ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ընկերներու առաջարկին ընդառաջելով, 1980ին լոյս տեսած իմ այս յուշագրական յօդուածը – կարգ մը յստակացումներով – կը տեղադրեմ Դիմատետրի իմ էջին վրայ: Այսօր յուզումով կ՛անդրադառնամ, որ երբ ան կը գրուէր, մենք դեռ չունէինք վերականգնուած անկախ պետականութիւն եւ քաղաքականացած ծաւալուն սփիւռք: Պիտի խոստովանիմ, որ անոր ընթերցումը (հրատարակութեան թուականէն գրեթէ քառասուն տարի ետք) իմ մէջ արթնցուց յիշողութիւններու ամբողջ աշխարհ մը՝ նոր ժամանակներու մեր քաղաքական մարտահրաւէրներու սուր գիտակցութեամբ: Մեր ուսուցիչները կ՛ապրին մեր մէջ, եւ իրենց պատգամը դեռ կ՛անցնի սերունդէ սերունդ:
Յարգա՜նք իրենց պայծառ յիշատակին:
Կ. Ա.
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
Լեւոն Շանթին մահը կորուստի անդարմանելի զգացում մը ձգեր էր իր ետին: Քանի մը տարի առաջ մահացած էր Նիկոլ Աղբալեանը, եւ Ճեմարանի ընտանիքը հազիւ կրցեր էր ընդունիլ անոր անդարձ բացակայութիւնը: Զայն ընդուներ էր ափսոսանքով, քանի որ այժմ օրերը շատ աւելի գեղեցիկ էին դպրոցին համար, քան երբեւէ եղած էին, երբ տակաւին ողջ էր Աղբալեանը: Մենք արդէն փոխադրուեր էինք նոր շէնք: Այսինքն նախկին Ֆրանսական Ծովակալութեան փառահեղ ապարա՛նքը՝ ի փոխարէն մեր համեստ դպրոցին, որ կը գտնուէր Ուատի Ապու Ժեմիլ փողոցին վրայ, հրեաներու թաղին անկիւնը: Այս հրաշքը կարելի դարձած էր շնորհիւ Փալանճեան քոյրերու մեծագումար նուէրին: Ան նաեւ կարելի դարձաւ շնորհիւ ամերիկահայ գաղութին կողմէ կազմակերպուած զանգուածային հանգանակութեան:
Նոր շրջան մը կը բացուէր Ճեմարանին համար: Առաջին անգամ ըլլալով ան պիտի մտնէր համագաղութային իր դերին մէջ: Պիտի դառնար Համազգայինի հիմնադիրներուն երազած օճախը: Լեւոն Շանթը իր ութսունին մէջ պէտք էր ըլլար այդ տարի եւ, սակայն, ան այժմ թեւակոխեր էր երիտասարդութեան իր նոր եւ բացառիկ շրջանը: Ան անձամբ մեկներ էր Ամերիկա եւ քաղաքէ քաղաք տարեր՝ մշակոյթի իր պիրկ պատգամը: Կարծես ան սպասեր էր այս օրուան, եւ օրը արդէն կը պսպղար իր շուրջը: Ամէն առաւօտ, անսխալ ճշդապահութեամբ, ան կը մտնէր նոր դպրոցին դարպասէն ներս եւ իր շուրջ սփռուողը ներքին ուժի եւ կարգապահութեան նախանձելի զգացում մը կ՛ըլլար, որ այդքան վերիվայրումներէ ետք դեռ զինք կ՛ընէր աշխուժ ու նպատակախնդիր եւ դեռ զինք կը մղէր հեռուն:
Հիմա, որ կը վերյիշեմ իր դիմագիծը, յանկարծ գիւտը կ՛ընեմ տարօրինակ իրողութեան մը, որ մնացեր է ներսս. կ՛անդրադառնամ, որ այդպիսի հայ ես չեմ տեսած ուրիշ որեւէ տեղ: Իմ տեսած հայերս ունեցած են ցաւագին կնճիռ եւ կռուած են զիրենք շրջապատող անելին դէմ: Լեւոն Շանթին նայողը պիտի չգիտնար, որ անոր ազգը դեռ քանի մը տասնամեակ առաջ միլիոնաւոր զոհեր տուած էր անարգ ցեղասպանութեան. ինկած էր ու՝ բարձրացած. ստեղծած էր անկախ պետականութիւն ե՝ւ զայն վերստին կորսնցուցած: Եւ Շանթը գտնուած էր այդ բոլորին վայրագ հոսանքին մէջ: Շանթին նայողը պիտի գիտնար, որ անոր ազգը կրնար ծնունդ տուած ըլլալ Զուարթնոցին, կրնար շինած ըլլալ Անին, կրնար մշակած ըլլալ ընտիր լեզու եւ ճոխ մատենագրութիւն եւ կամ ստեղծած ըլլալ «Հայերէն արմատական բառարան»-ը եւ, ուրեմն, իր բանականութեան եւ հանճարին ուժով պարտադրած ըլլալ ինքզինք:
Այսպէս, ուրեմն, իր երկրորդ երիտասարդութեան ամէնէն ուժական հանգրուանին վրայ էր, որ ան կը մեկնէր անդարձ եւ իր ետին կը թողուր հոգեբանական հսկայ պարապութիւն մը, զոր մենք կը կարդայինք մեր ուսուցիչներու դէմքին վրայ: Մեր դասարանը չկրցաւ հասնիլ իրեն: Տարիներ շարունակ մենք սպասեցինք համբերութեամբ եւ յուսացինք, որ կը հասնէինք վերի կարգերը եւ կ՛աշակերտէինք իրեն: Եւ սակայն այդ բախտաւոր օրը չհասած, անձրեւոտ օր մը, յանկարծ հասաւ մահը, եւ այժմ մենք մեր ուսերուն վրայ պիտի տանէինք անոր դագաղը: Պէյրութի ամբողջ հայութիւնը՝ մեծով ու պզտիկով եւ իր բոլոր հատուածներով, կը մասնակցէր սուգի օրուան: Եւ մենք՝ լսարաններու աշակերտնե՛րս, կը քալէինք առջեւէն յուղարկաւորութեան անծայր թափօրին:
Շանթին մահէն գրեթէ տարի մը ետք, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով, Ճեմարան կը հասնէր Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը: Ան կու գար Ամերիկայէն: Բայց իր անուան հմայքը արդէն վաղուց հասած էր մեզի: Ճեմարանի գրադարաններուն ամուր փակուած փեղկերուն ետեւէն մենք տեսեր էինք իր խմբագրած «ՎԷՄ»-ին հաւաքածոները: Փորձեր էինք կարդալ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» եւ իր անունը փնտռեր՝ «Հայրենիք» ամսագրի էջերուն մէջէն: Մեզի համար ան արդէն հեռուէ հեռու կը խորհրդանշէր հայոց անկախ պետականութիւնը, երբ հասաւ Պէյրութ:
Շուտով Ամերիկայէն կը հասնէին պր. տնօրէնին անձնական գոյքերը: Սնտուկներու կոյտ մըն էր: Հինգշաբթի օր մը քանի մը հոգի կանչուեցանք կամաւոր աշխատանքի եւ մէկիկ-մէկիկ բացինք այդ սնտուկները … Տնօրէնին գրքե՜րն էին: «Օ՜ գրքերի աշխարհը տիեզերք է անեզր»: Ամէն չափի այդ գրքերը եւ պարբերականներու հաւաքածոները, ձեռագրերու դէզերը… Կար պատմութիւն, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն. քաղաքական, գիտական, դիւանագիտական նիւթերու ժողովածուներ՝ բազմաթիւ լեզուներով: Անոնք այժմ մաս կը կազմեն Ճեմարանի հաւաքածոյին:
Վրացեանին մուտքը Ճեմարանէն ներս պէտք էր եղած ըլլար անձնական մեծ եղելութիւն մը, որուն գիտակից չէինք կրնար ըլլալ մենք այդ օրերուն, եւ ինք շատ լռակեաց մարդ մըն էր բանալու համար իր ապրումներուն քողը: Քանի մը տարի ետք միայն իր նոր հրատարակուած էջերէն, մենք պիտի իմանայինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն անմիջապէս ետք Շանթը, Քաջազնունին, ինք եւ Յովհաննէս Տէվէճեանը միասին անցեր էին երկրէ երկիր եւ մէկզմէկու հետ բաժներ՝ աքսորական մարդու ծանր մտածումները: Իսկ Շանթին մահէն դեռ մէկ-երկու տարի առաջ ինք եւ Շանթը Ամերիկայի մէջ վերստին գտեր էին զիրար, վերստին գործեր միատեղ եւ կարելի դարձուցեր Ճեմարանի ի նպաստ կազմակերպուած այդքան կենսական հանգանակութիւնը: Հիմա վերստին կը բացուէր վաղուց կղպանքի տակ առնուած Լեւոն Շանթին գրասենեակը եւ ան պաշտօնապէս կը յանձնուէր Ճեմարանի երկրորդ տնօրէնին:
Ես շուտով պիտի ճանչնայի իսկական մտաւորականը՝ այս լռակեաց մարդուն մէջ: Ան ունէր բառերու սակաւապետութեան գաղտնիքը: Իր հարցումները ան կը բանաձեւէր խօսքի նուազագոյնով, եւ սակայն այդ հարցումները կը հալածէին մեզ: Ան պիտի պահանջէր, որ մեր մտքերը ըլլային զուսպ, փաստարկուած, խելացի: Պիտի արգիլէր պոռոտախօսութիւնը: Պիտի պահանջէր գո՛րծը՝ խօսքին փոխարէն: Պիտի ուզէր, որ ըլլայինք հարցադրողներ եւ չգոհանայինք մակերեսային պատասխաններով: Իրը սառն մտածումն էր: Ան չունէր Սասունիին անմիջական ջերմութիւնը. չունէր անոր գունագեղ լեզուն: Իր բառերը չէին կրնար մօտենալ մեր սրտին: Անոնք ունէին պաղ մետաղին փայլը եւ սակայն յայտնի էր, որ այդ մետաղը անցեր էր ահարկու հրաբուխներու հնոցէն եւ հասեր մեզի:
Տնօրէնի իր պաշտօնին կողքին, ան նաեւ սկսաւ դասաւանդել «Քաղաքացիական ուսմունք»: Առաջին օրը դասարան մտաւ և դրաւ իր առաջին հարցումը.
– Ի՞նչ բան է ազգութիւնը…
Կը յիշեմ մեր չարչարանքը: Ինչպիսի՜ ձեւերով փորձեցինք սահմանել այդ անսահմանելին, եւ ինք ինչպիսի՜ արահետներով առաջնորդեց մեր այդ տքնաջան փորձը: Իր հարցումները կասկածի նոր շերտեր կը բանային մեր մտքերուն մէջ: Ամէն օր քիչ մը աւելի կ՛արթննայինք եւ կը տեսնէինք մեր շրջապատը: Ո՞ր երկրին զաւակներն էինք մենք… Լիբանանի՞ն. Հայաստանի՞ն… Ի՞նչ բան էր Հայաստանը, ինչպէ՞ս կը սահմանուէր հայոց պետականութիւնը… Եկեղեցի՛ն: Որո՞նք էին հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, ո՞ր քաղաքական բեմին վրայ կը գործէին անոնք: Որո՞նք էին մեր ներկայացուցիչները Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, ի՞նչ էր պաշտօնը մեր Ազգային գաւառական ժողովին… Ու յետոյ, ո՞ւր կը ծնէր մարդը առհասարակ, ինչպէ՞ս կ՛ընդունէր եւ ինչպէ՞ս կը մերժէր ընկերութեան կապանքը:
Կային աւելի բարդ եւ անմիջական խնդիրներ, որոնց մասին չէինք կրնար չմտածել այլեւս: Հայը ինչպէ՞ս պիտի կրնար պահել իր ազգային միասնականութիւնը աշխարհի բարդ ճանապարհներուն վրայ: Իւրաքանչիւր պատասխան ծնունդ կու տար տասնեակ նոր հարցումներու, եւ մենք կամաց-կամաց կը կորսնցնէինք մեր պատանեկան անհոգութիւնը:
Սիմոն Վրացեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն արտադասարանային մեր կեանքը արտակարգ թափ ստացաւ: Ան մօտէն կը հետեւէր մեր կազմակերպական գործերուն: Լսարանականներու միութիւնը եւ «Ջահակիր» հանդէսին խմբագրութիւնը աննախընթաց եռուզեռի մէջ կը դնէին մեզ: Մեր գլուխները արդէն սկսած էին «տաքնալ»: Մենք սկսեր էինք տեսակէտներ ունենալ մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն մասին: Սկսեր էինք վէճի մտնել իրարու հետ. վէճը կը ծնէր պայքար, խումբեր կը կազմուէին եւ կը հակադրուէին իրարու, իսկ ինք կը ջանար ընել այնպէս, որ այդ բոլորէն հարստացած դուրս գար մեր հաւաքական փորձառութիւնը: Մտածումի զարտուղութիւնը չէր անհանգստացներ զինք, ընդհակառա՛կն, ինք գիտէր լուրջի առնել զարտուղի միտքը, որքան ալ դեռ խակ ու նախնական եղած ըլլար ան: Ես կը յիշեմ իր նուրբ սրամտութիւնը, որով կ՛ոգեկոչէր իր հայրենի Նոր Նախիջեւանը.
– Մեզ մօտ երբ կատուն ուզում է գողութեամբ կաթը լափ տալ, բռնում են նրա ականջներից եւ դունչը խոթում կաթի մէջ…
Ասիկա իր բացառիկ վայրկեաններէն մէկն էր: Վրացեանը սովորաբար չէր կատակեր, բայց կրնար խօսքը կամ բանավէճը ընել վարպետօրէն սրամիտ եւ գրաւել իր ունկնդիրները, եթէ ուզէր: Վերի խօսքերը կը կապուին անձնական յիշատակի մը, զոր կ՛ուզեմ պատմել այստեղ բոլոր անոնց համար, որոնք բախտը չունեցան ճանչնալու զինք:
Մեր աւարտական տարին (1954) կը զուգադիպէր բացառաբար խռով շրջանի մը: Այդ տարիներուն, խռովքը բազմաթիւ ձեւերով շրջապատեր էր մեզ: Արաբներու աշխարհը, որուն մէջ հասակ առեր էինք մենք, ինկած էր ազգայնականութեան նոր հոսանքի մը մէջ, որ կը շարժէր մեր նախանձը: Անոնք կը մերժէին Այզընհաուըրի վարդապետութիւնը, զոր կը նկատէին կոպիտ շարունակութիւնը Եւրոպայի գաղութատիրութեան: Գրաւիչ անուններ էին այդ օրերուն Հնդկաստանի Նեհրուն, Եուկոսլաւիոյ Թիթոն, Սենեկալի Սենկորը, Եգիպտոսի Նասերը: Նոր լոզունգներ կային հրապարակի վրայ, որոնք, թէկուզ միամտօրէն, կը ձգտէին աշխարհի «երրորդ» մասը անկախացնելու մեծապետական ուժերէն: Խռովքի մէջ էր նաեւ մեր ազգային ու կուսակցական կեանքը, եւ դժբախտաբար մենք գիտութեամբ չէինք մօտենար մեր կեանքը յուզող հարցերուն: Օրուան խնդիրներուն մեր գաղութները կը հակազդէին կրքոտ ջղապայքարներով, որոնք կը հասնէին տգեղ չափազանցութիւններու եւ նոյն համեմատութեամբ կը ջլատէին մեր հաւաքական ուժերը:
(Շար. 1)