Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499

ՀԲԸՄ-ը Կը Սգայ Իր Սիրելի Նախագահին Եւ Ղեկավարին` Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի Կորուստը

$
0
0

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան
Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը
եւ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը
ՀԲԸՄ-ի  եւ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը

իր բոլոր յանձնախումբերով, վարչական ու համակիր անդամներով, սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ

ՀԲԸՄ֊ի բազմամեայ նախագահ, Ազգային բարերար

ԼՈՒԻԶ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ-ՍԻՄՈՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 փետրուար 2019-ին:

Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն, ըլլալով  արդի հայ իրականութեան ամէնէն ազդեցիկ գործիչներէն մէկը եւ հանդիսանալով  միաժամանակ ՀԲԸՄ-ի հարիւրամեայ պատմութեան մէջ բոլորին կողմէ ակնածանքի ու յարգանքի արժանացած ղեկավար, յոյսի ու ոգեշնչման անջնջելի հետք ձգած է հայ ժողովուրդին մէջ` հայրենիքին ու հայ եկեղեցւոյ մատուցած իր անձնուէր ծառայութեամբ:

Անոր մահը խոր վիշտ պատճառեց  ՀԲԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին, որուն ան ծառայած է անխոնջ նուիրումով եւ բացառիկ գերազանցութեամբ` իբրեւ կազմակերպութեան առաջին եւ միակ կին առաջնորդը, սկիզբը հանդէս գալով իբրեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որմէ ետք 12 տարի շարունակ, իբրեւ նախագահ ՀԲԸՄ-ի:

Տեղեկանալով անոր մահուան  մասին` ՀԲԸՄ-ի գործող նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որ Լուիզ Սիմոնի նախագահութեան ժամանակ գործակցած է անոր հետ իբրեւ փոխնախագահ, զինք  բնութագրեց իբրեւ իր ժամանակին գործող յառաջադէմ կին: «Ան կոչուած էր առաջ մղելու ՀԲԸՄ-ը` յաղթահարելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, դառնալով աշխարհասփիւռ հայութեան ծառայող յաջողութիւններու եւ օգտաշատ նախաձեռնութիւններու շարժիչ ու մղիչ ուժը: Ան օրինակ էր բոլոր անոնց համար, որոնք բախտ ունեցած էին աշխատելու իրեն հետ եւ հետեւելու անոր հիասքանչ մտքի թռիչքին: Մշտապէս ըլլալով իտէալիստ, ան միաժամանակ գործնական էր, արդիւնաւէտ եւ իմաստուն, եւ յաջողած էր կանխատեսել բոլոր խոչընդոտները եւ գտնել անոնց լուծումները»:

Լուիզ Սիմոնի կեանքին մեծ ճակատագիր վիճակուած էր… Պաշտօնավարման ընթացքին ան առաջինն էր, որ 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած  երկրաշարժէն անմիջապէս ետք կազմակերպեց մեծածաւալ օգնութիւն աղէտեալներուն: Ան օժանդակութիւն եւ հոգատարութիւն ցուցաբերեց ղարաբաղեան պատերազմէն  տուժածներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, ու կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ անկախ Հայաստանի վերածնունդի գործին մէջ` օգնելով, որպէսզի յաղթահարուին ընկերային-տնտեսական եւ կրթական համակարգերու կործանումով  ստեղծուած բազմաթիւ դժուարութիւններ:

«Իրապէս ապշեցուցիչ էր բազմաթիւ ոլորտներու մէջ անոր գործունէութիւնը: Ան գիտէր ո՛չ միայն կառավարել ընթացիկ գործունէութեան բոլոր հատուածները, այլեւ պահպանել ՀԲԸՄ-ի հովանիին տակ գործող կրթական, մշակութային եւ արուեստասիրական ծրագիրները` սփիւռքի բոլոր հատուածներուն մէջ», նշեց Սեդրակեան:

Լուիզ Սիմոնի ամէնէն նշանակալի նուաճումներէն էր հիմնումը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի, ՀԲԸՄ-ի Հայորդեաց տուներու եւ ՀԲԸՄ-ի տարեցներու բարեգործական ճաշարաններու, որոնք, անոր ոգեշունչ առաջնորդութեան շնորհիւ, մինչեւ օրս կը գործեն Հայաստանի մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>