Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Շնորհիւ Ձեզի՛ Այսօր Մարդ Ենք Ու Հայ

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հազարաւոր հայորդիներ, վստահաբար, ամէն տարի Ուսուցչաց տօնին, խառն, ուրախութեան թէ տխրութեան զգացումներ կ՛ապրին, երբ կը յիշեն իրենց երբեմնի ուսուցիչները:

Տակաւին դպրոցական գրասեղաններուն ետին եղող աշակերտները արձակուրդային այս թուականի նախօրէին ուրախութեամբ եւ նուէրներով կը դիմաւորեն իրենց ուսուցիչները, որոնք իրենց կարգին գնահատուած ըլլալու արդար գոհունակութիւնը կը զգան, թէկուզ իրենց տառապագին ասպարէզին ընթացքին մէկ փայլուն օրով:

Տօները յիշելու եւ արժեւորելու առիթներ են:

Բայց մանաւանդ յաւելեալ արժէք ապահովելու լաւագոյն ենթահող:

Մեր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, մանաւանդ յաջողութեան, նուաճումի, հարստութեան թէ բարձր պաշտօններու ստանձման ժամանակ, յաճախ մարդկային տկարութիւնը մեզ առաջնորդած է ինքնահաւանութեան ինքնակազմաւորման բարդոյթի կամ սեփական իմացականութեամբ տեղ հասած ըլլալու յաւակնութեան: Առաւելագոյնը թերեւս մտածած կամ արտայայտուած ենք շնորհակալութիւն յայտնել մեր ծնողներուն եւ ընտանիքին` անոնց կատարած զոհողութեանց համար, բարոյական թէ նիւթական իմաստով:

Ընդհանրապէս մոռցած ենք ու կը մոռնանք երախտապարտ ըլլալ միւսին, երկրորդի՛ն, որ իրաւամբ առաջինն է մեր ուսումին, կրթութեան, դաստիարակութեան գործին մէջ:

Առաջի՛նը, առանց որուն, մենք լեզու պիտի չսորվէինք, հաշուել պիտի չգիտնայինք, մտածել ու տրամաբանել պիտի չկարենայինք, վարուելակերպ պիտի չունենայինք: Պիտի չկարենայինք ձեռք ձգել դպրոցական վկայական, համալսարանական ուսում, կեանքի ասպարէզ ու յարմարաւէտ կեանք:

Այլ խօսքով, չենք կրցած մտածել, չենք մտածեր, որ այսօր ի՛նչ որ ենք, ենք շնորհիւ այն ուսուցիչին ու ուսուցիչներուն, որոնք մեզ արտասուածոր աչքերով ընդունեցին մանկապարտէզի գոյնզգոյն գրասեղաններուն առջեւ եւ ցտեսութիւն ըսին, երբ շրջանաւարտ եղանք տուեալ դպրոցէն:

Այո՛, մեր ուսուցիչները մեզի ցտեսութիւն ըսին ու բարեմաղթութիւններ կատարեցին վստահաբար:

Բայց մենք յաճախ մոռցանք, ցտեսութեան չպատասխանեցինք զիրենք վերստին տեսնելով, հանդիպելով, մեր լաւ լուրերով զիրենք ուրախացնելով, մեր ուրախութեամբ զիրենք գօտեպնդելով ու մեր յաջողութենէն բաժին մը հանելով իրենց կեանքի վերջալոյսին:

Բնական կեանքի օրէնքն է այս, ընթացիկ մոռացում ապերախտութի՞ւն, թէ՞ բոլորը:

Եւ դեռ, Ուսուցչաց տօնին, շնորհակալութիւն յայտնել ու արժեւորել ուսուցիչը, հա՛յ ուսուցիչը, կը նշանակէ Ուսուցիչի անձին ու հասկացողութեան նկատմամբ վերանայիլ մեր կարծրատիպ մտածելակերպը, յեղափոխել անոր գործին հանդէպ մեր երբեմն վաճառականական երբեմն աղայական մօտեցումները եւ զայն դիտել իբրեւ մարդակերտման, հայակերտման, ազգակերտման ու հայրենակերտման անզուգական խարիսխ, առանց որուն կը քանդուի ամէն հայ, ամէն դպրոց, ամէն եկեղեցի ամէն կառոյց:

Ուսուցիչը` հա՛յ ուսուցիչը. ի՛նքն է մեր յաջողութեան գաղտնիքը, ի՛նքն է մեզ մեծցնող ու պաշտօններու հասցնող ձեռքը, ինքն է մեզ դէպի բարօր կեանքի առաջնորդող խոնարհ, բայց խիզախ հերոսը:

Յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք եկան, ցանեցին, մշակեցին ու հասցուցին նոր սերունդներ:

Յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն մնալ պատնէշի վրայ ու կը շարունակեն դիմանալ կեանքի յորձանուտին մէջ:

Հպարտութիւն տուող աննմա՛ն ուսուցիչներ:

Դո՛ւք էիք ամրացնող բազուկը:
Դո՛ւք էինք հայութեան պաշտպանները:
Մենք չենք կրնար մոռնալ ձեզ:
Երախտապարտ ենք ձեզի:
Շնորհիւ ձե՛զի, այսօր մարդ ենք ու հայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>