ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Երեքշաբթի, 26 յունուարին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) մերժեց Ռոպըրթ Ուոլթըրի հեղինակած «Բռնարարքներու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկուցումը, սակայն որդեգրեց Միլիցա Մարքովիչի ներկայացուցած` Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ «Ազրպէյճանի սահմանային բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէ» զեկուցումը:
ԵԽԽՎ-ն իրեն ներկայացուած ազրպէյճանամէտ, ուստի եւ հակահայ երկու բանաձեւերէն մէկը մերժելով եւ միւսը որդեգրելով փորձեց հաւասարակշռութիւն պահել ղարաբաղեան տագնապի երկու կողմերուն միջեւ: ԵԽԽՎ-ն այդպիսով որդեգրեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` նախայարձակն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դնելու արդէն աւանդական դարձած գործելաոճը եւ ընդառաջեց նշեալ խմբակի համանախագահներուն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ բանակցային հոլովոյթը բարդացնող քայլերու որդեգրումէն զգուշացնող կոչին:
ԵԽԽՎ-ն Մինսքի խմբակի փափաքը իրականացուց «լաւագոյն եւ ոչ պատահական դիպաշարով» մը` մերժեց Մինսքի խմբակին համար առաւել խնդրայարոյց եղող զեկուցումը` փոխարէնը որդեգրելով միջնորդ խմբակին համար չարեաց փոքրագոյնը եղողը: Առաջինը Մինսքի խմբակի տեսանկիւնէն աւելի խնդրայարոյց էր, որովհետեւ կոչ կ՛ուղղէր վերատեսութեան ենթարկելու ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման 20-ամեայ հոլովոյթին մէջ որդեգրուած սկզբունքներն ու կիրարկուած մօտեցումները: Ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Մինսքի խմբակին կատարած յայտարարութիւնը, որ իր շահերէն մղուած էր եւ միայն անուղղակի եւ ակամայ կերպով հայանպաստ, մեծ ազդեցութիւն ձգած է ԵԽԽՎ-ի վրայ:
Հակառակ այս բոլորին, Սարսանգի ջրամբարին վերաբերող զեկուցումին որդեգրումը չի դադրիր խնդրայարոյց ըլլալէ, որովհետեւ այդ հարցը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի վերաբերող հարց մըն է, սակայն ատոր վերաբերեալ որոշումը որդեգրուեցաւ առնչակից կողմերէն մէկուն բացակայութեան: Այդ որոշումը միակողմանի ըլլալուն կողքին նաեւ խիստ անարդար էր, որովհետեւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները 1998-1999 թուականներէն ի վեր բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած են եւ Մինսքի խմբակին ու Ազրպէյճանին առաջարկած այդ հարցով գործակցելու Ազրպէյճանի հետ եւ անոր ջուր տրամադրելու, սակայն բարի կամեցողութենէ բխող եւ վստահութեան մթնոլորտի կառուցման ծառայող այդ առաջարկները միշտ ալ վերջինիս կողմէ մերժուած են: Այդ բոլորը անգիտանալով` հայկական իշխանութիւններուն ջուրի աղբիւրները «իբրեւ քաղաքական ազդեցութեան կամ ճնշումի բանեցման միջոց օգտագործելէ հրաժարելու» կոչ ուղղող բանաձեւն ու անոր որդեգրումը մերժելի են եւ ԵԽԽՎ-ի վարկին համար խիստ վնասակար: