ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
«Մեր լեզուն մեր խի՛ղճն է…»
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Գրաբարն ու աշխարհաբարը
Մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը հայոց գրական լեզուն գրաբարն էր: Թէեւ ժողովուրդը իբրեւ խօսակցական լեզու չէր գործածեր գրաբարը ու կը հաղորդակցէր զանազան բարբառներով, սակայն տիրողը կը մնար գրաբարը, թէկուզ` որպէս Սուրբ Գիրքի եւ կրօնական գիրքերու լեզու:
Ուստի, այն նիւթերը, որոնք մասնաւոր կապ մը չունէին կրօնին հետ եւ կամ սահմանուած էին գրաբար չգիտցողներուն համար, սկսան գրուիլ բարբառով, երբ դեռ գրաբարը կը գործածուէր: Այս գրութիւնները ընդհանրապէս խրատական կամ բացատրական գրութիւններ էին, որոնք կը ծառայէին կեանքի գործնական պէտքերուն: Այս տեսակի գրութիւններ հասարակ ժողովուրդին համար կային 18-րդ դարէն. սակայն հետաքրքրականն այն է, թէ ի՛նչ բարբառով գրուած էին անոնք: Բնականաբար այդ գրութիւնները գրուած էին Պոլսոյ բարբառով, որ թէեւ խառնուած էր թրքերէն բառերով, սակայն իր քերականութիւնը բաւական հարազատ վիճակի մէջ պահուած էր: Պոլսոյ բարբառը միջնադարու կիլիկեան հայերէնի ճիւղերէն էր:
Հետզհետէ կը բազմանայ ընթերցող հասարակութեան թիւը. հետեւաբար կ՛աւելնայ նաեւ գիրքերու պահանջը: Այս շրջանին դպրոցն ու լրագրութիւնը մեծ դեր կը խաղան. շնորհիւ անոնց` Պոլսոյ այս բարբառը հետզհետէ կը դառնայ գրական եւ մշակուած լեզու մը: 19-րդ դարուն Պոլսոյ 50 հայկական դպրոցներուն մէջ (4000 աշակերտ) արդէն իսկ կը խօսուէր Պոլսոյ բարբառը. դասարանին մէջ ուսուցիչը բացատրութիւններ կու տար Պոլսոյ բարբառով: Եւ այսպէս, ուսուցիչ-աշակերտ միասնաբար կ՛աշխատին բիւրեղացնել այս բարբառը օտար տարրերէ եւ հնչական աղաւաղումներէ:
Մինչեւ 1830 լոյս կը տեսնեն 40 աշխարհաբար գիրքեր: Շնորհիւ այս հրատարակութիւններուն ու լրագիրներուն` գրողներուն միջեւ ոտք կը դնեն երեք սկզբունքներ`
1.- Հրաժարիլ գրաբարէն եւ անոր քերականութենէն,
2.- Խուսաբիլ տեղական բարբառային ձեւերէն եւ ընտրել Պոլսոյ բարբառը,
3.- Օտար բառերու տեղ օգտագործել անոնց համապատասխան հայերէն տարբերակները:
Այսպէս, օգտուելով գրաբարէն, որդեգրելով ժողովուրդին կողմէ գործածուող գրաբարի հոմանիշ բառեր, թարգմանելով ֆրանսերէնէ եւ անգլերէնէ բառեր, նոր բառեր ստեղծելով, գաւառական բառեր ներառելով ու կարգ մը գրաբար բառեր տարբեր իմաստներով գործածելով` ստեղծուեցաւ մինչ օրս գործածուող մեր գեղեցիկ ու ճկուն աշխարհաբարը, որ այսօր յայտնի է որպէս արեւմտահայերէն:
Բազմաթիւ մտաւորականներ մերժեցին մոռնալ գրաբարը` հին հայերէնը: Անոնք կոպիտ ու գռեհիկ որակեցին աշխարհաբարը եւ որոշեցին կառչած մնալ գրաբարին` մեր պապերուն սուրբ եւ հարուստ լեզուին: Սակայն յաղթեց մեծամասնութիւնը, գրաբարը մնաց եկեղեցական-կրօնական գիրքերու գրական լեզուն, իսկ աշխարհաբարը (Պոլսոյ բարբառը) դարձաւ հասարակաց տիրող լեզու, որ փայփայուեցաւ ու զարգացաւ զայն գործածող ժողովուրդին կողմէ:
Հայերէնին երկու ճիւղերը
Երբ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի արեւմտահայերէնը, միաժամանակ պարսկական, ապա ռուսական տիրապետութեան տակ գտնուող Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի արեւելահայերէնը: Այսպէս, 19-րդ դարուն հայ լեզուն կ՛ապրի զարթօնք մը, երբ գրաբարը կը ճիւղաւորուի երկու հայերէններու` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն:
1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, տարագիր արեւմտահայ ժողովուրդը իր դարաւոր հայրենիքէն միայն կը յաջողի ազատել իր նորամշակ լեզուն, որուն կը մօտենայ ամենայն նրբութեամբ ու երկիւղածութեամբ: Ան կը հաւատայ իր այդ լեզուի հզօրութեան, որ ժողովուրդին կողքին, միասնաբար հեռացուելէ ետք իր հայրենիքէն, կը դառնայ պետականութենէ զուրկ սփիւռքի պաշտօնական լեզուն: Սփիւռքի մէջ կը սկսի ու կը շարունակուի անոր դասաւանդումը, սկիզբը` թիթեղածածկ սենեակներու մէջ, ապա` արդիական դպրոցներու մէջ: Նոր գրագէտներ կը ծնին, որոնք զայն կ՛օգտագործեն զանազան տեսակի գրութիւններու համար: Եւ այսպէս, տարագիր այս լեզուն կը շարունակէ ծաղկիլ ու մշակուիլ մինչեւ որոշ շրջան մը… Շրջան մը, երբ հայ ժողովուրդը հեռու ըլլալով իր հարազատ հայրենիքէն, շրջապատուած օտարներով, կը սկսի ենթարկուիլ հայկական ինքնութիւնն այլանդակող զանազան հոսանքներու, որոնց պատճառով բիւրեղացած արեւմտահայերէնը կը դառնայ որոշ հայերու երկրորդական լեզուն, երբեմն դասուելով որպէս անկարեւոր եւ երբեմն ալ օգտագործուելով օտար բառերով աղաւաղուած վիճակի մէջ:
Արեւմտահայերէնը չունենալով հայրենիք ու չըլլալով որոշ երկրի մը պաշտօնական լեզուն` 2010-ի փետրուարին կը ներառուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային ատլաս»-ին (UNESCO online Atlas of World Languages in Danger) մէջ` վտանգուածութեան մակարդակներէն «հաստատօրէն վտանգուած» կարգավիճակով: Կ՛արժէ նշել, որ «խոցելի»-էն մինչեւ «մեռած» հինգ աստիճաններէն` «հաստատօրէն վտանգուած» կը նկատուին այն լեզուները, որոնք այլեւս չեն ուսուցուիր երեխաներուն իբրեւ մայրենի լեզու` իրենց երկիրներուն մէջ: Վտանգուածութեան մակարդակները, որոնք կը չափեն խոցելի լեզուներու նուազող կենսունակութիւնը, մշակուած են լեզուի մը սերունդէ սերունդ փոխանցումի հիմքին, ինչպէս, այլ տուեալներու կարգին, լեզուն խօսողներու բացարձակ թուաքանակին կամ ընդհանուր բնակչութեան մէջ լեզուն գործածողներու տոկոսին վրայ: Լեզու մը մեռած, հանգած կը նկատուի, երբ որոշ ժամանակաշրջան մը չի փոխանցուիր (սերունդէ սերունդ), եւ զայն խօսողներ այլեւս չեն մնար:
Ուստի, հա՛րկ է հարց տալ` «Արեւմտահայերէնը դէպի ո՞ւր», հա՛րկ է հարց տալ` արդեօ՞ք մտահոգուած ենք մեր լեզուին իրավիճակով ու արդեօ՞ք պէտք եղած քայլերը կ՛որդեգրենք` զայն պահպանելու ու յանձանձելու: Արդեօք մեր ազգի ընտրանին, մտաւորականները, ղեկավարներն ու կղերականները ի մի խմբուելով` «լեզուի արտակարգ դրութեան» համար յատուկ ծրագիր մը մշակելու մասին կը մտածե՞ն, թէ՞ ոչ միայն կը ցաւին այս սահմռկեցուցի՛չ ու քստմնելի՛ վիճակին: Արդեօք Հայաստանի Հանրապետութիւնը մտահոգ ըլլալով այս հարցով` կը միտի՞ վճռական ու շինիչ քայլերու դիմելու, թէ՞ ոչ կը ցուցաբերէ մակերեսային մօտեցում` պարզապէս սփիւռքի «նազը տանելու» համար:
Սիրելինե՛ր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ն 2010-ին յայտարարեց մեր լեզուին վտանգուած ըլլալը, եւ ահա՛ 9 տարիներ անցան, եւ ո՛չ մէկ տրամաբանական պետական մակարդակի կամ լո՛կ սփիւռքեան միաձայն որոշում մը տրուեցաւ: Հոս ու հոն գումարուեցան գիտաժողովներ, համագումարներ, վեհաժողովներ… սակայն Ի՞ՆՉ որոշուեցաւ:
Սիրելինե՛ր,
– Ինչո՞ւ արեւմտահայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակման ու արդիականացումի աշխատանք չկայ: Դարը կը փոխուի, ու կարելի չէ հայ աշակերտին 20-րդ դարու առաջին կիսուն ծնած գրողներու պատրաստած դասագիրքերը պարտադրել, երբ տակաւին արհեստագիտութիւնը այսքան զարգացում չէր տեսած: Դասաւանդման ձեւերը փոխուած են. դասագիրքերուն սկսած է միանալ արհեստագիտութիւնը: Եթէ մենք քայլ չկարենանք պահել մեր շուրջ գտնուող այլ դպրոցներու արդիական դասաւանդման ձեւերուն հետ, բնականաբար կ՛արձանագրենք նահանջ` կորսնցնելով մեծ թիւով աշակերտներ, հետեւաբար` ձախողելով սերունդէ սերունդ փոխանցել մե՛ր լեզուն. եւ ահա այսպէս, մենք մեր ձեռքերով արեւմտահայերէնը մասամբ կը դարձնենք վտանգուած:
– Ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը չդարձնել Հայաստանի պաշտօնական լեզու` արեւելահայերէնի կողքին: Կ՛արժէ նշել, որ Հայաստանի պաշտօնական լեզուն հայերէնն է. ո՛չ մէկ նշում կայ` ո՞ր հայերէնը:
– Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ չհիմնել արեւմտահայերէն լեզուով դպրոցներ: Այս մէկը կը քաջալերէ ներգաղթը` սփիւռքէն դէպի Հայաստան ու մեծ դեր կը խաղայ արեւմտահայերէնի պահպանման աշխատանքին մէջ: Մեծ թիւով արեւմտահայ մանուկներ Հայաստան հաստատուելու պատճառով կը սորվին արեւելահայերէն` նուազեցնելով արեւմտահայերէն խօսողներուն թիւը, հետեւաբար` աւելի եւս վտանգելով արեւմտահայերէնը:
– Ինչո՞ւ սփիւռքի բոլոր հայ վարժարանները չեն օգտագործեր նոյն հայոց լեզուի ու հայոց պատմութեան դասագիրքերը: Պատճառաբանութիւն է ըսել` սփիւռքի տարբեր երկիրներուն մէջ հայերէնի մակարդակը նոյնը չէ: Եթէ այդպէս է, դարձեալ մե՛նք ենք յանցաւորն ու մեղաւորը, որովհետեւ ո՛չ մէկ տրամաբանական պատճառ կայ հայերէնի տարբեր մակարդակներ ստեղծուելու:
Հետեւաբար, սիրելի մտահո՛գ հայրենակիցներ, ժամը հասած ու անցած է մտահոգութիւն յայտնելու: Ժամը հասած է լեզուի արտակարգ դրութիւն յայտարարելու, ու ըստ այնմ` գործի լծուելու: Հայ երիտասարդները, որոնք հայ ժողովուրդի ապագան են, պատրաստ չեն քանի մը տարի ետք արեւմտահայերէնին յուղարկաւորութիւնը կատարելու. արեւմտահայերէնը հոգեվարքի մէջ է, սակայն` ո՛չ հայ երիտասարդին պատճառով: Հայ երիտասարդը ըսելիք եւ ընելիք ունի այլեւս: Հայ երիտասարդը տրամաբանող ու քննական մտքի տէր է: Հայ երիտասարդը` ի՛նք պիտի փոխանցէ իր մայրենին յաջորդող սերունդին: Հետեւաբար առիթ տուէ՛ք հայ երիտասարդին ու փորձեցէ՛ք անոր կարողութիւնները…
Առածը կ՛ըսէ. «Չյուսացած քարդ գլուխ կը ծակէ»: