ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հալէպի Սալիպէ թաղամասի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին ԺԴ. դարէն մինչեւ այսօր Բերիոյ թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին է եւ պատմականօրէն առաջին անգամ յիշուած է 1476-ին: Անցեալին եղած է նաեւ կաթողիկոսանիստ եկեղեցի, ուր կատարուած են եպիսկոպոսական ու կաթողիկոսական ձեռնադրութիւններ եւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւններ` 1849-ին Սիսի Միքայէլ Բ. Աջապահեան եւ 1923-ին Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսներուն կողմէ: Մինչ նախնական մատուռը եղած է կաթողիկոսներու, առաջնորդներու եւ ականաւոր եկեղեցականներու ու աշխարհականներու դամբարանը, ուր թաղուած են` Ազարիա Ջուղայեցի (1601 թ.), Պետրոս Կարկառեցի (1608 թ.), Մկրտիչ Քէֆսիզեան (1894 թ.), Բաբգէն Ա. աթոռակից վեհափառ հայրապետները (վերջինիս աճիւնները 1966 թ. փոխադրուած են Անթիլիասի Զարեհեան դամբարանը):
Աւանդութեան մը համաձայն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ եւ նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վայրը քրիստոնէական գերեզմանատուն մը եղած է` իր փոքրիկ մատուռով:
Մինչեւ 1500 թուական` եկեղեցին ներկայացած է իբրեւ փոքր աղօթատեղի-մատուռ մը:
1499-1500 թուականներուն Հալէպի հայ համայնքի երեւելիներէն «Ըռայիս Պարոն Եսայի»-ի բարերարութեամբ, եկեղեցին ընդարձակուած է դէպի արեւելք եւ դէպի արեւմուտք ուղղութեամբ: 1616-ին հալէպահայ իշխան Պետիկ Չէլէպիի նուիրատուութեամբ եւ եղբօրը` Խոճա Սանոս Չէլէպիի վերակացութեամբ, եկեղեցւոյ հիւսիսակողմը կառուցուած է ընդարձակ եկեղեցի մը` երեք խորաններով, որոնք վերակառուցուած են Ի. դարու երկրորդ կիսուն: Կեդրոնի աւագ սեղանը վերակառուցուած է 1965-ին` արդեամբ օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէրեանի (նախագիծ եւ իրագործում` պէյրութահայ ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեանի): Աջակողմեան եւ ձախակողմեան սեղանները վերակառուցուած են 1985-ին (բարերարութեամբ հալէպահայ ազգային տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Այտա Մահսէրէճեաններու, նախագիծ եւ իրագործում` ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի):
1995-ին հիմնովին վերանորոգուած եւ բարեզարդուած է մատուռը: Ս. սեղանը հանդիսաւորապէս վերստին օծուած է 23 սեպտեմբեր 1995-ին` ձեռամբ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի (բարերարութեամբ` հալէպահայ հայր եւ որդի Յակոբ եւ Հրաչ Յակոբեաններու, նախագիծ` ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի, իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Սարգիսի):
Եկեղեցին կ’ընդգրկէ նաեւ վերնատուն (1874 թ.), մկրտութեան աւազան (1888 թ.), զանգակատուն-աշտարակ (1912 թ.), որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի յատուկ յիշատակարան եւ արձանագրութիւն: Ուշագրաւ հնութիւններէն են գետնափոր ներքնայարկը, խաչքարերը (1452-1604 թթ.), առաջնորդական գահը (1733 թ.), սրբանկարներու ընտիր հաւաքածոն, որ շեշտակիօրէն կը բացայայտէ, թէ ԺԵ.-ԺԸ. դարերուն Հալէպի մէջ գոյութիւն ունեցած է հայկական արուեստի իսկական դպրոց մը: Սրբանկարներու մեծ մասը վերանորոգուած են 1993-1996 թուականներուն` նախաձեռնութեամբ Սուրէն սրբազանի եւ հայրենի արուեստագէտ Անդրանիկ Անտոնեանի կողմէ:
Պատմութեան ընթացքին եկեղեցին միշտ ենթարկուած է վերանորոգութիւններու եւ բարեզարդումներու: 1976-ին կառուցուած է Ս. Մինասի սրբանկարին նուիրուած քարաշէն խորանը (բարերարութեամբ` հալէպահայ ազգային Զաւէն Մկրեանի), 1983-ին` Սրբոց Քառասնից Մանկանց սրբանկարին նուիրուած խորանը (բարերարութեամբ` հալէպահայ ազգային Յովհաննէս Տապպաղեանի), 1992-ին` Ս. Աստուածամօր սրբանկարին նուիրուած խորանը (բարերարութեամբ հալէպահայ ազգային տէր եւ տիկին Յովսէփ Մարգարեաններու, նախագիծ եւ իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Սարգիսի), 12 սեպտեմբեր 1993-ին` Ս. Սարգիսի խորանը (բարերարութեամբ` հալէպահայ ազգային բժ. եւ բժշկուհի տէր եւ տիկին Կարօ եւ Թամար Նարպէկեաններու):
28 մայիս 1991-ին շրջափակի հիւսիսային կողմը իրագործուած է Մեծ եղեռնին նուիրուած յուշարձան-որմնաքանդակը (բարերարութեամբ հալէպահայ Կարօ եւ Տիրան Գըլըճեան եղբայրներու, նախագիծ` ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի, իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի): 1991-ին շրջափակի նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցին վերածուած է «Զարեհեան գանձատան», 6 հոկտեմբեր 1996-ին, շրջափակի արեւելեան կողմը` նախաձեռնութեամբ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան, իրագործուած է Տարօն աշխարհի ու նահատակներուն նուիրուած յուշարձան-որմնաքանդակը (նախագիծ եւ իրագործում` հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու եւ հալէպահայ արուեստագէտ Վիգէն Պերթիզեանի): 1992-ին շրջափակը քարապատուած է (բարերարութեամբ Արաքսի Ֆեթթէլի, ի յիշատակ հանգուցեալ ամուսնոյն` Ճորճ Ֆեթթէլի):
Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գործեն` նախկին առաջնորդարանը, Հայց. եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու կեդրոն բաժինը, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղը, «Ա. Ահարոնեան» հանդիսասրահը եւ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի աղջկանց բաժինը:
26 ապրիլ 2000-ին, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, նախագահութեամբ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, նշուեցաւ եկեղեցւոյ առաջին ընդարձակման 500-ամեակը:
Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
2012-ին Հալէպի մէջ սկիզբ առած պայթումներուն պատճառով, յատկապէս տեղի ունեցած հրթիռակոծումներու եւ դիպուկահարներու թիրախ դարձած Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կարգ մը բաժինները վնասուեցան ու աւերուեցան: Թէեւ եկեղեցին անմիջական մեծ վնաս չկրեց, սակայն տարածքը շատ ծանր վնաս կրեց մասնաւորաբար 2015-ի ապրիլին:
Ուրբաթ, 30 մայիս 2018 թուականին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, յատուկ աղօթքներով մեկնարկեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքները:
2018-ի յունիսին Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրով Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի եւ սրբազան հօրմէն տեղեկացաւ պատերազմի ընթացքին ահաբեկիչներու հրթիռակոծումներուն իբրեւ հետեւանք եկեղեցւոյ կրած վնասներուն եւ թեմին կողմէ, հնագիտական եւ կրօնական կառոյցներու վերանորոգման օրէնքներուն համապատասխան, իրականացուող բարեկարգումի մասնագիտական աշխատանքներուն մասին: Յիշատակութեան արժանի է, որ եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը գտնուող դուռը, որ վերջին շուրջ 200 տարին փակ մնացած էր, վերանորոգման ընթացքին բացուեցաւ, որպէսզի հաւատացեալները ասկէ ետք հոնկէ մուտք գործեն եկեղեցի:
Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ի առաւօտուն, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, վերաօծումը կատարուեցաւ եւ իր դռները հաւատացեալներուն դիմաց բացաւ:
Արամ Ա. կաթողիկոս Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերաօծումը կատարեց այն միւռոնով, զոր 29 մայիս 1923 թուականին օրհնուած էր երջանկայիշատակ Սահակ կաթողիկոսին կողմէ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ: Հետեւաբար, 1923 թուականի մայիս 29-ին Հալէպէն դէպի Անթիլիաս տարուած միւռոնը 30 մարտ 2019-ին Անթիլիասէն դէպի Հալէպ հասաւ` հաւատքի նոյն առաքելութեամբ:
Այս առիթով իր հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. ըսաւ. «Փա՜ռք քեզ, Աստուած, փա՜ռք քեզ, որ այս հոգեպարար առիթը ընծայեցիր ինծի` վերաօծելու այն եկեղեցին, ուր դարեր շարունակ կաթողիկոսներ օծուած ու թաղուած են եւ` հայոց միւռոնը օրհնուած»:
Վերանորոգուած եկեղեցւոյ պատին վրայ զետեղուած են երկու յուշաքարեր, որոնց վրայ հայերէնով փորագրուած է հայերէն եւ արաբերէն: Առաջին յուշաքարին վրայ հայերէնով գրուած է հետեւեալը. «Վերանորոգեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցիս ի հայրապետութեան Արամ Ա. կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յառաջնորդութեան Շահան արք. Սարգիսեանի Բերիոյ Հայոց թեմին, բարերարութեամբ եւ նուիրատուութեամբ հաւատացեալ զաւակաց ազգիս, սրբագործուեցաւ ձեռամբ Վեհափառ Հայրապետիս ի թուին հայոց ՌՆԿԸ, Շաբաթ 30 մարտ 2019»:
Իսկ երկրորդին` արաբերէնով «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Հաֆեզ Ասատի դարաշրջանին եւ Իր ազնիւ ներդրումով կատարուեցաւ վերակառուցումն ու բարեզարդումը Հայ Արաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց տաճարին, 30 մարտ 2019»):
Միւս կողմէ, վերանորոգեալ եւ վերասրբագործուած եկեղեցւոյ անդրանիկ ս. պատարագը մատուցուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, բարձր հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Պատարագիչն էր թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը: Պատարագի կիսուն ժամանեց Արամ Ա. վեհափառը ու նստաւ եկեղեցւոյ առաջնորդական պատմական գահին վրայ: Յետոյ խորան բերուեցաւ վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, ուղղեալ Շահան սրբազանին` առ ի գնատատանք անոր առաջնորդական տասնհնգամեայ գործունէութեան:
Այնուհետեւ վեհափառը բեմ բարձրանալով` քարոզեց: Հայրապետը իր պատգամին մէջ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին` շուրջ 15 տարիներու Սուրիոյ հայութեան կատարած իր նուիրեալ ծառայութեան համար:
Վերջապէս, պատմական ու մանաւանդ եզակի խորհրդանշական մեծ արժէք ներկայացնող եւ աւելի քան 600 տարուան կեանք ունեցող Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վէրքերը արդէն անգամ մը եւս սպիացած են` իր հարազատ զաւակներով ու հաւատացեալներով, եւ ան կանգուն ու հզօր վիճակով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` իբրեւ հալէպահայուն բերդ ամրոցը: