Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Թուրք Գերեզմանափորները Կը Փնտռեն Ցեղասպանութեան Ժամանակաշրջանի Հայկական Գանձերը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ    
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջերս «Հապեր թուրք» (Haber Turk) պատկերասփիւռի ընկերութիւնը հարցազրոյց կատարած է մէկուն հետ այն հազարաւոր թուրք գերեզմանափորներէն, որոնք կը փորձեն գտնել մէկ դար առաջ` Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանէն մնացած հայկական գանձերը:

Բաւական չէ, որ 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան եւ զրկուեցան իրենց ունեցուածքէն ու հայրենիքէն, հիմա ալ որոշ թուրքեր «հպարտութեամբ» թանկարժէք մետաղներ կը փնտռեն` պղծելով հայկական գերեզմանոցները եւ այլ հնագոյն հայկական վայրեր, ինչպէս` եկեղեցիներն ու տուները:

Ահա «Հապեր թուրք»-ի հարցազրոյցին բովանդակութիւնը:

«Ինչպէ՞ս կարելի է գողնալ հայկական ոսկին»

Հաղորդավար` Օյլում Թալու
Հիւր` Ուկուր Կուլաչ

Հիւր.- Անհաւատը թուրքին ցոյց չի տար գանձին տեղը, քանի որ մենք կը փորձենք գտնել անհաւատներուն դրամները: Մենք կը փնտռենք հայերուն եւ յոյներուն դրամները:

Հաղորդավար.- Այսպիսով, դուք մասնագէտ գանձ որոնո՞ղ էք:

Հիւր.- Այո՛:

Հաղորդավար.-  Դուք շատ հետաքրքրական անձնաւորութիւն էք: Նախ ձեր գիրքերը զարմանալի են: Ես կ՛ուզեմ այդ գիրքերը նուիրել մարդոց:

Հիւր. Շնորհակալութի՛ւն:

Հաղորդավար. Քարտէսները, քարտէսներու բացատրութիւնը: Սա շատ զարմանալի գիրք է: Ի՞նչ է գանձ որոնողը:

Հիւր. Գանձ որոնողը ոսկեխոյզ է: Միակ բանը, որուն մասին կը մտածէ գանձ որոնողը` ոսկին է, ուրիշ ոչինչ: Անշուշտ, անոնք կ՛աւերեն այն վայրերը, ուր անփութօրէն կը փորեն: Գանձ որոնողները շատ գաղտնի վայրեր գիտեն, որոնց մասին նոյնիսկ հնագէտները չեն գիտեր: Այս է ոսկի գտնողը:

Հաղորդավար. Օ՜հ, հրաշալի է… Ոսկի գտնող… Քանի՞ գանձ որոնող կայ Թուրքիոյ մէջ:

Հիւր. Աւելի քան 500 հազար գանձ որոնողներ, որոնք արձանագրուած են ընկերութեանս մօտ:

Հաղորդավար. Իսկապէ՞ս:

Հիւր. Այո՛…:

Հաղորդավար. 500 հազար գանձ որոնո՞ղ:

Հիւր.- Մօտաւորապէս 18 տարիէ ի վեր ես այս ոլորտին մէջ եմ: Ես կ՛արտադրեմ այդ սարքերը եւ կը վաճառեմ: Այս պահուն 25 հազար մարդու ծախած եմ անոնցմէ: Ներկայ դրութեամբ մենք 130 ընկերութիւն ենք Թուրքիոյ մէջ: Այս ոլորտին մէջ կը ծառայենք ժողովուրդին: Օրինակ, եթէ պետութիւնը գանձեր որոնողներէն խնդրէ բերել բոլոր պատմական իրերը, ապա այդ իրերը թիւով աւելի կ՛ըլլան, քան թանգարաններու մէջ պահուող նիւթերը:

Հաղորդավար. Օ՜հ…:

Հիւր. Թուրքիոյ մէջ գանձերը կ՛ըլլան երեք տեսակի` թոներով, ամաններով եւ կաթսաներով:

Հաղորդավար. Ինչի՞ մասին կը խօսիք: Ամաննե՞ր, թոնե՞ր եւ կաթսանե՞ր:

Հիւր. Այո՛:

Հաղորդավար.- Դուք նկատի ունիք, որ անոնք ամբողջ ոսկին դրած են կաթսայի մէջ, վերէն ծածկած, որովհետեւ այն ատեն դրամատուներ չկային, եւ անոնք փախուստ տուած են…

Հիւր. Անշո՛ւշտ:

