Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-ամեակ . Վերնատունը` Ըստ Վարդգէս Ահարոնեանի

$
0
0

Կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին նախագահութեամբ, Լիբանանի Հայոց ազգային առաջնորդարանին եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ իրականացող այս հանդիսութեան ընթացքին «Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնը պիտի ներկայացնէ թատերական համերգ ծրագիր մը:

Զոյգ ամեակներուն առիթով կը ներկայացնենք զոյգ անձնաւորութիւններուն նուիրուած յօդուածներ:

2019-ին Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ վերահրատարակուեցաւ Վարդգէս Ահարոնեանի «Յովհաննէս Թումանեան – Մարդը եւ բանաստեղծը» գործը, Ամենայն հայոց բանաստեղծին ծննդեան 150-ամեակին առիթով:

Վարդգէս Ահարոնեանի Թիֆլիս ապրած տարիներուն մտերիմ յարաբերութիւններ ստեղծուած են Աւետիս Ահարոնեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ընտանիքներուն միջեւ եւ ընծայած առիթ, որ հեղինակը մօտէն ճանչնայ Յովհաննէս Թումանեանը:

Չոր կենսագրութիւն մը չէ այս գիրքը, այլ յուշապատում մը կենդանի ձեւով ներկայացնող Թումանեան մարդը-բանաստեղծը:

Վարդգէս Ահարոնեան նաեւ անդրադարձած է «Վերնատան»: Իր հաստատումով, Թումանեան մեր գրողներուն մէջ իւրայատուկ կը մնայ իր մղումովը, գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ստեղծելու կարողութեամբ, ինչպէս նաեւ հայ գրականութիւնը եւ հայ գրողը ժողովրդականացնելով:

Գրական-գեղարուեստական հաւաքոյթներ եղած են Թումանեանի վարած խրախճանքները: Գրական-գեղարուեստական հարցերով զբաղած են «Վերնատան» անդամները, որոնք մտերիմներ էին, գրական նոյն ըմբռնումները ունէին, բացի Շանթէն, որ ազնուասէր գեղարուեստագէտն էր այս խումբին մէջ: Միւսները` ե՛ւ նիւթի, ե՛ւ լեզուի, ե՛ւ ոճի տեսակէտով` աւելի ռամկասէր էին: Անհրաժեշտ կը գտնէին պարզացումը, գրականութիւնը մօտեցնելու համար ժողովուրդին:

Ծանօթ տեղեկութիւններէն խուսափելով, կ՛անդրադառնամ հետաքրքրական կարգ մը յուշերու, որոնք յաւելեալ լոյս կը սփռեն Թումանեանի «Վերնատան»:

Վերնատան գրական հաւաքոյթներուն կը մասնակցէին միայն վերնատան անդամները: Հանդիպման արձագանգները երբեմն կը հասնէին դուրսի աշխարհ:

Այսպէս եղած է «ու» եւ «ւ»-ի ուղղագրական հարցը այդ թուականներուն եւ անիկա հրապարակային բանավէճի  նիւթ դարձած է մասնաւորապէս Ղազարոս Աղայեանի եւ մանկավարժ-հայկաբան Ս. Մանդինեանի միջեւ:

Կրքոտ պայքարող եղած են երկուքն ալ: Պահպանողական Մանդինեան խիստ յօդուածով մը յարձակում կը գործէ Ղ. Աղայեանի վրայ: Աղայեան իր կարգին յախուռն յօդուածով մը կը պատասխանէ.

«Փիս մարդը Զատկին էլ փիս կը լինի»:

(Փիս մարդը Ս. Մանդինեանն էր, որուն Զատկուան նախօրէին Աղայեան չէր յաջողեր համոզել):

Մանդինեանը յամառեցաւ, սակայն «ու»-ի փոխարէն «ւ»-ը սկսաւ ընդհանրանալ: «Ւ»-ի կողմնակիցներէն էին Վերնատան անդամները:

«Ւ»-ի, «ու»-ի չափ եւ աւելի հռչակաւոր եղած է Թումանեանի «էս»-ն ու «էն»-ը: Թումանեան յամառօրէն օգտագործած է զանոնք.

«Էս տախտի վրայ աղօթում է մի վանք,

Էս ժայռի գլխին հսկում է մի բերդ»:

Բանաստեղծութիւններու, գեղարուեստական գրութիւններու մէջ որոշ չափով հարազատ կը հնչեն այս բառերը, բայց վերլուծական յօդուածագրութեան մէջ` տարօրինակ:

Յատկանշական է, որ Վերնատան չորս անդամները` Ղազարոս Աղայեան, Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան եւ Դերենիկ Դեմիրճեան «էս» ու «էն»-ականներ եղած են:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>