Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Մահաքունի Ախտաճանաչո՞ւմ Թէ Ուշացած Դիազննութիւն

$
0
0

ՀՐԱՅՐ ԱՆՄԱՀՈՒՆԻ

Մամուլի այս ախտաճանաչումին պիտի մօտենամ կերպարուեստի վերլուծական աւանդոյթէն: Եթէ զարմացաք, որ կերպարուեստը նման քննարկումներու մէջ ըսելիք ունի, ապա կը նշանակէ, որ անոր պատմութեան վերջին երկու հարիւր յիսուն տարին փախցուցած էք, այսինքն` անոր պատմութեան բոլոր արդիական շրջանը, որ սկսած է այն օրէն, երբ անիկա ինքզինք եկեղեցիէն ու իշխաններու լուծէն սկսաւ ազատագրելու: Այդ պատմութենէն անկախ, եթէ տակաւին կը կարծէք, որ արուեստը հաճոյք առնել-տալու շաբաթ-կիրակի կէսօրէն ետքի ճերմակ քաղքենիի պարապում է կամ` սալոնի պատէն կախուած ստորագրութիւն, ուրեմն վերջին յիսուն տարին ձեզմէ տասը մղոն անդին գտնուող եւ միջազգային համբաւ ունեցող ոչ մէկ թանգարան, հիմնարկ կամ բարձրագոյն ուսման կեդրոն այցելած էք:

Կամ համացանցի ելեկտրոնները բաւարար չէք քրքրած…

60-ականներէն ասդին` մասնաւորաբար, եթէ զանգուածային հաղորդամիջոցները մնայուն ներկայութիւն են մեր կեանքին մէջ ու անոնց սփռած այս կամ այն կողմի շահերը «Քոքա-քոլա»-ով մեզի կը կլլեցնեն, ապա ամբողջ ճիգ ու աշխատանք մը կայ արուեստագէտներու կողմէ` անոնց մինչեւ վերջին բջիջները տարբաղադրելով մերկացնելու եւ մատնացոյց ընելու անոնց իսկական դիմագիծը: Սեռայինէն անդին` արուեստը միշտ մերկացուցած է ուժ ըսուած թապուն: Ի վերջոյ, սեռայինի թապուն, քաղաքատնտեսականին եւ մանաւանդ կրօնականին իշխանութիւնը ձեռքերուն մէջ պահելու միջոցներէն մէկն է:

Ուրեմն, մի՛ զարմանաք, որ կերպարուեստի ոլորտը, որ պատկեր-ձայնի ու մասնաւորաբար իմաստի փնտռտուքով կ՛ապրի, բաներ մը գիտէ մամուլ ըսուածին մասին, ու եթէ ըսէ, որ հայկական սփիւռքը քարոզչական հինցած-մաշած տխուր օրկաններ ունի միայն, նկատի ունեցէք:

Ո՛չ մասնագիտացած թղթակից ունի, ո՛չ լուր ըսուածին ետեւէն կ՛երթայ, ո՛չ հետախուզելու աւանդութիւն ունի, ո՛չ իր շրջանառութեան սահմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին կեանքով հետաքրքրուած է, ո՛չ ալ գիտէ իր բաժանորդներուն առօրեան, անոնց քաղաքականութենէն ակնկալածները: Այդ իմաստով, բանբերի իր դերէն անդին` պարտականութիւններ չի տեսներ եւ ժողովուրդի կեանքին վրայ անմիջական ազդեցութիւն ունեցող լուրեր չի հաղորդեր: Իր միջավայրի քաղաքացիներուն իրաւունքներուն մասին չի խօսիր, յարակից միութիւններու թերութիւններուն չ՛անդրադառնար, դպրոցներու մակարդակներուն կամ դասաւանդութիւններուն մասին գրեթէ ըսելիք չունի ու կը բաւարարուի ազգային վարժարաններուն տակաւին Հայկ-Բէլն ու Ծննդոցը որպէս պատմութիւն դասաւանդելուն եւ Նոյան տապանէն սերած տեսակ մը առասպելական հայ պատրաստելու երեւոյթը թմբկահարելով: Կարծէք թէ գոյութիւն չունին հայերէնով տեսնուած, լսուած ու ապրուած աշխարհ մը մշակոյթ, գրականութիւն, վերլուծում, միտք ու տեսաբանութիւն, այլ միայն` հաշուապահական ու գովասանական տոմարներ ու արխիւներ:

