, կեղեքումով, կեղծիքով եւ ամէն բան հակակշիռի տակ առնելով:

Քանի մը օրէն դարձեալ պիտի յիշատակենք մեր ազգին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը:  Ի՞նչ պիտի ընենք. պիտի ողբա՞նք մեր կորուստները, թէ՞ պիտի տօնենք մեր վերապրումը:  Եւ եթէ իրակա՛ն են մեր դժուարութիւնները, պիտի ընկրկի՞նք եւ յանձնուի՞նք անոնց հոսանքին, թէ՞ նոր յոյսով պիտի նայինք մեր կեանքին եւ աշխարհին:  Դժուարութիւնները իրական են, այո, սակայն իրական է նաեւ, որ անոնք ոչինչ են` բաղդատած Ցեղասպանութեան ստեղծած դժուարութիւններուն, որոնցմէ «յարութիւն» առինք մենք ազգովին:  Չմոռնանք:

Աւելորդ եւ անիրատես կը թուէր այն ժամանակ, որ հայը գոյատեւէր:  Սակայն գլորուեցաւ «քար»-ը. հրեշտակով ըլլայ, արիւնով, քրտինքով, թաւշեայ յեղափոխութիւնով թէ խաղաղութեամբ` պիտի գլորուի ամէն բան, որ կը փորձէ անյոյս դարձնել մեզ, քանի որ մենք միայն տրամաբանականին չենք նայիր, այլ անկէ անդին` Յարուցեալին:  Թող անիրապաշտ կամ աւելորդապաշտ սեպեն մեզ անոնք, որոնք կը փորձեն մեզ հաշտեցնել ստրկացնող եւ յուսալքող իրականութիւններու հետ:  Մենք յոյսո՛վ կը նայինք կեանքին, անգամ` մահէն ալ անդին:

Եւ կեանքի յոյսն ու անոր արդիւնքները կեանքին չափ իրական են:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի

ՎԵՐ. ՄԿՐԻՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ ՄԱՀԱԵ Միութեան

Պէյրութ, ապրիլ 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>