Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Հաղորդագրութիւն Թիւ 16

$
0
0

syria-shdab-logo

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ) կը յայտնէ իր գոհունակութիւնը SARF-ի նախաձեռնած բոլոր աշխատանքներուն նկատմամբ, բայց յատկապէս 2016-ի փետրուար 21-ի դրամահաւաքի ծրագիրին առնչութեամբ: Այս առթիւ ՍՇՕՎՄ-ը բարձր կը գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը եւ կը մաղթէ, որ շնորհիւ մեր հայրենակիցներուն ի սպաս դրած մեծ ջանքերուն, անդուլ աշխատանքին ու անխոնջ ճիգերուն, ծրագիրը լաւագոյն ձեւով կ՛ընթանայ եւ կը նուաճէ իր նպատակակէտը: Վարձքը կատա՛ր նախաձեռնողներուն, աշխատանքներուն մասնակցողներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք սուրիահայութեան ապրած այս դժուարին տարիներուն նեցուկ կանգնեցան անոր ու մնացին անոր կողքին: Մեր հայրենակիցները կը հրաւիրենք, որ անվերապահ մասնակցութիւն բերեն` SARF-ի ճամբով սուրիահայ համայնքի վերականգնումին եւ գոյերթին:

Ի ԴԻՄԱՑ` ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Հալէպ, 20 յունուար 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>