Հայաստան առաջին պետութիւնն է, որ համաձայնագիր կնքեց աշխարհի լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկուն` Միացեալ Նահանգներու Մեմֆիս քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Յուդայի մանկական հետազօտական հիւանդանոցին (St. Jude Children’s Research Hospital) հետ: Համագործակցութեան յուշագիրը կնքուեցաւ ապրիլ 12-ին` Սուրբ Յուդայի մանկական հետազօտական հիւանդանոցին, Հայաստանի մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու կենտրոնին եւ «City of smile ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամին միջեւ: Համաձայնագիրները ստորագրեցին` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի տիկին, «City of smile ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեանը, Հայաստանի մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու կեդրոնի մանկական ուռուցքաբան Գէորգ Թամամեանը, Սուրբ Յուդայի մանկական հետազօտական հիւանդանոցի փոխտնօրէն Քարլոս Ռոտրիկեզ-Քայլանթոն եւ հիւանդանոցի Եւրասիական տարածաշրջանի տնօրէն Սիմա Ճեհանը: Սոյն համաձայնագիրով Հայաստանը կը միանայ St. Jude Global Alliance-ին, որուն միջոցով աւելի արդիւնաւէտ կերպով պիտի կարենայ պայքարիլ մանկական քաղցկեղին դէմ:
Միանալով St. Jude Global Alliance-ին` Հայաստան պիտի միանայ այլ երկիրներու, որոնք միասին պիտի լուծեն մանկական ուռուցքաբանութեան ոլորտի մարտահրաւէրներն ու պիտի ապահովեն ախտորոշում եւ բուժում` քաղցկեղով հիւանդ բոլոր երեխաներուն համար:
Ստորագրութեան արարողութենէն ետք Աննա Յակոբեանը շեշտեց, որ համաձայնագիրը չափազանց կարեւոր քայլ է քաղցկեղի դէմ պայքարին մէջ:
«Հայաստանի մէջ տարեկան կ՛արձանագրուի մանկական քաղցկեղի հարիւր դէպք, եւ մեր նպատակն է օգնել այդ երեխաներուն` յաղթահարելու հիւանդութիւնը: Սուրբ Յուդայի մանկական հետազօտական հիւանդանոց այցելութիւնն ու նաեւ այս համաձայնագիրը չափազանց կարեւոր են, եւ մենք պէտք է ընդօրինակենք հիւանդանոցի լաւագոյն փորձը», ըսաւ Ա. Յակոբեանը` եւս մէկ անգամ շեշտելով, որ իր ամենամեծ երազանքն է, որպէսզի Հայաստանի մէջ ալ նման կեդրոն ստեղծուի եւ հայ մանուկները ստիպուած չըլլան քաղցկեղի բուժման համար մեկնելու արտերկիր:
Սուրբ Յուդայի մանկական հետազօտական համալսարանի փոխտնօրէն Քարլոս Ռոտրիկեզ-Քայլանթոն շեշտեց, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը չափազանց կարեւոր է, եւ մօտ ապագային շարք մը երկիրներ նոյնպէս պիտի անդամակցին նախագիծին:
Սուրբ Յուդայի մանկական հետազօտական հիւանդանոցը քաղցկեղի դէմ պայքարի աշխարհի լաւագոյն կեդրոնն է: Այս հիւանդանոցին մէջ, շնորհիւ բժշկական անձնակազմի եւ անընդհատ զարգացող բժշկական ծառայութիւններու, հնարաւոր կ՛ըլլայ փրկել քաղցկեղով հիւանդ երեխաներուն ութսուն տոկոսը: Հիւանդանոցին մէջ սնունդը, կեցութիւնն ու երթեւեկութեան ծախսերը անվճար են: Հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը, բարերարներն ու բժշկական անձնակազմը վստահ են, որ ոեւէ երեխայ պէտք չէ մահանայ քաղցկեղէն` նիւթական դժուարութիւններու պատճառով: Այժմ հիւանդանոցը ունի 11 միլիոն նուիրատու, որոնք ամսական հիւանդանոցի հաշուեհամարին կը փոխանցեն 25 տոլար: Հիւանդանոցին տարեկան պիւտճէն կը կազմէ մէկ միլիառ տոլար: