Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Զատիկը

$
0
0

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ

Աշխարհի պատմութեան ընթացքին ծագած եւ ստեղծուած բազմահարիւր կրօններուն միջեւ ընդհանրապէս 85 առ հարիւր նոյնութիւններ կարելի է գտնել: Խիստ կամ նուազ պահանջկոտ, բարոյական հիմք ունեցող կամ տեղական պայմաններու վրայ հիմնուած, խաղաղ կամ վայրագ յեղափոխութեամբ ծագում ստացած, բազմաստուածեան թէ միաստուածեան կրօններ` իւրաքանչիւրը իր յարգարժան կերպով փորձած ու հիմնած է համայնք մը, որ հետագային վերածուած է կրօնի մը` միլիոնաւոր հետեւորդներու ուղղութիւն տալով եւ իւրաքանչիւրը իր միջոցներով խաղաղութիւն եւ համոզում բերելով հաւատացող հետեւորդին:

Սակայն միայն Քրիստոնէական կրօնն է, որուն անկիւնաքարը եւ հիմնադրութեան սիւնը հանդիսացաւ «երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնեմ» իրականացուած խոստումը (Մտ 16:21, 17:23,20:19, Մր 8:31,9:31,10:33-34, Ղկ 9:22, 18:31-33): Մինչ բոլոր կրօններու հիմնադիրները կը փորձէին աստուածանալ կամ Աստուծոյ մեծագոյն յայտնութիւնը կամ մարգարէն ըլլալ, Քրիստոս մարդացաւ, բայց այլոց նման հետեւորդները զոհելու եւ պատերազմի մղելու փոխարէն, որպէս քաւութեան նոխազ, խաչին վրայ իր թեւերը տարածեց` որպէս սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն:

Մեծ պահոց շրջանի աւարտին իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Աւագ շաբաթը, որուն ընթացքին պատահած են Քրիստոսի կեանքին ամէնէն ցաւալի, սակայն ի վերջոյ ցնծալից եղելութիւնները:  Քրիստոս Ծաղկազարդով Երուսաղէմ յաղթական մուտքէն ետք զայրացած էր տաճարին մէջ գործող վաճառականներէն. մարդը սիրելուն, սեղան նստած ու ծունկի գալով, անոնց ոտքը լուացած էր. դրամի համար մատնուած էր եւ գողի նման ձերբակալուած, անպատճառ չարչարուած, զրպարտութեամբ խաչուած ու օտարի մը պարապ գերեզմանին մէջ թաղուած, սակայն ԵՐԵՔ ՕՐ ետք հրաշափառապէս յարութիւն առած ու նոր կեանքի յոյս տուած` մարդ արարածին: Ահաւասիկ Զատիկ բառով այս բոլորը կը մտաբերենք եւ հաւատքով կը վերապրինք Քրիստոսի հետ:

Քրիստոնէական կրօնի այս անկիւնադարձային յարութիւնը, զուգադիպած ըլլալով հրեաներու Պասէք տօնին, կը վերածուի քրիստոնեաներու մեծագոյն տօնին: Սակայն, երբ կը մտածենք Զատկուան տօնին մասին, անկարելի է չյիշել անոր նախնական` հրէական ըմբռնումը եւ ապա քրիստոնէական կրօնի մեծագոյն տօնի վերածումը:

Ա.- Բառին Ծագումը Եւ Ստուգաբանութիւնը

Հեթանոսական տօնակատարութեանց մէջ Զատիկը բարեբերութեան, արգասաբերութեան եւ բեղմնաւորութեան տօնակատարութիւն էր, որ կ՛առնչուէր Էօսթըր (Eostre) աստուածուհիին հետ, որմէ կու գայ անգլերէնի «Easter» անուանումը: Այլ ժողովուրդներ Իշթար (Ishtar) կոչած են տօնը, որ տօնախմբումն է Թամմուզ հեթանոս աստուծոյ յարութեան:

Զատիկ կամ Պասէք բառը յունարէնի փասխա եւ եբրայերէնի փեսախ բառերէն կու գայ, որ անգլերէնով «Passover» կը կոչուի: Հայերէն լեզուի մէջ Զատիկ բառը կը բացատրուի որպէս հրեաներուն Եգիպտոսէն ելքը, Զատկուան մորթուող գառնուկը եւ Քրիստոսի յարութեան ցնծալից տօնը: Անիկա եբրայեցի ժողովուրդին` Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրման տօնն է (Ել 23:15): Առաջին դարու հրեաներն ու հեթանոսները Պասէքի տօնին զուգորդած էին «ի մահուանէ ի կեանք» անցումը մարդուն, որ Քրիստոսի յարութեամբ նոյնութիւն մը ստեղծած էր մահուան եւ վերածնունդի խորհրդանիշ Եգիպտոսէն ելքին ու Կարմիր ծովէն անցքին հետ: Սակայն պաշտօնապէս երկրորդ դարու կիսուն էր, որ Զատիկը հաստատուած կը գտնենք Սարտիսի Մելիտօ եպիսկոպոսին քարոզին հիման վրայ (Melito of Sardis, արեւմտեան Անատոլիայի Զմիւռնիոյ մօտ Սարտիս շրջանի եպիսկոպոս. մեծ դերակատարութիւն ունեցած է քրիստոնեայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` որպէս հեղինակաւոր անձնաւորութիւն: Իր Զատկուան քարոզէն կը փաստուի տօնակատարութեան հաստատումը երկրորդ դարու կիսուն): Մինչեւ երկրորդ դար քրիստոնեաներ կը տօնէին Զատիկը, ամէն շրջան` իր ձեւով ու սովորութիւններով, սակայն յստակօրէն` Պասէքէն անմիջապէս ետք, ինչպէս Քրիստոս վերջին ընթրիքը կատարելէ ետք, որպէս Զատկուան գառնուկի, խաչին վրայ զենուեցաւ եւ երեք օր ետք յարութիւն առաւ: Պատմական այս եղելութեանց հետեւողութեամբ, քրիստոնեայ առաջին համայնքները եւս կը փորձէին ճշդապահութեամբ տօնել Զատիկը, սակայն` միշտ հրէական Պասէքին հետ համադրելով օրն ու թուականը, որ միշտ նիսան (ապրիլ) ամսուան 14-ին կը կատարուէր:

Բ.- Թուականի Փոփոխականութիւնը

Ինչպէս վերը ակնարկեցինք, Զատիկը յիշատակումն է հրէական Պասէք տօնին, եւ քրիստոնեայ առաջին համայնքները հրեաներուն տօնին նոյն օրերուն կը տօնէին զայն: Սակայն հետագային հարց ծագեցաւ Զատիկը ե՞րբ տօնելու խնդրին շուրջ, եւ տարբեր ձեւեր կամ օրացոյցներ որդեգրելու առաջարկներ եղան:

Ընդհանրական եկեղեցւոյ առաջին Տիեզերական ժողովին (Նիկիոյ ժողով, գումարուած` 325 թուականին) քննարկուեցաւ եւ լուծուեցաւ թուականի փոփոխութեան հարցը: Մէկ կողմէ կային աւանդապահ մտածողներ, որոնք կ՛ուզէին Զատիկի թուականը պահել հրէական տոմարով տօնելու, իսկ միւսները կ՛առաջարկէին անկախ եւ մնայուն թուական մը ունենալ` քրիստոնէական այս տօնը նշելու, զայն զատորոշելու համար հրէական տօնէն: Ժողովը երկրորդներուն կողմնակից ըլլալով` որդեգրեց միակ եւ անկախ թուական մը ունենալու որոշումը: «Առաւել, ձեզի կը յայտնենք Սուրբ Զատկուան մասին ծագած անորոշութեան համաձայնութիւնը, որպէսզի Արեւելքի մեր բոլոր եղբայրները, որոնք նախապէս հրեաներու աւանդութեան կը հետեւէին, այսուհետեւ ամենասուրբ Զատկուան տօնը պէտք է նշեն Հռոմի եկեղեցւոյ հետ…» (թարգմանութիւն անգլերէնէ, Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի կանոններն ու որոշումները, Nicene and Post-Nicene Fathers, Second Series, Vol. 14): Այս որոշումը բաւական ժամանակ կիրարկուեցաւ բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ, սակայն յաջորդող դարերուն տարբեր եկեղեցիներ սկսան անկախ տոմարներու հետեւելով` կրկին փոխել Զատկուան տօնի թուականը:

Ներկայիս Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու որդեգրած տոմարին համաձայն, Ս. Զատիկը կը զուգադիպի ընդհանրապէս (ոչ ամէն տարի) Առաքելական եկեղեցւոյ Զատիկէն մէկ շաբաթ ուշ (Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցին կը հետեւի Յուլիանոսեան տոմարին, իսկ միւսները` Գրիգորեան տոմարին):

Ներկայ դարաշրջանին եւս փորձեր կատարուած են Զատկուան տօնի թուականներու միացման: Անցնող երեք տասնամեակներուն, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, եւ Հռոմի նախորդ` Պենետիկտոս պապին ու ներկայ Ֆրանսիս պապին հետ յաճախ միացեալ եւ անշարժ Զատիկի թուական մը ճշդելու հրամայականը շեշտած է Արամ Ա. կաթողիկոս: Միակ անհամաձայն կողմը Յուլիանոսեան տոմարի հետեւող Արեւելեան ուղղափառ (քաղկեդոնական) եկեղեցիները եղած են: Ի դէպ, պէտք է նկատի առնել, որ Զատիկի թուականի տարբերութիւնը աստուածաբանական հարց կամ տարբերութիւն մը չէ եկեղեցիներու միջեւ, այլ որոշ տոմարի մը համաձայն տօներու դասաւորման հարց է:

Գ.- Տօնակատարութիւն Եւ Աւանդութիւններ

Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մեծագոյն տօնը ըլլալով` Քրիստոսի յարութիւնը ցնծութեան առիթ է հաւատացեալներուն համար, որովհետեւ «յարուցեալ է Տէրն ի գերեզմանէն» (շարական), եւ այնուհետեւ Մեծ պահքի ու Աւագ շաբթուան վիշտի ու սուգի սեւ վարագոյրը վերցուած է մեր դիմացէն, եւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան լոյսով պայծառակերպուած կ՛ապրինք յուսալից կեանք մը:

Պահքի աւարտը համարուող Զատկուան տօնին կը յաջորդէ 50 օրերու Յինանց շրջանը, որ ուտիքի շրջան է, այսինքն պահքի օրեր չեն պահուիր, այլ ուրախութեան որպէս նշան` արտօնելի են բոլոր տեսակի ուտելիքները:

17-րդ դարուն Եւրոպայի բողոքական շրջանակներուն մէջ ծագած էր նորաձեւութիւն մը, որ երկու դարեր ետք միայն աւելի նշանաւոր դարձաւ: Զատկուան նապաստակը, որ այսօր հանրածանօթ է Զատկուան զարդարանքներուն մէջ, կը կարծուի, թէ ա՛ն կ՛ածէ Զատկուան ներկուած հաւկիթները եւ զանոնք կողովներու մէջ դնելով` տուները կը բերէ եւ մանուկներուն կու տայ:

Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս բոլոր քրիստոնեայ շրջանակներուն մէջ փոքրիկները կը ստանան ներկուած հաւկիթ եւ հաւկթախաղով կը ճոխացնեն իրենց տօնական մթնոլորտը:

Կարմիր գոյնով ներկուած հաւկիթը խորհրդանշականօրէն կ՛առնչուի Քրիստոսի հետ: Կարմիր գոյնը կը յիշեցնէ Քրիստոսի չարչարանքներն ու խաչելութիւնը եւ արեան հեղումը: Հաւկիթին կարծր կեղեւը` ժայռափոր գերեզմանը: Հում եղած ատեն ճուտիկին անկենդան (մեռած) ըլլալը Քրիստոսի ֆիզիքապէս մահանալը կը խորհրդանշէ, իսկ կեղեւէն ողջ ճուտիկին ելլելը` Քրիստոսի յաղթանակը մահուան վրայ եւ գերեզմանէն դուրս գալը` որպէս անմահ եւ յարուցեալ Փրկիչ:

Արդ, այս հակիրճ պատմական-ստուգաբանական բացատրութիւնները ի մտի ունենալով, առաւել ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ տօնենք Քրիստոսի յարութիւնը` գիտնալով անոր ծագումն ու տարբերութիւնը, իսկութիւնն ու հրաշալիութիւնը, որովհետեւ Քրիստոսով միայն կայ մահէն անդին նոր կեանք եւ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ:

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»
«ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>