Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

ՀՅԴ 128-ամեակի Տօնակատարութիւն Ֆրեզնոյի Մէջ

$
0
0

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն նշեց կուսակցութեան 128-րդ տարեդարձը` Ֆրեզնոյի մէջ:

Նախքան կեդրոնական ձեռնարկներուն սկսիլը` «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերը համալրեցին նորագիր երիտասարդներ, որոնց կնքահայրն էր Եդուարդ Մկրտիչեանը, որ իր ամփոփ խօսքով շեշտեց նորագիրներուն` Դաշնակցութեան միջոցով ազգին ծառայելու յանձնառութիւնը:  Ան յորդորեց զանոնք` նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ ծառայել ազգին:

Նոյն օրը, երեկոյեան, «Ասպարէզ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս, որ նուիրուած էր ՀՅԴ-ի 128-րդ տարեդարձին` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի երիտասարդներուն կազմակերպութեամբ: Ներկայ էին ուղեկից կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ` Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ:

Կարօտ Գարօղլանեանը բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ` ներկայացնելով «Գէորգ Չաւուշ» ուխտը: Ապա ժամանակը տրամադրուեցաւ պարեղանակներու. խանդավառ ժողովուրդը մասնակցեցաւ պարերուն:

Երեկոն շարունակուեցաւ հայաստանցի արուեստագէտ եւ մարտիկ Մկրտիչ (Մակիչ) Մկրտչեանի ելոյթով, որմէ ետք երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան յեղափոխական երգերով թնդացուց ժողովուրդին սրտերը:

Յաջորդ առաւօտ Սուրբ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ ի յիշատակ «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներուն, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ: Այս առիթով յատկապէս ներկայ էր թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, նաեւ` Կեդրոնական կոմիտէէն ընկերներ:

Պատարագի աւարտին, սարկաւագներու ընկերակցութեամբ, ամբողջ կազմը ներկայ գտնուեցաւ «Արարատ» գերեզմանատունը, ուր կը գտնուին Սողոմոն Թեհլիրեանին շիրիմը եւ յուշարձանը:  Խօսք առաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քարմեն Օհանեանը, որ շեշտեց այն հանգամանքը, թէ Սողոմոն Թեհլիրեան համեստօրէն կատարած էր իր պարտականութիւնը եւ հաստատած` այն պատիւը, որուն հայ ժողովուրդը արժանի է:

ՀՄԸՄ-ի «Սասուն» մասնաճիւղի դրօշակիր սկաուտները, կարգապահութեամբ, մեխակներով եւ վարդերով զարդարեցին հերոս Թեհլիրեանին շիրիմը: Մակիչը մեկնաբանեց «Գինի լից» երգը` յարգելով յիշատակը այն ընկերոջ, որ օր մը, իր կարգին, շարունակած էր նուիրական գործը:

«Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ընկերները երգեցին «Վէրքերով լի»-ն` ուխտելով շարունակել գործը:

Դաշնակցութեան 128-րդ տարեդարձին նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի,10  մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, «Ասպարէզ» կեդրոնին մէջ: Հանդիսավար Ռոզի Պետրոսեանը հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, որոնք հանդիսաւոր տողանցքով զետեղեցին դրօշները եւ երգեցին Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները:

Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը իր խօսքին մէջ յիշեց ՀՅԴ հիմնադիրները եւ այն կարեւոր դէմքերը, որոնք կերտեցին մայիս 28-ը: Ան նշեց անունները Դրոյի, Սիմոն Վրացեանի եւ Արամ Մանուկեանի, որոնք իրենց ընկերներով համախմբեցին բոլոր ուժերը: Ան ըսաւ. «Առանց Ա. հանրապետութեան` այսօր կարելի չէր ունենալ ներկայ անկախ պետութիւնը»:

Յովհաննէս Գարօղլանեանը արտասանեց կոմիտէին խօսքը եւ ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ն միակն է, որ մնաց պատնէշի վրայ, եւ անմոռանալի մարտիկներ իրենց կեանքը նուիրեցին Հայաստանի եւ Հայ դատին համար:

Խօսք առաւ ՀԵԴ «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ատենապետ Կարօտ Գարօղլանեանը, որ յիշեցուց բոլորին, որ մեր պահանջը թուրք պետութենէն մեր հողերն են:

Օրուան բանախօսն էր Վիգէն Յովսէփեանը, որ հաստատեց, թէ այսօր եթէ հայրենիքի անվտանգութիւնն ու հզօրացումը մեր ազգային օրակարգի առաջնահերթութիւնն է, երկրորդ կարեւորագոյն հրամայականը հայրենիք-սփիւռքահայութիւն գործընկերութիւնն է: «Հայաստանի (կը ներառեմ Արցախը) եւ սփիւռքահայութեան գործընկերութիւնը խարսխուած պէտք է ըլլայ ազգային գաղափարախօսութեան այն հիմնարար սկզբունքին վրայ, որ Հայաստանի զարգացումն ու վերելքը իր ամէնէն բնական, ապահով եւ գործնական գործընկերները պիտի փնտռէ ոչ թէ օտար պետութիւններու հովանաւորութեան ներքոյ ու հոն բան մըն ալ կորսնցնէ իր պետական անկախութենէն, այլ իր եօթը միլիոն հաշուող սփիւռքահայութեան մօտ, որուն իսկական ուժն ու կարողականութիւնը, համոզուած եմ, ո՛չ հասկցած ենք, ո՛չ ալ մասամբ իսկ` շղթայազերծած: Միւս կողմէ` սփիւռքահայութիւնը իր ինքնութիւնը պահպանելու եւ որպէս հայկակա՛ն սփիւռք իր գոյութիւնը արդարացնելու համար իր հոգեմտաւոր սնունդը բնականաբար պիտի ստանայ Հայաստանէն, որ սիրտն ու հոգին է հայ ազգային գաղափարախօսութեան»:

Բանախօսին համաձայն, այս գործընկերութեան կարեւորագոյն մասը անոր առնչութեամբ պատկերացում ունենալը, ծրագիր մշակելն ու այդ ներուժը շղթայազերծելն է: «Այստեղ է, որ պէտք է հասկնալ, թէ սփիւռքահայութիւնը պէտք է անմասն ու անմիջական գործընկերը ըլլայ հայրենիքի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խմորին ու ամէնօրեայ կառուցման աշխատանքին, այլ ոչ թէ Հայաստան բերուի խորհրդաժողովներու, շքանշաններու կամ թէկուզ շերտ մը հողատարածք գնելու համար: Այս իմաստով, կը հաւատամ, որ կան շատ մը անմիջական եւ նախնական քայլեր, որոնք պէտք է առնուին` սահմանադրական պատշաճեցումներէն մինչեւ առօրեայ վարչական բնոյթի վերատեսութիւններ:

«Այս գործընկերութեան ակնարկելով է եւ անոր ներուժի հզօրութեան հաւատալով է, որ կը հաստատեմ, թէ ընթացիկ գործընկերութիւններու պարագային, մէկ գործընկերը միւսին վրայ գումարելով, երկուքի համազօր ուժ կարելի է ստանալ, սակայն հայրենիք-սփիւռքահայութիւն կարողականութիւններու գումարումը` ազգային գաղափարախօսական իր լիցքով, զգալաբար աւելի հզօր գործընկերութիւն մը յառաջ կը բերէ, ուր մէկը գումարած մէկին` երեք կարելի է ստանալ», հաստատեց Վիգէն Յովսէփեանը:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ «Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Շխրտմեանը, որ շնորհաւորեց ՀՅԴ-ի 128 տարիներու գործունէութիւնը եւ յիշեցուց, որ Ֆրեզնոն ունեցած է յատուկ անցեալ մը: Ան ըսաւ, որ հոս է, որ հիմնուած է «Ասպարէզ» օրաթերթը, առաջին կոմիտէութիւնը, «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ը եւ իր հաստատութիւններով կը հանդիսանայ կարեւոր գաղութ մը: Րաֆֆի Շխրտմեանը յիշեց այն վրիժառու բազուկները, որոնք օր մը Ֆրեզնոյի ճամբով անցած են, ինչպիսիք են` Արշաւիր Շիրակեանը, Միսակ Թորլաքեանը եւ Սողոմոն Թեհլիրեանը:

Գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան Գառնիկ Սարգիսեանը, Մակիչը եւ Ֆրեզնոյի երիտասարդաց պարախումբը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>