Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13279

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.Ծնողքի Մը Զոհողութիւնը

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Զաւակի մը սէրը հօր կամ մօր մը համար չափ ու սահման չունի, նոյնպէս` ծնողքի մը զոհողութիւնը իրենց զաւակներուն համար անսահման է: Դժբախտաբար այս օրերուն ընդհանրացած են անձնասէր եւ անհոգ ծնողները, որոնք իրենց զաւկին հանդէպ պատասխանատուութիւն չզգալով` մի միայն իրենց անձնական հաճոյքին կը նային: Քոյր մը ունէի, որ 10 տարի քաղցկեղէ տառապելէ ետք, 13 տարեկան հասակին մահացաւ: Ծնողքիս բոլոր տեսակի զոհողութեան ականատես եղած եմ, անոնք մինչեւ իրենց վերջին լուման եւ ուժը տրամադրեցին, շատ մը ուրիշ ծնողներու նման, այն յոյսով, որ պիտի կարողանային քոյրս բուժել: Քոյրս մահանալէն երկու տարի առաջ աչքերը կորսնցուցած էր` քիմիաբուժութեան երկարատեւ դարմանումներու հետեւելուն պատճառով: Մէկ շաբաթ անցած էր  լիբանանեան պարտադիր բանակ զինուոր զինուորակոչուելուս, երբ իմացայ քրոջս մահուան գոյժը: Յուղարկաւորութենէն ետք, օր մը, երբ մօրս հետ նստած` կ՛ընթրէի, մօրս մէկ արտայայտութիւնը շատ նեղացուց զիս, երբ տեղեկացայ, որ ողորմած քրոջս մօտիկ ընկերուհիներէն մէկու մը մայրը օր մը թելադրած էր իր աղջկան, որ այլեւս ժամանակ չանցնէր քրոջս հետ: «Թամարը կոյր է, հետը այլեւս մի՛ խաղար». դժբախտաբար այս մէկը լսած էին քոյրս եւ իր միւս ընկերուհին եւ օրին լալով մօրս տեղեակ պահած էին: Այս եղած էր ամէնէն տանջալի դէպքը, որ քոյրս եւ ծնողքս տանջած էր նոյնիսկ հիւանդութենէն աւելի. անոնք ոչ մէկը տեղեակ պահած էին եւ նոյնիսկ իրենց բնականոն ընթացքը փորձած էին պահել այդ նոյն ընկերուհիին ծնողքին հետ: Քոյրս այդ թունաւոր խօսքերը մինչեւ մահ միշտ վերյիշելով,  տանջուած էր` նոյնիսկ երբեմն մոռնալով իր հիւանդութիւնը: Ծնողքս` իբրեւ գիտակից հայր ու մայր, մինչեւ օրս հաշտ ապրած են իրենց շրջապատին հետ, նոյնիսկ երբ վնաս կրած են մարդոցմէ, անոնց լաւութեամբ փոխադարձած են: Ես օրին չէի հասկցած ծնողքիս խաղաղ կեցուածքը եւ մինչեւ վերջերս վրէժ լուծելու պատրաստակամութիւնը ունեցած եմ: Մայրս միշտ հանդարտեցուցած է զիս եւ անընդհատ խրատած, որ չարին բարիով միայն կրնանք յաղթել: Քրիստոնէութիւնը մեզի կը սորվեցնէ սիրել թշնամին եւ աղօթել անոր համար… Ծնողքիս ապրելակերպը իրենց բարի գործերով կենդանի օրինակ էր…. Ամէն գիտակից ծնող պէտք է ուշադիր եւ պատասխանատու ըլլայ իր զաւակներուն հետ խօսածին եւ խրատածին, որովհետեւ ինչ որ ցանէ, այն ալ պիտի հնձէ հետագային: Մարդու հոգեկան աշխարհի անկումը աւելի խոցելի է, քան` մարմնայինը: Ուշադիր պէտք է ըլլանք այս կամ այն պատճառով անհաշիւ վշտացնելէ մէկը եւ լաւ մտածենք ու ընտրենք բառերը մեր բերանէն արձակելէն առաջ: Ծնողքիս դաստիարակութիւնը կը փորձեմ իմ զաւակներուս տալ, որ իրենք ալ իրենց կարգին ըլլան խաղաղ անձեր: Տասը տարուան նիւթական եւ հոգեկան նեղութեան մէջ կարողացանք շարունակել իբրեւ ընտանիք` միշտ մեր շուրջը ունենալով լաւ հարազատներ եւ դրացիներ, որոնք իրենց կարգին տեւական ներկայութեամբ հոգեկան եւ բարոյական պէտք եղած մատակարարումը կատարեցին: Հարկ է յիշել եւ մեր երախտապարտութիւնը յայտնել ՀՅԴ ակումբներու կուսակցական եւ համակիր տղոց, որոնք 10 տարի անընդհատ քրոջս կարողացան իրենց արեան օգնութեան բաժինը բերել նոյնիսկ լիբանանեան պատերազմի ամէնէն ծանր ժամանակ, երբ երթեւեկը անապահով էր, եւ շատ յաճախ ճամբաները փակ էին: 8 մարտ  2019-ը քրոջս` Թամար Բագրատ Վարդանեանի մահուան 23-րդ տարելիցն է: Շատ անգամ չենք հասկնար Աստուծոյ ծրագիրները եւ յաճախ, երբ նեղանանք, կը բողոքենք ու կը գանգատինք Աստուծոյ… Մէկ խօսք մեզ կը մխիթարէ, երբ իբրեւ քրիստոնեայ կը հաւատանք, որ այս աշխարհէն երբ մարմնապէս հեռանանք, ժամանակաւոր կերպով կը ննջենք մինչեւ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստի ժամանակը… Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, իմ թանկագի՛ն քոյրս, եւ իր արքայութեանը արժանացնէ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13279

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>