Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Ինտրա Կանտի, Լէոնիտ Պրեժնեւ, Պելճիքայի Ֆիլիփ Թագաւոր. Մատենադարան Այցելած Առաջին Դէմքերը

$
0
0

ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու մատենադարան այցելութիւնները տարեցտարի կ՛աւելնան: Եթէ 2017 թուականին Մատենադարան այցելութիւններու թիւը եղած է 108 հազար, ապա 2018-ին` 112 հազար: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Մատենադարան հիմնարկի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանը նշեց, որ այցելութիւններուն աշխարհագրութիւնը նոյնպէս կը մեծնայ:

«Արցախի մեր մասնաճիւղն ալ 15 հազարէն աւելի այցելու ունեցած է 2018 թուականի ընթացքին: Այցելութիւններու առումով, արդիւնքներէն գոհ ենք: Աւելցած են Չինաստանէն, Քորէայէն, Ֆիլիփիններէն այցելութիւնները: Նախապէս այս երկիրներէն այցելողներ չկային կամ շատ քիչ էին: Աշխուժ են գերմանացիները, իտալացիները, այցելուներուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ Ռուսիան: Կու գան ե՛ւ խումբերով, ե՛ւ անհատապէս: Բաւական մեծ թիւով այցելութիւններ եղան Ֆրանքոֆոնիայի օրերուն: Մենք նախաձեռնած էինք «Հայաստան-Ֆրանսա դարաւոր կապեր» ցուցադրութիւնը, անոր նուիրուած գրքոյկ, ինչպէս նաեւ մանրանկարչութեան նուիրուած պատկերագիրք հրատարակուեցաւ», ըսաւ Վահան Տէր Ղեւոնդեանը:

Մատենադարանին մէջ զբօսավարները կ՛աշխատին 7 լեզուով` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն: Անհրաժեշտութեան պարագային, կը ներգրաւուին նաեւ այն գիտաշխատողները, որոնք կը տիրապետեն պարսկերէնին, արաբերէնին, հունգարերէնին, լեհերէնին:

Մատենադարան այցելուներու թիւին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները, առաջին դէմքերը: 2018 թուականն այդ առումով աշխուժ էր: Մատենադարանի ցուցասրահներու վարիչ Այտա Չարխչեանը «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ այցելուներու թիւին մէջ եղած են` Թայլանտի թագաւորութեան արքայադուստր Մահա Չակրի Սիրինտհորնը, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մատարելլան, Պուլկարիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռումեն Ռատեւը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէն, Պելճիքայի թագաւորը Ֆիլիփը` իր ընտանիքի հետ եւ այլք:

«Անսպասելի էր Պելճիքայի թագաւորին եւ անոր ընտանիքին այցելութիւնը: Սովորաբար պատուիրակութիւններու այցի ժամանակ մեզ նախապէս կը զգուշացնեն, մենք կը պատրաստուինք, սակայն իրենց պարագային այդպէս չեղաւ, յանկարծակի եկան: Քանի որ այցը մասնաւոր էր, ոչ պաշտօնական, հետեւաբար մենք այցէն քանի մը րոպէ առաջ իմացանք: Ըսեմ, որ անոնք շատ տպաւորուած էին», ըսաւ Այտա Չարխչեանը:

2018 թուականին Ֆրանքոֆոնիայի վեհաժողովի ծիրին մէջ (հոկտեմբեր 11-12) Մատենադարան այցելած են նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու նախագահներու կիներ, եղած են պատուիրակութիւններ «Եւրասիական շաբաթ»-ի ծիրին մէջ: Այտա Չարխչեանը նշեց, որ տարեկան միջինը 10 պատուիրակութիւններ, առաջին դէմքեր կ՛այցելեն:

«Պաշտօնական այցերու պարագային, նախապէս կը պատրաստուինք, կը յստակացնենք զբօսավարի լեզուն, ժամանակը, թէ որքան պիտի մնան: Ինչ կը վերաբերի ցուցադրութեան, ապա այդտեղ փոփոխութիւններ չենք կատարեր: Բովանդակային առումով, կը ներկայացուի այն, ինչ այդ պահուն ցուցասրահներուն մէջ ցուցադրուած է», ըսաւ ան: Մատենադարանը ունի մատեան, ուր այցելուները կը կիսեն իրենց տպաւորութիւնները: Այտա Չարխչեանը, որ քանի մը տասնամեակէ ի վեր կ՛աշխատի Մատենադարանին մէջ, նկատեց, որ բոլորը հիացած կը հեռանան Մատենադարանէն` բարձր գնահատելով եղած հարստութիւնը:

Տարբեր ժամանակներու Մատենադարան այցելած են բազմաթիւ առաջին դէմքեր, որոնց մէջ Հնդկաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ինտիրա Կանտին (1976 յունիս), Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Լէոնիտ Պրեժնեւը (1970 ), Ուելսի արքայազն Չարլզը (2013) եւ այլք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>