Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Անդրադարձ. Այն Օրը Երբ Ամբողջ Աշխարհը Լացաւ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երկուշաբթի, 15 ապրիլը եղաւ այն օրը, երբ ամբողջ աշխարհը լացաւ: Արդարեւ, այդ գիշեր ահաւոր հրդեհ մը կլանեց Փարիզի ամէնէն հռչակաւոր ու հրաշալի կառոյցներէն մէկը` Նոթր Տամ եկեղեցին, որուն կառուցումը տեւած էր 200 տարի: Զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ ուղղակիօրէն սփռուող աղէտը խոցեց մեր սրտերը: Փարիզցիները լացին, անոնց հետ լացաւ ամբողջ մարդկութիւնը, բացի թուրքերէն, որոնք մարդկութիւնը պատուհասած այդ ողբերգութիւնը նկատեցին Նոր Զելանտայի ահաբեկչութեան ու իսլամներու սպանութիւններուն համարժէք պատասխան չտալնուն համար կամ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դիրքորոշման համար ֆրանսացիներուն եւ եւրոպացիներուն աստուածային պատիժը: Անոնք այդպիսի նողկալի գրառումներ կատարելէ ետք, ֆրանսացիներուն կոչ ուղղեցին օգնութեան համար դիմելու իրենց բարեկամ հայերուն…

Պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ, մեր չհաւատացող աչքերուն առջեւ անյուսօրէն ածխացող ու փուլ եկող 850-ամեայ տաճարը ֆրանսական ազգային մշակութային կոթող մը չէր միայն, այլեւ համամարդկային արժէք մը, թէ՛ Փարիզ այցելածներուն, թէ՛ չայցելածներուն, թէ՛ մեծերուն ու թէ՛ ալ փոքրերուն համար հաւասարապէս ծանօթ վայր մը: Անիկա ոմանց համար այդպիսի կարգավիճակ ստացած է շնորհիւ ֆրանսական գրականութեան, իսկ ուրիշներու համար` շնորհիւ Վիքթոր Հիւկոյի կոթողական «Նոթր Տամի կուզը» վէպի «Տիզնի»-ի գծանկարին:

Մշակութայինի կողքին պատմական ու համամարդկային արժէք ունեցող այդ տաճարը պատուհասած հրդեհը ահաւոր ցաւ պատճառեց արար աշխարհին, մեծին ու փոքրին, գրագէտին ու անգրագէտին, քրիստոնեային, իսլամին, պուտտայականին ու անաստուածին: Հազարումէկ քաղաքական դէմքեր իրենց ցաւը արտայայտեցին ի տես կատարուածին: Նոթր Տամի ողբերգութիւնը միացուց ֆրանսացիներն ու ամբողջ աշխարհը: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը դիպուկ կերպով ստեղծուած մթնոլորտը ամփոփելով գրեց. «Այնպիսի տպաւորութիւն է, կարծէք ինքնին Ֆրանսայի սիրտն ու Եւրոպայի հոգին անսպասելիօրէն եւ չարամտօրէն պոկած են»: Իսկ «Տը Ինտիփենտընթ»-ը գրեց. «Կը թուէր, որ երբ տաճարին աշտարակը փուլ եկաւ, ատոր հետ փուլ եկաւ նաեւ ամբողջ աշխարհը: Փարիզցիները կու լային փողոցներուն մէջ: Իսկապէս, ամբողջ աշխարհը կու լար»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>