Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Օր

$
0
0
ԼՕԽ-ը

Դիւրին եւ միեւնոյն ատեն դժուար է խօսիլ ԼՕԽ-ի մասին: Հիանալի գործ տարած է, կը տանի եւ պիտի տանի անկասկած:

101 տարեկան կազմակերպութիւն մը, որ ծնած է մեր ժողովուրդի արգանդէն, սնանած ու մեծցած է մեր ժողովուրդի նուիրեալներով, աճած ու բազմացած է ու դարձած` «կամաւոր բանակ»:

Դժուար է, սակայն, քանի մը տողերու մէջ ամփոփել ԼՕԽ-ի աշխատանքի տարողութիւնը: Դժուար է թուել այն բազմահազար նուիրեալներու կատարած աշխատանքը, անսակարկ նուիրումը եւ… անբացատրելի` ապրումները, լաւ գործ մը կատարած ըլլալու հաճոյքը, ազգանուէր գործ մը կատարած ըլլալու հոգեպարար զգացումը:

ԼՕԽ-ը Լիբանանի երկնակամարին վրայ շողացող արեւն է, որ իր ճառագայթներով կը հասնի հայ կարօտեալին, ծերունիին, հիւանդին, անկարողին, աշակերտին…

Օգնել ԼՕԽ-ին` կը նշանակէ օգնել ազգին:

Լիբանանեան դաժան պայմանները թեթեւցնող ամենամեծ բարերարն է ԼՕԽ-ը:

ԱՆԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի
տնօրէն խորհուրդի անդամ

  Նեցուկ Կանգնինք
ԼՕԽ-ին

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր ծննդեան առաջին օրէն, 89 երկար տարիներ շարունակ կատարելապէս մարմնաւորած է եւ կը շարունակէ մարմնաւորել հայ կնոջ եւ հայ մօր զոհաբերութեան ու նուիրումի սրբազան ոգին:

ԼՕԽ-ը 89 տարիներ առաջ ինքզինք նետեց ազգին գիրկը` ծառայելու անոր, զայն հեռու պահելով հաւաքական կեանքի ամէն տեսակի տագնապէ, թիկունք կանգնելով կարիքաւորին եւ հասնելով բոլոր անոնց, որոնք դժուարութեան մէջ են:

ԼՕԽ-ի այս վեհ եւ նուիրական առաքելութեան շնորհիւ է, որ երկար տասնամեակներ Լիբանանի մեր գաղութի բարեսիրական, ընկերային, մշակութային եւ կրթական աշխատանքները ապրեցան վերելք, իրենք զիրենք վերանորոգելով` ստացան նոր թափ եւ քայլ պահելով դարուս եւ օրուան պայմաններուն հետ` այսօր եւս կը շարունակեն տիրական ներկայութիւն մնալ մեր գաղութի առօրեայ կեանքէն ներս:

Յատկանշական է նաեւ ԼՕԽ-ի այս սրբազան նուիրումին մէջ` իր ուսերուն վրայ վերցնել հայ աշակերտին կրթութեան եւ ազգային վարժարանին սատար կանգնելու առաքելութիւնը: ԼՕԽ-ի շնորհիւ` հարիւրաւոր հայ աշակերտներ շարունակեցին իրենց ուսումը, աւարտեցին ազգային վարժարաններ եւ, ահա, այսօր կը տեսնենք անոնցմէ շատերը, որոնք վերադարձած են` վերադարձնելու ազգին, իրենց մասնագիտական ծառայութեամբ:

Իւրաքանչիւր տարեշրջանի ընթացքին ԼՕԽ-ի հանգանակութիւնը խթան կը հանդիսանայ վերոնշեալ բոլոր աշխատանքներու եւ ծրագիրներու իրականացման:

ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օրը առիթ է մեզի` անգամ մը եւս կատարելու մեր խղճին պարտքը, նեցուկ կանգնելու այն միութեան, որ ինքզինք նուիրեց` մեղմացնելու կարիքաւորին ցաւը եւ հասնելու կարօտեալին, հիւանդին ու աշակերտին:

Ահաւասիկ կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր` բարոյապէս եւ նիւթապէս աջակցելու ԼՕԽ-ին: Հանգանակութեան այս օրը դառնանք մէկ մարմին, մէկ մարդու նման տանք ԼՕԽ-ին` շատ պզտիկ բաժին մը, քան այն, ինչ որ ինքը մեզի տուաւ, մեր լումայէն հանենք եւ տանք այն մասնիկը, որ պիտի մեղմացնէ շատերու ցաւն ու տառապանքը:

Վա’րձքը կատար բոլոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն, որոնք իրենց անձնուիրութեամբ եւ անշահախնդիր զոհողութեամբ կը յաջողին պայծառացնել մեր ժողովուրդի իւրաքանչիւր սեւ եւ տխուր օրը:

Յարգա՛նք ձեզի:

Տնօրէն Խորհուրդ`
Ազգային միացեալ վարժարանի

Միանա՛նք Օղակին

Տարուէ տարի մեր շրջապատի ընտանիքներուն ընկերային, ընտանեկան եւ տնտեսական իրավիճակներու անկումին նշանները աւելի եւս ակներեւ կը դառնան: Այդ անկումի նշաններուն մեծ մասը կը դրսեւորուի մեր ընտանիքներուն մէջ հասակ առնող աղջիկներուն ու տղոց օրինակով: Մինչ մենք կ՛ուզենք, որ առ Աստուած, առ ծնողք եւ առ ազգ երախտապարտ հայեր պատրաստուին, ներկայ իրավիճակները կ’աշխատին հակառակ ուղղութեամբ:

Ահա հո՛ս է ԼՕԽ-ի այնքան գովելի եւ կրկնակի դերը: ԼՕԽ-ը կու տայ առատօրէն` ջանալով թեթեւցնել հայ ընտանիքին բեռը: Նոյն այդ տալով, նաե՛ւ առիթ կը ստեղծէ, որ հայ անհատն ու ընտանիքը իրենց երախտապարտ ըլլալը փաստեն եւ իրենց կարգին տան` իրերօգնութեան գեղեցիկ օղակ մը կազմելով:

Արդ, միանա՛նք օղակին: ԼՕԽ-ին տալը պարտականութիւնէ մը անդին կ՛անցնի: Անիկա երախտապարտ անձին ու ընտանիքին տրուած առիթ մըն է, որ գործքով արտայայտէ իր զգացումները: Տանք այնքան առատօրէն, որքան ԼՕԽ-ը կու տայ ու կը հասնի  իր ծրագիրներովը` մեծին ու պզտիկին, հիւանդին ու առողջին:

Թող մեր երկնաւոր Հայրը օրհնէ մէն մի ԼՕԽ-ական կամաւորուհի եւ անոր ընտանիքը` ի փառս Իրեն եւ ի բարօրութիւն հայ ազգին:

ՎԱՐԴՈՒԿ ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ
Հայ Աւետ. Շամլեան Թաթիկեան
վարժարանի տնօրէն

Գնահատանք` ԼՕԽ-ին

Լիբանանահայ գաղութին մէջ իր ծաւալած գործունէութեամբ, կարիքաւորներուն ձեռք երկարելու իր նուիրումով, առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան բնագաւառներուն մէջ իր բերած նպաստով ԼՕԽ-ը ունի իր գնահատելի դերը:

Մենք ալ, մեր կարգին, պատրաստ ենք ամէն առիթով մեր ամբողջական նեցուկը տրամադրելու ԼՕԽ-ին` գնահատելով, աջակցելով, քաջալերելով եւ մեր համեստ ներդրումը կատարելով ի նպաստ այս հաստատութեան, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր տուաւ ոչ միայն մէկ, այլ զոյգ ձեռքերով, առանց պոռոտախօսութեան կամ ծափահարութեան ակնկալութեան: Այս նոյն տրամաբանութիւնն ալ կը փոխանցենք մեր նորաբաց վարժարանի աշակերտներուն, որոնց մէջ կը փորձենք զարգացնել տալու, օժանդակելու եւ օգտակար հանդիսանալու հասկացողութիւնը:

ԼՕԽ-ը տարիներ շարունակ անշահախնդրօրէն ծառայեց հայ ազգին ու ընտանիքին` իր միակ հատուցումը ունենալով իւրաքանչիւր կարիքաւորի ժպիտը, բարօրութիւնը եւ գոհունակութիւնը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առաքելութեան կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն, իսկ նուիրեալ իւրաքանչիւր անդամի` անսպառ ուժ եւ կորով: Բոլորի՛ն վարձքը կատար:

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Տնօրէնուհի Մխիթարեան վարժարանի

Երախտագիտութեամբ

Երբ բծախնդրութիւնը, նուիրումը եւ յանձնառութիւնը տեղ մը միանան, տուեալ հաւաքականութիւնը յաւելեալ արժէք մը կը ստանայ: Կը հաւատանք, որ լիբանանահայ բարեսիրական միութիւնները, ընդ որում` նաեւ ԼՕԽ-ը այդ արժէքը կը շնորհեն մեր գաղութին: Հետեւաբար մեր երախտագիտութիւնն ու աջակցութիւնը անառարկելի եւ անվերապահ ըլլալու է բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը ծառայեն տնանկին, հիւանդին ու անկարին:

ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ
Տնօրէն Հայ աւետարանական քոլեճի

ԼՕԽ-ի Առաքելութիւնը

Թէեւ չկան մեր կեանքին սպառնացող  ջարդեր,  ո՛չ  ալ սիպերիական ցուրտ աքսորավայրեր  ու  տանջանքներ, բայց շատ արագ եւ անտեսանելի  թափանցումով մը մեր ազգին սպառնացող  ձուլումի եւ ազգային գոյութեան ուրացումի  վտանգը մեր դրան առջեւն է: Այստեղ  է ԼՕԽ-ի  հայ մօր աշխատանքը օգտակար ըլլալու ամէնուն, գլխաւորաբար հայեցի դաստիարակութեան:

Այսօր դպրոցները կը շարունակեն իրենց սրբազան առաքելութիւնը մեծ զոհողութիւններով:

«Ահաւոր  այս  գոյամարտին մէջ Հայ օգնութեան  միութիւնը անփոխարինելի դեր ստանձնած է. ան կը պահէ իր դիրքերը արիաբար գաղափարապաշտ  եւ  պայքարող հայ երետասարդութեան  կողքին», կը գրէ Մուշեղ  Իշխան:

ԼՕԽ-ը բոլորին բարիք կ՛ընէ. կը դիմէ աղքատին  ու  հարուստին, մտաւորականին եւ ուսուցիչին,  կիներուն եւ ծերերուն, որպէսզի նիւթական  եւ  բարոյական ուժերով շարունակէ իր սուրբ գործը:

ԼՕԽ-ի կազմակերպած հանգանակութեան համար մեծ արժէք ունի նաեւ աշակերտին տուած  սրտաբուխ լուման:

Իւրաքանչիւր հայ, որ կը մասնակցի այս հանգանակութեան, այն վստահութիւնը ունի, որ իր լումաներով հայ երիտասարդութեան  կենսունակութիւն պիտի պարգեւէ:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը  տարիներէ ի վեր ազգապահպանումի էական գործին լծուած`  աննահանջ յառաջ կը տանի առաքելութիւնը:

Այսօր հանգանակութեան օր է. զօրավիգ կանգնինք ԼՕԽ-ին` մաղթելով անոր, որ հասնի իր նպատակներուն եւ իրագործէ իր առաքելութիւնը:

Յարգա՛նք  Հայ օգնութեան միութեան: Յարգա՛նք հայ կնոջ վերելքին:

ՎԱՉԷ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ
Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն

ԼՕԽ-ը` Յանուն
Հայ Ազգի Գոյատեւման

Իւրաքանչիւր հայորդի զանազան պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ ունի` հանդէպ իր ընտանիքին, հաւաքականութեան ու ազգին, որոնց ծառայելու կոչուած է իր սեփական կեանքը կերտելու առընթեր:

ԼՕԽ-ը միշտ ալ կը նպատակադրէ ապահովել հայ ընտանիքներու բարօրութիւնը` խթանելով հայ ժողովուրդի գոյատեւումը: Հետեւաբար իւրաքանչիւր հայ անձնուիրութեամբ պարտաւոր է նեցուկ կանգնիլ ԼՕԽ-ին` անոր ունեցած տասնեակ տարիներու լայնածաւալ գործունէութեան աջակցութիւն ցուցաբերելով, մանաւանդ որ երկրիս տնտեսական վիճակը այնքան ալ փայլուն չէ:

Հայ ազգին յառաջխաղացքը երաշխաւորող այս հանգանակութեան սատարելու բարձր տրամադրութեամբ 68-ամեայ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի մեծ ընտանիքը, հայեցի գիտակցութեամբ, այսօր իր համեստ մասնակցութիւնը բերելով, պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը ցուցաբերել ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին, որ յարատեւ թեւ եւ թիկունք կը կանգնի համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ` նիւթապէս սատարել անոր սրբազան առաքելութեան յաջողութեան ու վերելքին:

Այս առթիւ կ՛ուզեմ ի սրտէ շնորհաւորել վարչութիւնը եւ խաչուհիները` մաղթելով լիակատար յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն: Վարձքերնի՛դ կատար:

ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Պէյրութի Վահան Թէքէեան
Միջնակարգ վարժարանի տնօրէնուհի


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>