Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13346

Անահիտ Տէր Մինասեանին Գործը Կիսատ Պէտք Չէ Մնայ

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

11 փետրուարին սրտի խոր ցաւով ընկերային ցանցերէն ստացայ մտաւորական եւ պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանի մահուան լուրը:

Անուն մը, որուն առաջին անգամ հանդիպեցայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէջ, իր Սպեցիֆիկներուն (Սոցիալ դեմոկրատական բանուորական հայ կազմակերպութիւն) կողմէ մարքսականութեան հայկականացման փորձին վերաբերեալ ուսումնասիրական յօդուածաշարքը կարդալու ընթացքին: Այս յօդուածաշարքը լոյս տեսած էր «Դրօշակ»-ի թիւ 2 (827), 14 մայիս 1986-ի, թիւ 4-5 (1155-56)11-25 յունիս 1986-ի եւ թիւ 11 (1162), 17 սեպտեմբեր 1986-ի թիւերուն մէջ` «Փորձ` հայկական սպեցիֆիզմի պատմութեան» խորագիրով:

Տէր Մինասեանի քննական եւ ուսումնասէր միտքը զիս տպաւորեց:

Տպաւորեց նախ իր ընտրած նիւթով, որ կը վերաբերէր մարքսականութեան: Այն ժամանակաշրջանին, երբ մարքսականութիւնը կ՛ապրէր վերանորոգման եւ արդիականացման ժամանակաշրջան մը` շրջանցելով դասական մարքսական ընկերային-դասակարգային ըմբռնումը եւ յառաջատար դառնալով ընկերային շարժումներուն, ուր արծարծուած նիւթերը դասակարգային պայքարի կամ բանուորական յեղափոխութեան մասին չէին, այլ` ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան, սեռային ազատագրութեան եւ բնապահպանութեան մասին: Մարքսականութեան փորձին մէջ Տէր Մինասեանին զարգացուցած նիւթն ալ կը խօսի այն ժամանակաշրջանին մասին, երբ գերմանացի ընկերվար-ժողովրդավարներուն շնորհիւ` նոր ծնունդ առած էր մարքսականութեան վերատեսութեան ուղղութիւնը, որ ի տարբերութիւն ուղղափառ մարքսականութեան` կը հաւատար, որ դասակարգային պայքարը կը մղուի խորհրդարանական-ժողովրդավարական միջոցներով եւ ոչ թէ` բանուորական յեղափոխութեամբ:

Վերադառնալով Անահիտ Տէր Մինասեանի «Փորձ` հայկական սպեցիֆիզմի պատմութեան»-ին, կը նկատենք, որ Սոցիալ դեմոկրատական բանուորական հայ կազմակերպութեան ծրագիրը կը հաստատէ ազգային ինքնավարութիւնը` հայկական մարզերուն եւ անսահմանափակ իրաւունք` մայրենի լեզուի օգտագործման: Յիշեալ կէտերուն պատճառով հայ պոլշեւիկները կը յարձակին սպեցիֆիկներուն վրայ` զանոնք անուանելով «ազգայնականներ»: Այստեղ յստակօրէն կ՛երեւի մարքսականութեան մէջ յառաջացած ճեղքը` ուղղափառ մարքսականներու թունդ միջազգայնական գիծին եւ վերատեսականներուն միջեւ. վերջիններս կը հաշտեցնէ մարքսականութիւնը ազգային հարցին հետ` ազդուելով այդ ժամանակ տարածուած աւստրօ-մարքսականութենէն (որդեգրուած` Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ), որ կը հաւատար, թէ բազմազգեան պետութեանց մէջ, իւրաքանչիւր շրջան, որ կը պարունակէ որոշ ազգային մեծամասնութիւն, հոն ինքնավարութիւն պետք է հաստատուի, եւ նշեալ ազգին պատկանող ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը պէտք է տանի դասակարգային պայքար` իր ազգին պատկանող կեղեքիչ դասակարգերուն դէմ: Այս հոսանքէն նաեւ որոշ չափով ազդուած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Օրինակ` վերոյիշեալ միտքերը իր «Ի՞նչ է դասակարգը» գիրքին մէջ զարգացուցած էր նաեւ Գարեգին Խաժակը:

Անահիտ Տէր Մինասեանին յիշեալ ուսումնասիրական յօդուածաշարքը, որ լոյս տեսած էր 1980-ականներուն, փորձ մըն էր գաղափարաբանական քննարկումները առկայ պահել հայկական ընկերութեան մէջ եւ համահունչ ըլլալ միջազգայնօրէն ընկերվարական մտքի զարգացման հետ:

Անահիտ Տէր Մինասեանին մահը պատահեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ պատմագիտական, փիլիսոփայական եւ ընկերաբանական միտքը լճացած է, երբ հայ ընկերութեան մէջ նուազած են մտաւորական բնոյթի քննարկումները: Քննարկումներ, որոնք կը հարստացնեն հայ փիլիսոփայական ու ընկերաբանական միտքը եւ առիթ կը ստեղծեն, որ հայութիւնը քայլ պահէ միջազգային զարգացումներուն հետ:

Յարգելու համար Անահիտ Տէր Մինասեանին գործը, անիկա կիսատ պէտք չէ մնայ: Նախ` անիկա պէտք է երիտասարդութեան սեփականութիւնը դառնայ, ապա` անոնց գծով քննարկումները անպայման պէտք է սկսին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13346

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>