Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Նոյն Տարուան Մէջ Երկրորդ Գիրքի Մը Հրատարակութեան Առիթով. «Սիրային Զրոյց Երեւանին Հետ»

$
0
0

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ

Այս անգամ ալ Յովսէփ Պարազեան` Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետը, կը յարգէ իր խոստումը` ընթերցողին սեղանին դնելով իր նոր գիրքը, որուն հրատարակութիւնը կը զուգադիպեցնէ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին:

Ուշագրաւ խորագիր մը` «Սիրային զրոյց Երեւանին հետ»: Իսկապէս ամէն նկատողութիւն կամ թելադրանք, որ եղած է, գիրքին մէջ կը բխի այն խորունկ սէրէն, զոր հեղինակը կը տածէ Երեւանին հանդէպ:

Հեղինակին սիրտը հոն է, պատմամշակութային ու աշխարհաքաղաքական բովանդակութեամբ այս գիրքին մէջ, ուր հայուն ազգային ու քաղաքական բարոյականութիւնը ագուցուած են ժամանակին հետ:

Գեղեցիկ պատկերացում մը տալով` Յ.  Պարազեան Երեւանը կը նկատէ հայութեան բազմաշնորհ մայրը, որ իր գորովագութ ու   պատսպարող հովանիին տակ առած է համայն հայութեան ցանուցիր զաւակները:

Յովսէփ Պարազեան կ՛ուզէ վերաքաղ մը ընել իր դարաւոր նախնիներուն` Հայկ Նահապետէն, Տիգրան Մեծէն, Արտաշէսէն եւ Սաթենիկէն հասնելով մինչեւ Ռշտունի, Լուսինեան տոհմեր, թագաւորութիւններ եւ իշխաններ, որոնք այս երկրի պատմութիւնը գրեցին ոսկեայ տառերով:

Երեւանին հետ զրուցելով` հեղինակը զրուցած կ՛ըլլայ ամբողջ տիեզերքի հայութեան հետ, անոր անցած բոլոր դարերով:

Յ. Պարազեան մտահոգ է համայն հայութեան ճակատագիրով, երբ կը շեշտէ, որ սփիւռքը յաւերժական չէ, այլ ժամանակաւոր հանգրուան մըն է, եւ միայն Երեւանով հայը կը տիրանայ իր ինքնութեան:

Այս գիրքով Յովսէփ Պարազեան իր ակադեմականի նայուածքը կ՛ուղղէ շատ մը կարեւոր եւ հիմնական հարցերու, ինչպէս` հայոց լեզուի պահպանումին, որ պատմական շարունակականութիւն կ՛ապահովէ հայ ազգին ու անոր զաւակներուն:

Հեղինակը մտահոգ է, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ, երբ մէկը երկրի քաղաքացի կը համարուի` առանց այդ երկրին մէջ ծնած ըլլալու, առանց այդ հողին վրայ կոխած ըլլալու: Այս պատճառով ան կ՛ըսէ. «Ահաւասիկ կառուցային հաղորդակցութեան լուրջ խնդիր մը, որ պարզ դիւանակալական հարցէ մը աւելին է, քանի հարկադրաբար կը միտի հայ բնակչագրութեան մէջ քաղաքացիական հասարակաց գիտակցութիւն ստեղծել»:

Ուրիշ տեղ մը Յ. Պարազեան Երեւանի դէմքն ու դիմագիծը կը սերտէ` զայն անառարկելիօրէն ճարտարապետական կառոյցներու քաղաք կոչելով: Իսկ գալով Մատենադարանի բացառիկ կառուցուածքին ու բովանդակութեան` կը հաւատայ, որ Երեւանը կրնայ   դիւրութեամբ արժանանալ` մշակութային համաշխարհային քաղաքի հռչակին:

Ծնած ըլլալով փիլիսոփաներու երկրի մը մէջ` Յ. Պարազեան ամէն հարց կը վերլուծէ գիտնականի մը աչքերով ու իմաստութեամբ եւ կը սերտէ երկու երեսները նոյն հարցին` ժխտական ու դրական մեկնաբանութիւններով:

Ուրիշ տեղ մը մեզ հոգածու սրտով կը զգուշացնէ, որ մենք մեր ծառայութիւնները մատուցենք հանրապետութեան եւ չակնկալենք, որ հանրապետութիւնը ամէն ինչ տայ մեզի:

Երեւանի ապագան աւելի կը մտահոգէ հեղինակը, որ կ՛ըսէ. «Դատարկ հայրենիք չենք ուզեր, բայց հայրենիքը իր դերը ճիշդ պէտք է խաղայ: Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց քաղաքացիներուն հետ շիտակ կը վարուի՞ն: Իրենց սխալները սահմանափակելու ճիգ կ՛ընե՞ն: Երեւանէն գացողները վերադարձի իրենց հայրենաբաղձ ճամբան ինչպէ՞ս պիտի գտնեն»: Քանի հին յունական ժողովրդավարութեան հիմնումի ժամանակներէն ընդունուած իմաստասիրութիւն է առաջնահերթութիւն եւ կարեւորութիւն տալ մարդ արարածին եւ ոչ թէ` իշխանութիւններուն:

Իմաստասիրական սերտողութեամբ ու վերլուծական պատկերացումներով այս հրատարակութիւնը, վստահ եմ, պիտի արժանանայ ամէն հայ անհատի հետաքրքրութեան ու ընթերցանութեան` ըմբոշխնելով տեղ գտած բոլոր միտքերն ու գաղափարները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>