Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Վիգէն Աւագեանի Խօսքը` ՀՅԴ 125-Ամեակի Տօնակատարութեան, Դամասկոսի Մէջ

$
0
0

Vicken-Avakian_011516

Դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնակատարութեան հրաւիրուած ոեւէ բանախօս դժուարութիւնը պիտի ունենար ընթացիկ պատգամ փոխանցելու հայորդիներու, որոնք չորս տարիէ կ’ապրին արտակարգ պայմաններու մէջ: Կը դիմագրաւեն տեսակաւոր դժուարութիւններ` առանց սակայն կորսնցնելու իրենց հաւատքը, յոյսն ու կենսունակութիւնը:

Այսօր, միայն մենք չէ, որ պիտի պատգամենք ձեզի, այլ նաեւ դուք է, որ հաւաքական տոկունութեան եւ դիմադրականութեան դասեր պիտի փոխանցէք մեզի` որպէս Դաշնակցութեան շուրջ բոլորուած հաւատաւոր ազգայիններ: Այս տօնակատարութեան կազմակերպումը, ինքնին, կը կարծենք, որ այդ դասերէն մեծագոյնն է տագնապահար Դամասկոսէն` ուղղուած համայն հայութեան:

Արդարեւ, Սուրիոյ մեր գաղութը, անցնող հինգ տարիներուն, դարձաւ համահայկական ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ: Բոլորը մտահոգուեցան սուրիահայութեամբ: Բայց նաեւ բոլորը գօտեպնդուեցան սուրիահայութեան ցուցաբերած իրերօգնութեան ոգիով, պատնէշի վրայ մնալու յանձնառութեամբ եւ ամէն հարուածէ ետք վերականգնելու վճռակամութեամբ:

Սուրիահայութիւնը, ընդ որում` Դամասկոսի մեր ժողովուրդը, դո՛ւք, սիրելիներ, բաւական սուղ գին վճարեցիք քաղաքացիական ձեր արի կեցուածքին համար: Դուք կրեցիք նիւթական կորուստներ: Ապրեցաք մեծ ցնցումներ: Տուիք զոհեր, նահատակներ: Ունեցաք հերոսութեան եւ անձնուիրութեան դուռը հասած աննման տղաք, որոնց շնորհիւ մենք այսօր առիթն ու պատեհութիւնը ունինք  ոտքի մնալու, համախմբուելու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան պատգամելու, թէ հոն, ուր Դաշնակցութիւնը կայ, հոն, ուր սեփական ժողովուրդին տէր կանգնելու որոշումն ու պատրաստակամութիւնը կայ, հոն ազգային մեր գոյատեւման վախը չկայ:

Պայման չէ հրթիռներու թիւերն ու վնասները հաշուելը: Կարեւոր չէ զոհերու եւ վիրաւորներու թիւերը գումարելը` հաստատելու համար, թէ հոս` Դամասկոսի մէջ կը գտնուի իր կոչումին եւ պատմական առաքելութեան հաւատարիմ կուսակցութեան` Դաշնակցութեան կոմիտէն, որ ընկրկիլ չի գիտեր: Տկարանալ եւ յուսահատիլ չի գիտեր: Կը հասնի իր ժողովուրդի կարիքներուն եւ չի մոռնար տօնակատարելու զինք ծնած կուսակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը:

Ա՛յս է Դաշնակցութիւնը: Այլ ձեւով չի կրնար գործել ան:

Հայութեան գերագոյն շահերուն արթուն պահակը չի կրնար շեղիլ իր հիմնադրութեան նպատակէն` իր յարատեւ կռուի երթէն: Չի կրնար իր ճակատագրին ձգել Դամասկոսն ու Քեսապը, Հալէպն ու Գամիշլին:

Չի կրնար հրաժարիլ իր ժողովուրդին ամբողջական նուիրումի եւ անսահման ծառայութեան 125-ամեայ աւանդէն:

Դաշնակցութիւնը իր դրօշին տակ համախմբած է բոլորը` բանուորն ու պաշտօնեան, արհեստաւորն ու վաճառականը, տանտիկինն ու համալսարանականը, 125 տարի գաղափարակից դարձուցած է զանոնք, սեփական ժողովուրդի տիրութեան եւ պաշտպանութեան լաւագոյն օրինակները տալով իր շրջապատին:

Արդարեւ, Դաշնակցութիւնը այն չէ, ինչ որ է այսօր միայն: Դաշնակցութիւնը տեւական շարժում է: Անընդհատ ան կը մեծնայ ու կը զարգանայ, կը ծաւալի ու կը խորանայ մեր ժողովուրդի կեանքին եւ գիտակցութեան մէջ:

Դաշնակցութեան անդամները անոնք չեն միայն, որոնք արձանագրուած են կուսակցութեան անուանացանկերուն մէջ, այլեւ անոնք են, որոնք որեւէ ժամանակ ապրած, գործած եւ նահատակուած են Դաշնակցութեան դրօշին տակ: Կուսակցութեան հետ են միշտ, կուսակցութեան մէջն են, անոր գաղափարական առաջնորդներն ու երդուեալներն են, հիմնադիր երրորդութենէն մինչեւ այսօր, բոլոր անոնք, որոնց մարմինը կը հանգչի ծանօթ թէ անծանօթ գերեզմաններու մէջ:

Այո, այս այսպէս է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը տարիք չունի, վախճան չունի: Ան ծնած է հայ ժողովուրդին հետ: Բազմադարեան երիտասարդ հայ ֆետային է ան, որ միշտ բարձրաճակատ ու բոլորանուէր կը քալէ անյաղթ` հայ ժողովուրդին հետ, կը քալէ հայ ժողովուրդին համար, բոլոր ժամանակներու բոլոր դժուարութիւններու ընդմէջէն:

Դաշնակցութիւնը ազգային հաւատամք է, գաղափարախօսութիւն է, հայրենիքի անկախութիւնը, անվտանգութիւնն ու յարատեւութիւնը այդ գաղափարախօսութեամբ երաշխաւորող ուժ է:

Դաշնակցութիւնը մեծ կազմակերպութիւն է: Մեծ է ոչ թէ իր համրանքով, այլ իր ոգիով: Այդ ոգին կարելի չէ սահմանել բառերով: Կարելի է զգալ զայն, ներշնչուիլ անկէ, բայց կարելի չէ բացատրել:

Ինչ որ ոգի կը կոչենք մենք, իրականութիւն ըլլալով հանդերձ, երազ մըն է, եւ երազ մը ըլլալով հանդերձ, իրականութիւն մըն է: Մենք այս երկուքը խառնած ենք իրարու, որովհետեւ ձեւը գտած չենք զանոնք իրարմէ բաժնելու:

Միայն իրականութիւնը բաւարար չենք գտներ, որովհետեւ ուզելիք բան մը եւ հասնելիք տեղ մը ունինք միշտ:

Միայն երազն ալ բաւարար չենք գտներ, որովհետեւ չենք ուզեր միշտ տենչալ, միշտ ձգտիլ եւ երբեք չհասնիլ:

Դաշնակցութիւնը մեծ կազմակերպութիւն է, բայց միայն կազմակերպութիւն չէ. աւելի բան մըն է: Մենք այդ աւելին կը կոչենք Դաշնակցականութիւն, որ աւելի զօրաւոր է, քան Դաշնակցութիւնը, աւելի տեւական է, քան Դաշնակցութիւնը, աւելի տիրական է` քան Դաշնակցութիւնը:

Եւ դեռ, Դաշնակցութիւնը շունչ է, ոգի եւ նկարագիր: Պատասխանատուութիւն եւ պայքարը շարունակելու անդառնալի երդում:

Դաշնակցութիւնը ունի պաշտամունք հայրենիքի եւ սէր ժողովուրդի հանդէպ: Երկուքն ալ անսահման խորքով ու չափով:

Ունի պահանջը կայուն եւ ժողովրդավար պետականութեան,  ձգտումը` քաղաքական լիարժէք համակարգի կայացման:

Ունի ընկերային արդար իրաւունքներու ըմբռնումը, ու մանաւանդ` անոնց տէր կանգնելու հաստատ վճռակամութիւնը:

Ունի իր պանծալի անցեալին հպարտութիւնը եւ վաղուան իրագործումներուն անսասան կամքը:

Ունի իր հաւատարիմ ուխտապահներու բանակը` նոր մարտարհրաւէրներ դիմաւորելու կարողութեամբ եւ կամեցողութեամբ:

Ունի տակաւին իր նահատակները, հոյլը իր լուսապսակ զոհերուն, որոնց «գործը կէս մնաց» եւ որոնց հաւատարիմ կտակարարն է ի՛նք:

Ու վերջապէս, ունի ներքին  կարգապահութեան շեշտուած գիծ, գիտակցական պարտաճանաչութիւն եւ հաւատարմութիւն, ընկերական սէր ու յարգանք:

Գումարեցէ՛ք այս բոլորը կ’ունենաք Դաշնակցութիւնը:

Ունեցէ՛ք այս բոլորը եւ կ’ըլլաք դաշնակցական:

Յարգելինե՛ր,

Անցնող 125 տարիներուն, իր ժողովուրդին հետ ահաւոր ցնցումներէ անցաւ Դաշնակցութիւնը: Ան ցմրուր ճաշակեց 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան, հայրենազրկումի եւ տարագրութեան դառն բաժակը, նաեւ` ազգովին յարութիւն առնելու, հայրենիք անկախացնելու եւ պետականութիւն կերտելու յաղթանակի արբեցնող բաժակը: Դաշնակցութիւնը կրնկակոխ հետեւեցաւ իր ժողովուրդի քայլերուն եւ դաշնակցական բջիջ ու միաւոր ստեղծեց հոն, ուր հայութիւնը համախումբ եւ ազգային կազմակերպ կեանքի հրամայականը զգաց: Դաշնակցութեան քաղաքական առաջնորդութեամբ հայ ժողովուրդը իր քրտինքն ու վաստակը խառնեց իր նոր հայրենիքներու ժողովուրդներու ճիգին, շաղուեցաւ անոնց հետ ու վայելեց բոլորին համակրանքն ու վստահութիւնը:

Սերտ եղաւ, աւելի ճիշդը անքակտելի եղաւ հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ Դաշնակցութեան կապը, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը դարբնեց դարաւոր ստրկութեան լուծը թօթափող մերօրեայ հայուն նկարագիրը, արթնցուց անոր քաղաքական գիտակցութիւնը եւ անոր մէջ  զօրացուց ազգային միասնականութեան ոգին: Հայկական յեղափոխութեան փաշան` Ռուբէն Տէր Մինասեանը այսպէս կը ներկայացնէ Դաշնակցութեան բերած նպաստը հայութեան նոր նկարագիրի բաղադրութեան մէջ.

«Երկու կտոր շաքար վերցուցէք եւ դրէք մի բաժակ ջրի մէջ: Շաքարը կը կորսուի, բայց ջուրն ալ ջուր չի մնար, այլ մի քաղցր բան կը դառնայ: Դուք այլեւս անկարող էք բաժնել շաքարն ու ջուրը եւ այդ երկուսի սահմանները գտնել առանց դժուարութեան: Դաշնակցութիւնը գիտակցօրէն այդ խառնուրդը կազմելով, փոփոխեց հայութեան հոտը եւ համը եւ մի նոր բաղադրութիւն կազմեց, որմէ խիստ դժուար է ճշդելը, թէ ո՜ւր կը սկսի եւ ո՜ւր կը վերջանայ հայութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը: Ահա այդ պատճառով է որ Դաշնակցութիւնը դարձաւ ամենաժողովրդական եւ հաստատուն կուսակցութիւնը, անբաժան իր ժողովուրդէն»:

Ուրեմն, իր ժողովուրդին մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, Դաշնակցութիւնը, իբրեւ «ամենաժողովրդական եւ հաստատուն կուսակցութիւնը», ապրեցաւ ու գործեց համայն հայութեան համար:

Դաշնակցութիւնը գործեց, ընթացք եւ ուղղութիւն տուաւ հայ կեանքին, դեր ու ղեկավարութիւն ստանձնեց մեր ճակատագրին սպառնացող ամէնէն վճռական պահերուն: Յոգնեցաւ ան, բայց չհանգչեցաւ: Ինկաւ, բայց միշտ վերականգնեցաւ: Անսխալական չեղաւ ան: Սխալներ ալ գործեց: Բայց չէ՞ որ միայն գործողը կը սխալի, եւ սխալելու վտանգէն զերծ է միայն այն, որ չի գործեր:

Դաշնակցութիւնը գործեց ամէնուրեք,  օսմանեան թէ ցարական վարչակարգերու տակ, դասական թէ նոր սփիւռքներու մէջ: Գործեց հոն,  ուր հայեր կային, բայց հայութիւն չկար: Ան ձեւ ու կերպարանք տուաւ հայութեան ցրուած հաւաքականութիւններուն, ազգային դիմագիծ ու նկարագիր շնորհեց անոնց կեանքին եւ առօրեային: Համաշխարհային իրականութեան մէջ դժուար թէ գտնուի կուսակցութիւն մը, որ աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ այսքան տարածուն եւ ծաւալուն գործունէութիւն ունեցած ըլլայ:

Դաշնակցութիւնը գործեց հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Գործեց կուսակցական ստուար շարքերով, գործեց ուղեկից միութիւններով, ու մանաւանդ` գործեց իր համակիրներու հսկայական զանգուածով: Թերթատեցէ՛ք հայոց պատմութեան վերջին 125 տարիներու պատմութիւնը եւ այդ պատմութեան իւրաքանչիւր էջին վրայ պիտի տեսնէք Դաշնակցութեան կնիքը:

Բնական պայմաններու մէջ չգործեց Դաշնակցութիւնը: Այսօր ալ ան կը գործէ միջազգային ու շրջանային անբնական պայմաններու մէջ: Մարդկութիւնը թեւակոխած է նոր հանգրուան մը, ուր մեծապետական ուժերու մրցակցութիւնները ստեղծած են զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական բախումի անվերջանալի դաշտեր: Ճակատողը մեծերն են, տուժողը` փոքրերը: Ընդհանուր թոհուբոհին մէջ, Հայաստանն ու հայութիւնը անվնաս չեն մնար, ընդհակառա՛կն, իւրաքանչիւր քայլափոխի անոնք դէմ յանդիման կու գան իրենց սեփական ինքնութիւնը պահպանելու, կազմակերպուելու եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու անյաղթահարելի դժուարութիւններու:

Ազգովին անհաւասար կռուի մէջ ենք այսօր, որովհետեւ այս երկինքին տակ մեր ապահով տեղը ունենալու եւ մեր արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու դաժան պայքար մը պարտադրուած է մեզի:

Կը բաւէ արագ ակնարկ մը նետել այսօրուան իրականութեան պարզած պատկերին վրայ, հաստատելու համար այս ճշմարտութեան իրաւացիութիւնը:

Սփիւռքեան ճակատի վրայ, այսօր, ի գին մեծ զոհողութիւններու, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ազգապահպանման իր առաքելութիւնը, Սփիւռքը հայրենիքին շուրջ համախմբելու կենսական դերակատարութիւնը` հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները դիտելով` իբրեւ հաւասար կողմերու յարաբերութիւն:

Հաւատարիմ մնալով «Մէ՛կ ազգ, մէ՛կ հայրենիք» սկզբունքին, Դաշնակցութիւնը սփիւռքի ազգային կեանքը կը պայմանաւորէ հայրենիքով եւ կը ցանկայ զօրաւոր սփիւռքի կողքին ունենալ զօրաւոր հայրենիք, որովհետեւ զօրաւորներն են, որոնք իրարու կրնան օգնել արդիւնաւոր կերպով:

Կարելի չէ պետութիւն պահել` վստահելով միայն հայրենիքի ներուժին: Այդ ներուժը անբաւարար է եւ կարիքը ունի համայն հայութեան կարողականութիւններու համախմբման: Առ այդ, ազգային ու պետական աշխատանքները Դաշնակցութեան համար մեկնակէտ ու կիզակէտ ունին Հայաստանը եւ Սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը: Այդ սկզբունքին յաջողութեան մէջ կը կայանայ Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրացման գրաւականը:

Հայութեան կուտակուած եւ միացեալ ուժերով միայն կարելի է դէմ դնել հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն, որոնք այսօր կը ներկայանան քաղաքական թէ տնտեսական մարտահրաւէրներով:

Ընդունինք, որ մեծ աշխատանք կայ տարուելիք եւ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, այսօր եւս կը գործէ ուժերու ամբողջական լարումով եւ նորանկախ մեր պետականութեան հիմերը ազգային արժէքներով առաջնորդելու հաստատ համոզումով:

Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ Հայաստանի 25-ամեայ անկախութիւնը, անվտանգութիւնը եւ յարատեւութիւնը կրնան երաշխաւորուիլ արդար ու արդիական պետականութեան մը կերտումով: Առ այդ, իբրեւ քաղաքական հիմնական ուժ` Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ`

– Հայրենի ժողովուրդի ընկերային վիճակի բարելաւում եւ հայ մարդու արժանապատիւ կեանքի ապահովում,

– Տնտեսական արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն, պայքար` անօրինականութեան, փտտածութեան եւ ստուերային տնտեսութեան դէմ:

Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ նաեւ`

– Երկրի կայունութեան պահպանում, հանդուրժողութեան, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծում,

– Քաղաքակիրթ աշխարհին յատուկ արժէքներու կարեւորում. ժողովրդավարութեան ամրապնդում, օրէնքի գերակայութիւն, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորում,

– 21-րդ դարու չափանիշներով զարգացող պետութիւն, հայկական գործօնի հզօրացման ռազմավարական յստակ ծրագիրներով:

Անկարելի բաներ չի պահանջեր Դաշնակցութիւնը: Փաստը` դեկտեմբեր 7-ի սահմանադրական փոփոխութիւններու որդեգրման քայլն է, որով ազդանշանը տրուեցաւ վերոյիշեալ պահանջներէն կարեւոր մէկ մասին իրագործման.

– Նախագահականէ խորհրդարանական համակարգի անցում,

– Ընտրական օրէնքի 100 առ հարիւր համամասնական դրութեան որդեգրում,

– Դատական անկախ համակարգի ստեղծում,

– Եւ, վերջապէս, իշխանութիւնները հակակշռելու ընդդիմութեան անհրաժեշտ լծակներու ապահովում:

Այսօր, աւելի քան երբեք, Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ կը ներկայանայ իբրեւ քաղաքական ինքնուրոյն ուժ, որ ունի ընդդիմութեան իրեն յատուկ մօտեցումը: Դաշնակցութեան համար ընդդիմութիւն ըլլալ չի նշանակեր գոհանալ քննադատութեամբ եւ ուրախանալ իշխանութիւններու գործած թերացումներով: Ընդդիմութիւն կը նշանակէ շինչ լուծումներ առաջարկել` սրբագրելու համար նկատուած թերութիւնները: Դաշնակցութիւնը ճիշդ այս աշխատանքին է որ լծուած է այսօր Հայաստանի մէջ, յաճախ զսպելով ինքզինք իր քննադատութիւններուն մէջ, որպէսզի չըլլայ այնպէս, որ քննադատութիւնը, ընդդիմութիւնը հասնի հայրենիքը ապակայունացնելու աստիճանին:

Հայրենիքը պետական-քաղաքական  կայունութեան պէտք ունի, յատկապէս շրջանային ներկայ դժուարին ու բարդ պայմաններուն մէջ: Թերութիւնները պէտք է տեսնել, քննադատել եւ անոնց լուծման առաջարկները ներկայացնել, որովհետեւ հայրենիքը մերն է եւ մեր պարտականութիւնն է գուրգուրալ անոր:

Հայրենիքի մէկ մասն ալ Արցախն է, Լեռնային Ղարաբաղի եւ ազատագրուած հողամասերու մէկ անմասնատելի ամբողջութեամբ: Արցախին տիրութիւն ընելը եւ եւ միջազգային ատեաններուն մէջ զայն պաշտպանելը հայրենի իշխանութիւններուն պարտքն է: Արիւնով շահուած հայրենիքի այդ մասը մերն է եւ սակարկութեան չի կրնար դրուիլ:

Այսօր թշնամին կը խօսի ուժի լեզուով, կը գործէ բարոյական եւ քաղաքակրթական տարբեր արժեչափերով, որոնք լրջօրէն կը վտանգեն արցախեան յաղթանակով նուաճուած խաղաղութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ, բոլորիս հայեացքները սեւեռած կը մնան հայոց քաջարի բանակին, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, թէ որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, հայոց բանակը կը հանդիսանայ պաշտպանն ու երաշխիքը մեր պետականութեան, իսկ պետականութիւնը կը մնայ գլխաւոր ապաւէնը մեր գոյատեւման:

Հիւսիսային կողմն աշխարհի, Դաշնակցութեան համար ռազմաքաղաքական մեծ նշանակութիւն ունի հայրենի Ջաւախքին ազգագրական դիմագիծին պահպանումն ու զարգացումը Վրաստանի պետական կազմին մէջ: Ջաւախքը Հայաստանը Սեւ Ծովուն կապող միակ շնչերակն է, որուն հայաթափումը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ մեր հայրենիքին համար: Դաշնակցութիւնը հետամուտ է Ջաւախքի հայութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական պահանջներու բաւարարման:

Դաշնակցութեան համար հայրենիքը, սակայն, միայն ազատագրեալ հողը չէ, այլ նաեւ` բռնագրաւեալ հողը, որուն երազովը հասակ կ’առնեն սերունդներ` անպայման օր մը անոր վերատիրանալու սեփականատիրոջ զգացումով: Այսօր, բռնագրաւեալ հողը կը տնքայ թրքական լուծի տակ: Հայու բեկորները` իսլամացուած թէ քրտացած վիճակով կը շարունակեն ապրիլ եւ ստեղծագործել իրենց դարաւոր հողին վրայ: Անոնք ազգային արմատներ վերադարձի դանդաղ ու հաստատ քայլեր կ’առնեն: Դաշնակցութիւնը կ’ողջունէ այդ քայլերը եւ աչալրջօրէն կը հետեւի Թուրքիոյ հայութեան ապրած նորագոյն զարգացումներուն, Պոլիսէն մինչեւ Տիգրանակերտ, Համշէնէն մինչեւ Տէրսիմ եւ Սասուն:

Արդարեւ, հողն է հիմքը ազգային մեր պահանջատիրութեան: Առանց հողի ի՜նչ դատ եւ ի՜նչ հատուցում: Տակաւին նոր դուրս եկած ենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումներէն: Մեր ետին ձգած ենք պատմական տարի մը` յիշելով եւ աշխարհին յիշեցնելով, որ հայութեան դարաւոր հայրենիքին մեծագոյն մասին բռնագրաւումը եւ անոր թրքացման հետեւողական փորձերը, բիւրաւոր զոհերու մարդկային ողբերգութեան կողքին, ստեղծած են նաեւ քաղաքական ողբերգութիւն մը` հայը զրկելով իր սեփական հողերէն:

Ամբողջ տարի մը` մենք յիշեցինք եւ յիշեցուցինք, որ` Թուրքիա կը մնայ հայութեան պատմական թշնամին, այնքան ատեն որ չընդունիր հայկական պատկանելիութիւնը այն հողամասերուն, որոնք ճշդուած են Սեւրի դաշնագիրով:

Թուրքիա կը մնայ հայութեան թիւ մէկ թշնամին, այնքան ատեն որ չի հատուցեր Ցեղասպանութեամբ հայութենէն իր խլած ազգային-եկեղեցապատկան մեր կալուածները, շարժուն թէ անշարժ ինչքերն ու հարստութիւնները:

Թուրքիա կը մնայ հայութեան գլխաւոր թշնամին, այնքան ատեն որ ան կը շարունակէ հաւատադրժողական ահաբեկչական շարժումներու իր աջակցութեամբ դերակատար դառնալ հայութիւնը հիւրընկալած արաբական երկիրներու քանդումին, անոնց վարչակարգերու տկարացումին եւ ժողովուրդներու քաղաքական կամքի բռնաբարումին:

Արդարեւ, հայրենամերձ արաբական երկիրներու հասցուած վնասը իր անժխտելի անդրադարձը կ’ունենայ յիշեալ երկիրներու հայկական գաղութներու կենսունակութեան եւ ուժականութեան: Հայ դատի մեր աշխատանքներուն գլխաւոր կռուանը հանդիսացող կեդրոնական այս գաղութները այսօր կը գալարին քաղաքական, ապահովական եւ ընկերա-տնտեսական սուր տագնապներու մէջ: Արտագաղթը, մարդուժի եւ նիւթականի հսկայական կարիքները, ազգային կառոյցները պահպանելու գերմարդկային ճիգերը հայութեան այս հատուածը դրած են դէմ յանդիման մեծ մարտահրաւէրներու, որոնց կարեւորագոյնը եւ առաջնահերթը, անկասկած, մեր նոր սերունդի` երիտասարդութեան պահպանումն է հայատրոփ այս ոստաններուն մէջ, տասնամեակներու պատկառելի աւանդի մը տէր կանգնելու եւ այդ աւանդը շարունակելու համար:

Հակառակ իրենց դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններուն, այս գաղութները հայութեան արիւնատար երակները եղած են ու կը մնան, այնքան ատեն որ անոնք կը յատկանշուին ազգային կազմակերպ կառոյցներով եւ նպատակասլաց կեանքով: Դաշնակցութեան համար Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն պահպանումն ու բարգաւաճումը կը մնայ գրաւականը սփիւռքի ազգային դիմագիծին առողջ պահպանման եւ հզօր Հայաստանի մը կերտման:

Արդ, հաւաքաբար կը գտնուինք մեր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու հրամայականին առջեւ: Ազգային-միութենական մեր միաւորներէն իւրաքանչիւրը կոչուած է առաւելագոյն ուժականութիւնը ցուցաբերել ընդհանրական մեր ճիգին` այլապէս չենք կրնար դիմադրել պայմաններու պարտադրած չարիքին: Տոկունութիւնը, յարատեւութիւնը եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը կը հանդիսանան փրկութեան մեր միակ ուղին այս անորոշ ներկայէն դուրս գալու համար:

Յարգելինե՛ր,

Դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնակատարութեան, երբ հաւաքուած ենք միասնաբար անդրադառնալու մեր անցեալի ու ներկայի արժէքներուն, եւ համեստ տուրք մը տալու այս կուսակցութեան վաստակին եւ գործունէութեան, չենք կրնար ամէն բանէ առաջ չոգեկոչել`

Ղեկավարները` Քրիստափորը, Ռոստոմը, Զաւարեանը եւ իրենց գործակիցները, որոնք միտք, կամք, խիղճ, կազմակերպական կառոյց եւ բարոյական իւրայատուկ դիմագիծ տուին այս կուսակցութեան:

Զինուորագրեալները` հայ պարզուկ գիւղացիէն մինչեւ հայրենիքի կանչին ի լուր Եւրոպայի համալսարանները լքող ու կռուի դաշտ դիմող ուսանողները, Գէորգն Չաւուշներէն, Սպաղանաց Մակարներէն մինչեւ Ռուբէններն ու Արմէն Գարոները: Չենք կրնար չխոնարհիլ առասպելական այն տիպարին առջեւ, որ Դաշնակցական ֆետայի կոչուեցաւ, չյիշել շարանը հայդուկային այն անհաւասար կռիւներուն, որոնք մեր ժողովուրդի ճակատէն ջնջեցին ամօթանքը երկար դարերու ստրկութեան:

Չենք կրնար չոգեկոչել`

Կամաւորները` որոնք Արարատեան դաշտի հերոսամարտերուն մահուամբ մա՛հը պարտութեան մատնեցին, մեր ժողովուրդը փրկելով ամբողջական բնաջնջումի ստոյգ վտանգէն, մեր հայրենիքը օժտելով անկախ պետականութեամբ:

Արդարադատ բազուկները, որոնք Պոլսոյ, Թիֆլիսի ու եւրոպական մայրաքաղաքներու մայթերուն վրայ օր ցերեկով զգետնեցին հայ ժողովուրդի թշնամիներն ու դահիճները:

Գործիչները` կուսակցական թէ պետական, որոնք յեղափոխութեան կրակը արծարծեցին հայ հոգիներէն ներս, պետականութիւն հիմնեցին, սփիւռք կազմակերպեցին, հայապահպանման կռուաններ ստեղծեցին եւ Հայ դատի աշխատանքներ վարեցին Արամ Մանուկեանէն մինչեւ  Սիմոն Վրացեան, Հրայր Մարուխեանէն մինչեւ Վահան Յովհաննիսեան:

Եւ վերջապէս` բոլոր զոհերը մեր յեղափոխութեան եւ ազատագրական պայքարին, անոնք, որոնք ինկան հայրենի լեռներու կամ դաշտերու մէջ, կախաղան բարձրացան կամ նահատակուեցան թրքական բանտերու եւ չեկայական զնտաններու մէջ, եւ տակաւին, բոլոր անոնք, որոնք  հայ կեանքի տարբեր հանգրուաններուն զոհ գացին հակադաշնակցական կոյր պայքարի:

Դաշնակցութեան 125-ամեակին առթիւ արժանաւորապէս հիները ոգեկոչելով, մենք կ’ուզենք նաեւ անխառն յարգանքի մեր տուրքը մատուցել կուսակցութեան նորագոյն շրջանի նահատակներուն` անոնց, որոնք ինկան Հայ դատի զինեալ պայքարի բագինին, Արցախի ազատագրութեան կռիւներուն եւ Սուրիոյ հայութեան հաւաքական անվտանգութեան պահպանման ի խնդիր:

Կը խոնարհինք մեր պատուաբեր պատմութիւնը կերտած բոլոր նահատակներու յիշատակին դիմաց եւ հպարտօրէն կը նայինք ձեր աչքերուն` հաստատելու համար, որ մեր գերագոյն պարտքը տակաւին չենք կատարած Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան Սուրբ Գործին:

Այս եւ նման տօնակատարութիւնները թող խթան մը ըլլան մեզի, հայութեան եւ Հայաստանին նկատմամբ յաւելեա՛լ պատասխանատուութեան ոգիով գործելու այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ, մինչեւ Դաշնակցութեան ազգային եւ քաղաքական դաւանանքին ամբողջական յաղթանակը, մինչեւ հայութեան հետ, հայութեան համար պայծառ ապագայի կերտումը:

Կեցցե՛ն Հայաստանն ու հայութիւնը:

Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը:

Եւ կեցցէ՛ք դուք, որ իբրեւ հաւատաւոր ուղեկիցներ` կ’ընկերակցիք Դաշնակցութեան երթին դէպի ամբողջական հայութեամբ,

Ամբողջական, հզօր եւ բարգաւա՛ճ Հայաստան:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>