Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13490

Փտածութեան Ընդմէջէն` Մեծագոյն Յաջողութիւն

$
0
0

ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Ընկերային ցանցերու մէջ նաւարկելու ընթացքին, «Իսնթակրամ»-ի վրայ նորութիւններ որոնելու ժամանակ հանդիպեցայ այսպիսի բանի մը. «Պիսց» անունով էջ մը տեղադրած էր երկու լուսաւոր եւ գեղեցիկ լուսանկարներ` Պէյրութի Նըժմէ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Նոր տարուան գիշերուան տօնակատարութենէն եւ շնորհակալութիւն յայտնած էր բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցած էին այս աշխատանքը:

Քանի մը վայրկեան ետք «Թուիթըր»-ի էջիս վրայ կը տեսնեմ այդ նոյն նկարը` հետեւեալ հաղորդագրութեամբ. «Ըստ «Նեշընըլ Ճէօկրեֆիք»-ի, Պէյրութի Նոր տարուան գիշերուան տօնակատարութիւնը աշխարհի 7-րդ լաւագոյն տօնակատարութիւնն է»:

Գիտեմ, պիտի ըսէք` ի՛նչ անհեթեթ բաներու համար կ՛ուրախանայ այս գրողը, չի՞ գիտեր Լիբանանի տնտեսական ծանր վիճակը, տեղեակ չէ՞ այն հսկայ գումարէն, որ Պէյրութի քաղաքապետարանը «ծախսած» է զարդարելու համար Պէյրութը, սակայն Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, անոր փոխարէն, անցեալ տարուան տօնածառը զետեղած է: Լուր չունի՞, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան պայքարած է այդ գումարը մսխելու երեւոյթին դէմ:

Բայց ինչո՞ւ ամէն բանի բացասական կողմը տեսնենք: Ինչո՞ւ չմտածենք, որ այս ձեւով Լիբանանի անունը դարձեալ երեւցաւ աշխարհի մեծ եւ հարուստ երկիրներու ցուցակին մէջ, դարձեալ օտարին աչքին դիմաց յայտնուեցան Լիբանանի գեղեցիկ պատկերը եւ հոն տիրող ուրախ մթնոլորտը, ու ամէնէն կարեւորը` այս հանգամանքով օտար երկիրներ պիտի քաջալերուին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ զբօսաշրջիկներու փոխանակման համաձայնութիւններ կնքելու, ինչ որ կը նպաստէ մեր երկրի տնտեսութեան բարելաւման: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ լիբանանցի ժողովուրդը ձեւով մը հոգեկան գոհունակութիւն զգաց եւ թերեւս սկսաւ հաւատալ, որ Լիբանանը անտեսուած չէ:

Քաջալերելի է Պէյրութի քաղաքապետութեան այս նախաձեռնութիւնն ու «Պիսց» ընկերութեան այս աշխատանքը: Կը սպասենք այսպիսի ուրախ առիթներու, պայմանաւ որ անոնք ամենայն թափանցիկութեամբ կատարուին, որովհետեւ ծախսուած այդ գումարները կու գան ժողովուրդին վճարած տուրքերէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13490

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>