Հիւր. Այս աշխատանքը մօտաւորապէս 100 տարուան պատմութիւն ունի: Տեղահանութեան պահուն կարգ մը փոքրամասնութիւններ երկրէն արտաքսուած են: Անոնք չեն կրցած իրենց իրերը տանիլ իրենց հետ, հետեւաբար զանոնք թաղած են տարբեր տեղերու մէջ` մտածելով, որ պիտի վերադառնան: Սակայն անոնց մեծ մասը ոչ մէկ ձեւով կրցած է վերադառնալ: Բայց անոնց զաւակները, տարուան որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ, կու գան Թուրքիա, ուր ապրած են իրենց նախնիները: Իսկ յետոյ անոնք կը փորեն հողը եւ հոնկէ կը հանեն իրենց նախնիներուն թաղած դրամը: Անոնք քարտէսներ ունին: Անոնք կը հիւրընկալուին իրենց նախնիներուն դրացիներուն տունը: Երբ տանտէրը քնանայ, անոնք դուրս կ՛ելլեն, կը փորեն հողը, կը վերցնեն դրամը եւ կը մեկնին: Գանձերու որոնումը կը բաժնուի երկու խումբի: Առաջին խումբը զբաղած է մօտաւոր անցեալի փոքրամասնութիւններու ունեցուածքի որոնումով: Երկրորդ խումբը բաղկացած է հին քաղաքակրթութիւններու պատկանող գանձեր որոնողներէ: (Այնուհետեւ հիւրը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կը փնտռէ իր որոնողական սարքին միջոցով, որ, ցաւօք, չ՛աշխատիր…): Եթէ պետութիւնը քեզ բռնէ առաջին անգամ, ապա տուգանք չկայ… Իզմիթի շրջանը Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաքն էր, եւ հոն թաղուած շատ գեղեցիկ գանձեր կան… Անշուշտ, նաեւ կան թաղուած փոքր գանձեր, որոնք կը պատկանին մօտաւոր անցեալի փոքրամասնութիւններուն: Կախարդանք պէտք է կատարուի հոն: Գանձերը «ճին»-երուն քով պահուած են: Մենք կը փնտռենք ոսկիէ դրամներ: Ոսկին շատ կարեւոր է գանձ որոնողներուն համար: Օրինակ, ոսկիէ կամ այլ բաներէ պատրաստուած արձանները կամ ոսկիէ դրամները շատ արժեքաւոր են: Զանոնք կարելի է ամէն տեղ ծախել: Որոնողները կը հալեցնեն իրենց գտած ոսկիները եւ կամ ուղղակիօրէն կը վաճառեն մաքսանենգներուն, կամ ալ կրնան վաճառել պետութեան: Թող այս մարդիկ ինծի արտօնութիւն տան, ես կը գտնեմ այնքան գումար, որով կրնամ վճարել Թուրքիոյ կառավարութեան պարտքը` Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին:

Հաղորդավար. Իսկ ինչո՞ւ այդ ոսկին դուրս չի հանուիր:

Հիւր. Որովհետեւ այդ երկիրները չեն փափաքիր, որ այս ոսկին դուրս հանուի Թուրքիայէն… Գանձ որոնողները հետաքրքրուած չեն հնագոյն քաղաքներով կամ տարածքներով: Անոնց միակ հետաքրքրութիւնն է` գտնել գերեզմանը, փորել զայն, վերցնել արժեքաւոր իրերը եւ հեռանալ:

Հաղորդավար. Ինչո՞ւ հնագէտները ձեզ չեն սիրեր:

Հիւր. Որովհետեւ մենք կը կոտրենք պատմական իրերը:

Հաղորդավար. Այսպիսով, դուք կ՛ըսէք, որ` «մենք կը փնտռենք վերջին 60-90 տարիներուն տեղահանուած փոքրամասնութիւններո՞ւ գումարները»:

Հիւր. Յաճախորդներուս շարքին կան խորհրդարանականներ, բժիշկներ, գործարարներ, փրոֆեսէօրներ: Հիմա գարուն կու գայ, գանձ որոնողները աշխուժացած են: Անոնք ամիսներ շարունակ համբերատար սպասած են: Անոնք հիմա կը յարձակին: Ամէն տարի այսպէս կ՛ըլլայ: Այս տարի փորուածքներուն մէջ յայտնաբերուած իրերը դարձեալ կը վաճառուին արտասահմանի մէջ: Մենք նիւթապաշտ չենք: Մենք կը հաւատանք նաեւ հոգեւորին: Մահմետականները պէտք է հարուստ եւ հզօր ըլլան: Ինչո՞ւ մենք պէտք է աղքատ ըլլանք: Մենք յատուկ երկիր ենք` ստեղծուած Ալլահին կողմէ…

Հաղորդավար. Շա՛տ շնորհակալ եմ:

Այս գողերը կը թալանեն ոչ միայն հայերուն եւ միւս փոքրամասնութիւններուն պատկանող գանձերը, այլեւ կը խախտեն թրքական օրէնքները: Անհաւատալի է, որ այս գողերը կը յայտնուին թրքական հեռատեսիլի կայանէն  եւ նման լկտի մեծամտութեամբ կը պատմեն իրենց քրէական գործերուն մասին… Թուրքիոյ մէջ խիստ օրէնքներ կը գործեն գանձ որոնողներու դէմ, որոնց թոյլտուութիւնները կը սահամանափակուին 30 օրուան ժամկէտով եւ 100 քառ. մեթր տարածքի վրայ: Կայ «մշակութային տարածքներ»-ու երկար ցուցակ, ինչպիսիք են կրօնական վայրերն ու գերեզմանոցները, ուր արտօնագրով գանձ որոնողներուն անգամ թոյլ չի տրուիր փորել:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>