Որ այդ համայնքէն կարեւոր տոկոս մը rent control-ի պէտք ունի օրը օր ընելու ու յաջորդ օրը արթննալու համար, որ` երբեք ամօթ չէ նման իրաւունքներ պահանջելը, երբ ազատ շուկան զիրենք տեղահան կ՛ընէ: Փնտռեցէք անգամ մը Քալիֆորնիոյ 2018-ի Prop10-ը Լոս Անճելըսի ամենատարածուն օրաթերթին` «Ասպարէզ»-ին մէջ եւ գտէք տող մը իսկ այս նիւթին մասին: Գտէք որեւէ թղթակցութիւն 2008-ի տնտեսական փլուզումին` Great  Recession-ին մասին, անոր` հայ համայնքին վրայ ունեցած բացասական ազդեցութեան: Արկածախնդիր «լումայափոխներ»-ն ու շահադէտերը ինչպէ՞ս մէկ օրուան մէջ քանդած են մարդոց կեանքը: Ֆինանսական հաստատութիւնները եւ անոնց ներկայացուցած դասակարգը, որոնք ոտքի կեցած են` շահագործելով նիւթապէս տկարները: Այս բոլորը ոչ մէկ տեղ գտան մեր մամուլին մէջ: Ոչ ալ անդրադարձ եղաւ այն քստմնելի մտայնութեան, որ մարդիկ արժանի էին եւ յանցաւոր` իրենց ունեցածն ու չունեցածը կորսնցնելնուն մէջ:

Հոս, բայց այս էջերուն մէջ նոյն այդ օրերուն պիտի կարդայիք նախագահ Էրտողանին կամ Տաւութօղլուին այս կամ այն ըսածին մասին, Հայ դատի յանձնախումբին այս կամ այն քաղաքապետին, նահանգապետին կամ ներկայացուցիչին քանիերորդ նուիրատուութենէն ետք ստացուած խոստումին դրժուած ըլլալուն մասին, կամ ո՞վ զով պատուած է, ո՞վ որքան նուիրած է, կամ` Հոլիվուտը, որ հայուն տաղանդը ընդունած է:

Պիտի չկարդաք նաեւ, թէ գործատէրերը ճիշդ որքանո՛վ նուազագոյն աշխատավարձի օրէնքը կը յարգեն, ո՞վ են այն շահագործող ցեցերը: Միջին եւ միջինէն վեր դասակարգի մը մամուլին մասին կը խօսինք այլեւս, տակաւին Պաղ պատերազմ` 58-ի ոսպնեակէն դիտուած, որոնք բայց ոչ մէկ մտահոգութիւն կը ցուցաբերեն նոյն այդ ժողովուրդին Affordable Care Act-ը երկտողով մը գէթ տեղեկացնելու մասին: Այդ ալ փնտռեցէք:

Ճիշդ ո՞ր ժողովուրդին թերթն է:

Նաում Չոմսքի, որուն ծանօթ ենք յատկապէս իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պաշտպան, մամուլ քննարկողի միջազգային համբաւ ունի: Ան այդ քննարկումը կ՛ընէ` եզակի սկզբունքէ մը մեկնելով: Ան իր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տուեալները կը քաղէ Wall Street Journal-էն: Բայց ինչո՞ւ ընկերվարական խոր համոզումներու տէր այս մտաւորականը Միացեալ Նահանգներու ամէնէն պահպանողական օրաթերթին կը վստահի: Գաղափարական հակառակորդին տուեալները գործածելով` հակառակը փաստարկելու աժան  վիճաբանութիւնը չէ իր նպատակը, այլ այդ թերթին ճշգրիտ եւ ստոյգ քաղաքական ու տնտեսական լուրեր հրատարակելուն կարեւորութիւնը տեսնելն է: Եթէ թերթը սխալ տեղեկութիւններ հաղորդէ իր բաժանորդներուն, ապա անոր պատճառով կրնան միլիոններ կորսուիլ: Հետեւաբար թերթը իր հաւաստիութիւնը պահելու նախանձախնդրութիւնը ունի, որպէսզի իր գոյութիւնը պահպանէ: Wall Street Journal-ի իրաւունքն է, անշուշտ, իր խմբագրական էջին մէջ գաղափարական իր կեցուածքը ներկայացնելու:

Մեր մամուլը նոյն այս օրինակին կրնա՞յ հետեւիլ: Խմբագրականները թող կուսակցական մարմիններու քաղաքական ու գաղափարական կեցուածքները կամ որոշումները արտայայտեն: Քիչ մը անդին կարծիքներ` թեր ու դէմ, որպէսզի թերթը չլճանայ, եւ միտքերու բախում տեղի ունենայ: Բայց առանց ճշգրիտ ու առարկայական տուեալնելու ո՛չ այդ խմբագրականները, ո՛չ ալ կարծիքները ամուր յենարան կ՛ունենան:

Եթէ ի ծնէ այդ օրկանները դաստիարակելու պարտականութիւն մըն ալ առած են իրենց ուսերնուն ու հայավարի հայապահպանման կամ ազգապահպանի կասկածելի յղացքներով մշակոյթ-ինքնութիւն կը խմբագրեն, ապա եթէ ժողովուրդը բարդ գրութիւններ չի կրնար կարդալ, հասկնալ ու գնահատել, լեզուի կամ ոճի մատչելիութեան պատճառաբանութիւնը գրութիւններ մերժելու նպատակին կը ծառայեն: Եթէ մշակոյթ-ինքնութիւն խմբագրելու դաստիարակչական այդ պարտականութիւնը կարելի չէ կատարել հինգերորդ դասարանին հանգստեան կոչուած հայերէնի կատարումով, այդ օրկանները արդեօք ձախողած չե՞ն այդ պարտականութեան մէջ, եւ ճիշդ ո՞ւր պիտի կարդանք ձախողութեան այդ լուրը:

Քանի մը պարբերութենէ ի վեր կը լսեմ արդէն նիւթականի ձեր մտահոգութիւնները: Բայց անգամ մը աչքերնիդ վեր բարձրացուցա՞ծ էք` նայելու, որ այլեւս անապատներու աւազներէն ճողոպրած ու թիթեղէ հիւղակներու տակ ապաստան գտած տեղահանը չէք, եւ որ ամբողջ դարու մը փոթորկալից պատմութեան էջերը իյնալ-ելլել-տապլտկելէ ետք, այս անգամ ձեր դատին զո՞հը պիտի դարձնէք ձեր իսկ լեզուն, գրականութիւնը, արուեստը, միտքը, իմաստ ըսուածը:

Այդ լուրերուն համար պէ՞տք է LA Times-ին կամ CNN-ին վստահիլ: Բայց անոնք ճիշդ ի՞նչ գիտեն քու պայմաններուն մասին եւ որքանո՞վ պարտաւոր են համայնքիդ առօրեայով կամ բարեկեցութեամբ հետաքրքրուելու:

Վերադառնանք արուեստին: Կրնա՞նք Շահան Շահնուրի արդէն դար մը առաջ ըսածը այլեւս ականջի ետեւ չնետել, հոն, ուր կ՛ըսէ` տաղանդաւոր արուեստագէտներ ունինք, բայց` ոչ արուեստ: Կրնա՞նք այլեւս քննադատութենէ չսարսափիլ: Կրնա՞նք քննարկել ու վերլուծել: Կրնա՞մ առաջարկել, որ աւելի հեռուները չգացած` նախ քանի մը տարի Էտուարտ Սայիտի «Օրիանթալիզմ»-ը ուշի ուշով կարդալ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Trending Articles