ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Վաղուան օրը նուիրուած է Վարդանանց յիշատակին: Կը կարծեմ, որ պէտքը չի զգացուիր անդրադառնալու Աւարայրի պատմութեան: Գէթ հայերէն գիտցող ամէն հայ մարդ այդ պատմութիւնը գիտէ արդէն: Սակայն վեր հանելու ու պանծացնելու համար ցեղային մեր հոգեկերտուածքը, ազգը յատկանշող տոկունութիւնն ու դիմադրականութիւնը` կ՛արժէ միայն արձանագրել, որ մեզի կրօնափոխութիւն պարտադրելու յաւակնող հզօր Պարսկաստանը ի՛նք չդիմացաւ արաբական ճնշումներուն ու իսլամացաւ , մինչդեռ մենք հաստատ ու աներեր մնացինք մեր հաւատքին մէջ…
Այս առիթով` կարճ խորհրդածութիւն մը:
Ժամանակաշրջանի ( 5-րդ դար ) Հայաստանի տիրական երկու դէմքերը` Վասակ Սիւնի մարզպետը եւ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը խորհրդանշականօրէն նեկայացուցիչներն էին երկու տարբեր բեւեռներու` քաղաքական երկու տարբեր հոսանքի ու վարքագծի:
Համախոհ իշխաններով Վասակ Սիւնի ներկայացուցիչն էր խոհականութեան, ստեղծուած տագնապալի կացութիւնները շրջահայեացութեամբ ու դիւանագիտական քայլերով դիմագրաւելու ուղեգծին: Կը համարէր, որ ապստամբութիւնը աղէտալի կ՛ըլլայ հայրենիքին համար եւ կը մերժէր մաս կազմել այդ տեսակ կործանարար արկածախնդրութեան մը: Իսկ Վարդանն ու իր զինակից ընկերները կը հաւատային , որ մեր ազգը հոգեթափ ընելու Յազկերտի ծրագրին ու անոր գործադրած բռնացումին դէմ դնելու մէկ ու միակ միջոց կայ` «Մահ իմացեալ»-ով հերոսական խոյանքը : Առաջինը կը վստահէր իր մտքին ու անով կատարած հաշուարկներուն : Իսկ Վարդանանք կը կառչէին սեփական ուժին ու ոգիի խիզախումին:
Եւ իրապէս ոչ մէկ հաշուարկ կ՛երաշխաւորէ , որ չմարզուած, զինուորական վարժանքէ զուրկ 66.000 մարդոց բազմութիւն մը յաղթանակէր 300.000 հաշուող Յազկերտի սպառազինուած հզօր բանակին: Բայց…
Հայ ժողովուրդը հմայուեցաւ Վարդանանց խիզախումէն եւ անոնց «չհաշուարկուած» ապստամբութիւնը անօրինակ յաղթանակի դափնիներով զարդարեց, իր պատմութեան շքեղ էջերէն մին նուիրեց անոր եւ յաջորդական սերունդները, մանկապարտէզէն սկսեալ, դաստիարակեց Վարդանի ոգիով:
Այդ խիզախումին դիմաց ընկրկեցաւ նոյնինքն Պարսկաստանը եւ այդուհետեւ բռնացումով մեզ կրօնափոխ դարձնելու իր առաջին փորձը չկրկնեց :
Իսկ Վասակը խարանուեցաւ դաւաճանի պիտակով: Կը թուի, թէ ժողովրդային անգիտակից բնազդը կը զգայ, որ մտքի ամէնէն անխառն ու անշահախնդիր հաշուարկին մէջն իսկ, թէկուզ` շատ աննշան ու չնչին չափով, բայց անպայման տեղ մը կը յատկացուի նաեւ սեփական ակնկալիքի: Թերեւս այս էր պատճառը, որ հայ ժողովուրդը չներեց Վասակին` գիտնալով հանդերձ, որ ան Յազկերտի կողմէ բանտարկուեցաւ, ապա բանտին մէջ ալ մեռաւ այն յանցանքին համար , որ նախապէս ապստամբութեան կողմնակից ըլլալով եւ անոր յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով Բիւզանդիոնի աջակցութիւնը խնդրած էր, եւ մերժումի հանդիպելէն ետքն է, որ ընդդիմացած էր այդ գաղափարին` հաշուարկելով , որ ազգի ուժերէն վեր` անյոյս ու վտանգաւոր է ապստամբութեան ծրագիրը:
Այդպէս է . լուսապսակի կ՛արժանանայ եւ ժողովուրդի պատմական երթի ճամբան կը գծէ հերոսական խիզախումը , նոյնիսկ եթէ անյաջող աւարտ մը ունենայ , մինչ ամէնէն կատարեալ հաշուարկն անգամ չի ներուիր, եթէ ձախողի…
Աթէնք, 25 փետր. 2019