Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

ԱԿՆԱՐԿ Տագնապ. Ձեւով՝ Լիբանանեան, Խորքով՝ Եւրոպական

$
0
0

Cameron_Agnarg

Բրիտանիոյ վարչապետին անակնկալ եւ կարճատեւ այցելութիւնը Լիբանան, երեւութապէս Լիբանանի քաղաքական ճգնաժամին կը վերաբերի, ըստ էութեան սակայն համաեւրոպական տագնապն է, որ մղած է անգլիացի պետական գործիչին քայլերը դէպի Պէյրութ:

Բնականաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութեան շեշտումը, քաղաքական անորոշութենէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան ընդգծումը, զինուորաքաղաքական մարզերուն մէջ Լիբանանին զօրակցելու պատրաստակամութեան վերընդգծումը եւ մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին ահազանգումը, աշխարհագրականօրէն անոր Լիբանանին մօտ ըլլալը յիշեցնելը եւ այս բոլոր նկատառումներով բրիտանական օժանդակութիւնը այս երկրին շարունակելու յայտարարութիւնը շեշտակիօրէն կը վերաբերին Լիբանանի դիմագրաւած խնդիրներուն:

Այս բոլորը սակայն յայտարարութեան մէկ բաժինն են. երկրորդ բաժինը կը վերաբերի Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն, այս պատճառով ալ յայտնաբար Պէյրութը դարձած է Բրիտանիոյ վարչապետին աշխատանքային միջավայրի թիրախներէն մէկը: Ի վերջոյ կարմիր գիծեր հատած այս հիմնահարցերը Լիբանանի համար վաղուց կային: Կար նաեւ, որոշ ժամանակէ ի վեր, գաղթականական ալիքի խնդիրը: Սակայն, երբ այդ ալիքը սկսաւ հարուածել Եւրոպայի եւ Բրիտանիոյ ծովափերը, սկսան անակնկալ եւ կայծակնային այցելութիւնները:

Ուրեմն, յայտարարութեան երկրորդ, համեմատաբար նուազ լուսարձակի տակ ինկող, սակայն այցելութեան բուն շարժառիթը բացատրող բաժինը այդ ալիքի մակընթացութեան հաւանական հետեւանքները չէզոքացնելու կը միտի: Պէյրութէն ետք Ամմանի հանգրուանը առաւել եւս կը համոզէ բուն շարժառիթին եւ դրդապատճառներուն մասին կազմուած տպաւորութիւնը: Ամմանը եւս կը հանդիսանայ զանգուածային գաղթականներ ընդունած երկիր:

Քամերոն կը յայտարարէ, որ լիբանանցիները ընդունած են մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ, եւ այդ քայլը արժանի է միջազգային ընտանիքի օժանդակութեան: Միջազգային ընտանիքին կապուած որոշ կառոյցներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Լիբանանի վրայ: Բայց գաղթականներու թիւին համեմատ այդ օժանդակութիւնները կը թուէին ըլլալ սահմանափակ. այդ պատճառով ալ Լիբանան հետզհետէ կը խստացնէր սուրիացի գաղթականներու մուտքը իր երկրին սահմաններուն մէջ: Որոշակի խստացումներ կ՛երեւէին նաեւ արդէն իսկ ապաստանածներուն կեցութիւնը երկարաձգելու թղթաբանական ընթացակարգերուն մէջ:

Գաղթականներու գերյագեցած իրավիճակը կրնար տեղի տալ այլ անպաշտօն ծառայութիւններու աշխատանքին` զանգուածային ձեւով զանոնք ուղարկելու Եւրոպայի սահմանները: Այն ինչ որ պատահեցաւ Թուրքիոյ պարագային կամ աւելի ճիշդը այն ինչ որ կազմակերպեց Անգարան, ի տես միջազգային ընտանիքի ոչ համարժէք յատկապէս ֆինանսական օժանդակութիւններուն:

Բրիտանացի վարչապետը հիմա կ՛անդրադառնայ, որ Լիբանանը մեծ թիւով գաղթականներ ընդունած է եւ թէ այս երեւոյթը պէտք է յայտնուի միջազգային ընտանիքի ուշադրութեան կեդրոնին: «Հիմա»-ն իր բացատրութիւնը ունի անշուշտ: Օժանդակել, որպէսզի Լիբանան մնան գաղթականները: Կը թուի, որ լիբանանցի վարչապետին գնահատականը ենթաթեքսթային բաժին կը պարունակէ իր մէջ: Սալամ պարզ դարձուցած էր, որ Եւրոպան հարուածած գաղթականական տագնապը կը լուծուի սուրիական պատերազմին քաղաքական լուծում բերելով:

Եւրոպական ծովափ հասած գաղթականական ալիքը իրեն հետ բարձրացուց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը, ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին ահազանգը, քաղաքական համաձայնութիւն գոյացնելու կարեւորութիւնը եւ Լիբանանին` միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան կեդրոն յայտնուիլը: Այդ բոլոր սկզբունքային կէտերը կրնան յայտարարողական մակարդակի վրայ մնալ: Եղածը կանխարգիլման փորձ է Լիբանանէն դէպի Եւրոպա գաղթականական նոր հաւանական հոսքի մը:

«Ա.»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>