Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Թուրքիոյ Եւ Չինաստանի Միջեւ Վէրքը Կը Խորանայ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

29 յունիս 2018-ին գրեցի «Ույղուրները, Չինաստանը եւ Թուրքիան» խորագրով յօդուած մը, ուր անդրադարձայ Չինաստանի մէջ ապրող ույղուրներուն նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չինաստանին կոչ ուղղած էր` յարգելու ույղուրներուն իրաւունքները եւ փակելու անոնց «բռնի պահման ճամբարները»: Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ույղուր երաժիշտ Ապտուլրահիմ Հայեթ սպաննուած է այս «բռնի պահման ճամբարներուն» մէջ, եւ այս ճամբարներուն նպատակն է բռնի ուժով չին դարձնել ույղուրները եւ ոչնչացնել անոնց ազգային պահանջները:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «զզուելի» եւ «անընդունելի» նկատեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյի` ույղուրներուն մասին կատարած անհիմն յայտարարութիւնը: Նախարարութիւնը հաստատեց, որ երաժիշտը ողջ եւ առողջ է: Չինական կողմը նաեւ բողոք ներկայացուց թրքական կողմին («Սի. Ճի. Թի. Էն.», 11 փետրուար 2019): Ըստ «Սի. Ճի. Թի. Էն.» (13 փետրուար 2019) պաշտօնական կայքին, չինական կողմը զգուշացուցած է իր քաղաքացիները Թուրքիա այցելելէ:

Աւելի՛ն. չինական կողմը խայտառակեց Թուրքիան եւ 10 փետրուարին հրապարակեց տեսերիզ մը, ուր Ապտուլրահիմ Հայեթ կը հաստատէ իր ողջ եւ առողջ ըլլալը: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ յոյս յայտնեցին, որ Թուրքիա այս անհիմն յայտարարութեամբ դիւանագիտական ճեղք մը յառաջացուցած եղաւ երկու երկիրներուն միջեւ, վէրք մը, որուն բուժումը կրնայ երկար տեւել: Չին վերլուծաբաններ գրեցին, որ մինչ Թուրքիա դժգոհ է Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու` քրտական զինեալ խումբերուն նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութենէն եւ կը միտի շրջանային ուժերու հետ գործակցիլ այս հարցով, ան հսկայ սխալ մը գործեց եւ աւելի մեկուսացուեցաւ շրջանին մէջ:

Սակայն արդեօք ճիշդ ի՞նչ էր, որ մղեց թրքական պաշտօնական կողմը, որպէսզի կատարէ այսպիսի արագ յայտարարութիւն մը: Յիշենք, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայնական տարրը նոյնպէս ոգեւորուած էր այս հարցով, եւ հակաչինական զգացումները բարձր են: Արդեօք Թուրքիոյ իշխանութիւնը կը փորձէ ույղուրներու հարցը գործածել իբրեւ խաղաքա՞րտ` հրապուրելու ազգայնական ձայները ի նպաստ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, նախքան քաղաքապետական ընտրութիւնները: Հաւանաբար, սակայն, ասիկա կրնայ աւելի խորացնել թուրք-չինական վէրքը եւ ժխտական հետեւանքներ ունենալ Թուրքիոյ մէջ Չինաստանի կողմէ իրագործուելիք «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» ծրագիրին վրայ:

Yeghia.tash@gmail


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>