Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Թուրքիան Առաջին Երկիրն Էր, Որ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1918 Թուականին

$
0
0

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Հայոց ցեղասպանութիւնը հազուադէպօրէն կը քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ եւ, ուստի, աւելի հազուադէպ կը նկատուին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ կատարուած յայտարարութիւնները:

Վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած երեք հայ երեսփոխաններէն երկուքը 14 յունուար 2016-ի իրենց խորհրդարանական ելոյթներուն ընթացքին համարձակեցան բարձրացնել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սելինա Տողան խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Քանի որ այս հարցը կը վերաբերի  ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ` Թուրքիոյ, հետեւաբար զայն պէտք է բարձրացնել Թուրքիոյ խորհրդարանին եւ ոչ թէ այլ խորհրդարաններու մէջ: Հակառակ պարագային, ամէն ապրիլ 24-ի մենք պիտի շարունակենք արդէն իսկ սովորական դարձած նոյնօրինակ յայտարարութիւններ ընել եւ այսպիսով պիտի նպաստենք մեր միտքերէն արագօրէն այս թեման ջնջելու գործին: Ես համոզուած եմ, որ մեզմէ ոչ ոք ատիկա կ՛ուզէ: Կը փափաքիմ յիշեցնել ձեզի, որ 2015-ին, Էրզրումի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը յստակօրէն յայտարարեց, որ տեղահանութիւնը յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ»:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացնող Կարօ Փայլան, որ նոյնպէս խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին. «Հարիւր տարի առաջ, պետական որոշումով, հայ ժողովուրդը արմատախիլ եղաւ եւ բնաջնջուեցաւ: Իմ ընտանիքս` մեծ հայրս եւ անոր ընտանիքը, նոյնպէս վնասուեցան այս իրադարձութիւններէն: Մեծ հայրս որբացաւ` կորսնցնելով ծնողները: Ես որբերու եւ եաթաղանի մնացորդներու սերունդէն եմ, կ՛ապրիմ այս երկիրին մէջ: Իմ ցեղս ջարդուած է»:

«Փայլանի ելոյթին ընթացքին խորհրդարանի կարգ մը երեսփոխաններ իրենց դժգոհութիւնը կ՛արտայայտէին` բարձրաձայն գոռալով, իսկ ծայրայեղ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ Պաքի Շիմշեք նախազգուշացուց` ըսելով. «Մենք կը գտնուինք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Ո՛չ ոք կրնայ ըսել, որ Ցեղասպանութիւն եղած է: Այսպիսի անկրթութիւն մը անընդունելի է»:

Թէեւ այս մէկը անսովոր քննարկում էր, սակայն առաջին անգամը չէր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող յայտարարութիւններ կը հնչէին Թուրքիոյ  խորհրդարանէն ներս: Օրինակ, նոյեմբեր 2014-ին, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Սեպահաթ Թունճել առաջարկեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծ մը վաւերացնել: Ան նաեւ կոչ ուղղեց նախագահ Էրտողանին գալ խորհրդարան` Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններ ճանչնալու եւ ներողութիւն խնդրելու համար: Ըստ օրինագիծին, Էրտողան պէտք է հրապարակաւ կրկնէր իր ներողութիւնը զանգուածային ոճիրներու վայրերէն մէկուն մէջ, ապա ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս սգատօն հռչակէր:

«Աւելի՛ն. խորհրդարանը նաեւ պէտք է յառաջացնէր «Ճշմարտութիւն» անունով յանձնաժողով մը եւ բանար պետական արխիւներուն մէջ պահուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կ՛առնչուէին այս զանգուածային ոճիրներուն: Վերջապէս, օրինագիծը կ՛առաջարկէր բարոյական եւ նիւթական հատուցում տալ զոհերու ժառանգորդներուն: Զարմանալի չէ, որ Թունճելի օրինագիծը շատ արագ պահուեցաւ, որպէսզի այլեւս երբեք լոյս աշխարհ չգայ…

Այնպէս` ինչպէս ըսած էի աւելի քան մէկ տարի առաջ, Թունճելի առաջարկը առաջին անգամը չէր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին իբրեւ բանաձեւ կը ներկայացուէր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: 4 նոյեմբեր 1918-ին նորակազմ օսմանեան թրքական խորհրդարանը հանգամանօրէն քննարկեց երիտթրքական կառավարութեան կողմէ իրականացուած ոճիրները, ապա ներկայացուեցաւ առաջարկ մը, ուր կ՛ըսուէր. «Մէկ միլիոն հոգի, որոնց շարքին` կիներ եւ երեխաներ, հայ ազգին պատկանելէ բացի ուրիշ մեղք չունէին, կոտորուեցան եւ բնաջնջուեցան»: Ասոր ի պատասխան` ներքին գործոց նախարար Ալի Ֆեթհի Օքէար յայտարարեց. «Կառավարութիւնը մտադիր է շտկելու մինչեւ օրս տեղի ունեցած իւրաքանչիւր անարդարութիւն, եւ որքան միջոցները թոյլ կու տան, այդքան կարելի կը դառնայ աքսորուածներու վերադարձը իրենց տուները, եւ որքան կարելի է` կը հատուցուին անոնց կրած նիւթական վնասները»:

Այս առաջարկին իբրեւ արդիւնք` ստեղծուեցաւ երեսփոխանական քննչական յանձնաժողով մը` հաւաքելու համար բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որոնք կը նկարագրէին այն մարդոց գործողութիւնները, որոնք պատասխանատու էին, այդ օրերու բնութագրումով` «Հայկական տեղահանութիւններ եւ կոտորածներ» կազմակերպելու համար: Ապացոյցները փոխանցուեցան Թուրքիոյ ռազմական դատարան, ապա մեղաւոր հռչակուած մարդիկը կա՛մ կախուեցան, կա՛մ ալ դատապարտուեցան երկարատեւ բանտարկութեան:

Իբրեւ ամբողջացում պատգամաւորական այս առաջարկին` մենք պէտք է յիշենք նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Քեմալ Աթաթուրքի խօսքերը, զորս «Լոս Անճելըս Ըքզեմինըր» թերթը մէջբերած էր 1 օգոստոս 1926-ին. «Նախկին երիտթուրքերու կուսակցութեան այս վիժուածքները պէտք է պատասխան տան կեանքերուն համար մեր միլիոնաւոր քրիստոնեայ հպատակներու, զորս զանգուածաբար եւ դաժանօրէն քշեցին իրենց տուներէն եւ կոտորեցին»:

1918-ի երեսփոխանական առաջարկը, թրքական ռազմական դատարաններու դատավճիռները եւ նախագահ Քեմալ Աթաթուրքի մեղադրական խօսքերը բաւարար են Թուրքիան նկատելու առաջին իսկ երկիրը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը…

Հետեւաբար, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետամուտ ըլլալու փոխարէն` հայերը պէտք է հատուցում պահանջեն իրենց բոլոր կորուստներուն համար, այնպէս ի՛նչպէս 98 տարի առաջ խոստացեր էր ներքին գործոց նախարար Ֆեթհի Օքէար…

 

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>