Պատրաստեց ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ
Երեսուներեք շաբաթ տեւած խիստ աշխատանքէ ետք, վերջապէս վարչապետ Սաատ Հարիրի կարողացաւ կազմել նոր վարչութիւն մը` երեսուն նախարարներէ բաղկացած: Դիւրին չէր այս գործը, տրուած ըլլալով, որ Լիբանան 18 համայնքներէ կը բաղկանայ, եւ Թայէֆի համաձայնագիրի հիման վրայ, պէտք է նախարարներուն թիւը հաւասարապէս բաժնուի կրօններու եւ համայնքներու միջեւ` կազմելու համախոհ վարչութիւն մը: Տեսանք նոր դէմքեր, երիտասարդ ուժեր` տարբեր մարզերու մէջ եւ անակնկալօրէն` 4 կին նախարարներ:

Ձախէն աջ` Վիոլեթ Սաֆատի (Կիներու եւ երիտասարդներու տնտեսական կարողութիւններու ամրապնդումի պետական նախարար). Ռայա Հասան (ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար), Մայ Շիտիաք (Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար) եւ Նատա Պուսթանի (Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար)
Կը շնորհաւորենք բոլորը, որոնց ընդմէջէն` կին նախարարները, որոնք բացառիկ կարողութիւններով օժտուած են եւ վերջին տասնամեակին յաջողութիւններ` արձանագրուած են զանազան մարզերու մէջ. անոնց գործերը լուսարձակի տակ առնուած են:
1998-ին կազմուած Կիներու ազգային խորհուրդը 20 տարուան իր աշխատանքէն ետք կրցաւ իրականացնել իր նպատակներէն մաս մը. 13,3% համեմատութեամբ կին նախարարներ մուտք գործեցին կառավարութիւն: Թէեւ թիւը բաւարար չէ, բայց կը ձգտինք, որ ապագային հաւասարութիւն գոյանայ այր եւ կին նախարարներու միջեւ, որպէսզի միասնաբար վարեն այս հայրենիքը` Լիբանանը: Վերջապէս կիները հանրութեան կէսն են:
Առաջին անգամ ըլլալով արաբական երկիրներու մէջ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը վստահուի կնոջ Ռայա Հասան, որ իր անցեալի նուաճումներով կրցաւ վստահութիւն ներշնչել բոլորին:
Սակայն ինչ կը վերաբերի Վիոլեթ Սաֆատիի նախարարութեան, անուանումը դժբախտաբար սխալ մեկնաբանուած էր, ուստի Լիբանանի Կիներու ազգային խորհուրդին միջնորդութեամբ փոխուեցաւ եւ եղաւ Կիներու եւ երիտասարդներու տնտեսական կարողութիւններու ամրապնդումի պետական նախարարութիւն: Նախապէս տնտեսական վերականգնումի անունը կը կրէր, վերականգնումը վերածուեցաւ տնտեսական կարողութիւններու ամրապնդումի :
Այս հարցը շատ պարզ է, սակայն բոլորիս պահ մը մտածել կու տայ տիրող անհասկցողութեան մասին: Մեզի ցոյց կու տայ, որ պատասխանատու անձերը տակաւին չեն հասկցած կամ ըմբռնած հաւասարութեան յաջողութիւնները այր եւ կնոջ. հարցը լրջօրէն չէ ուսումնասիրուած, հակառակ անոր որ կնոջական իրաւունքներու հաւասարութեան նիւթը այն խորունկ նիւթերէն մէկն է, որ երկրի մը յաջողութեան եւ նուաճումին մէջ մեծ դեր ունի: Որովհետեւ կազմուած բոլոր նախարարութիւններուն մէջ հորիզոնական ձեւով կինը ներկայ է` առողջապահական, ընկերային, տնտեսական կամ ուսումնասիրական, ինչո՞ւ ուրեմն այս անտարբեր եւ անհեթեթ կեցուածքը` այս նիւթին շուրջ:
Բայց ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ տնտեսական կարողութիւններու այս ամրապնդումը կնոջ կամ երիտասարդներուն մատնանշուեցաւ այս պահուս: Հարցը յստակ է, տրուած ըլլալով, որ Միջին Արեւելքի տնտեսական անկումը ընդհանրապէս եւ արաբական երկիրներու ու Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական դառն պայմանները մասնաւորապէս լիբանանցի քաղաքացիին` այր թէ կին, ընկերային եւ տնտեսական վիճակը վատթարացուցին: Այս վիճակը բարելաւելու համար զարգացած երկիրները կնոջ ներուժը եւ գիտութիւնը ի գործ կը դնեն` զարգացնելու եւ բարելաւելու այս երկիրները, որոնց մէջ` նաեւ Լիբանանը:
Այս մտահոգութեամբ, յունուար 19-ին խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հովանաւորութեամբ, («Mashreq conference an women’s economic empowerment») թեմայով, որուն գլխաւոր նպատակն էր նոր շուկաներ բանալ լիբանանցի կնոջ դիմաց` միւս արաբական երկիրներու մէջ (Յորդանան եւ Իրաք), եւ դարձեալ նոր օրէնքներ մշակել կամ բարեփոխել` օգնելու կնոջ այս աշխատանքին մէջ: Բանաձեւերուն ամէնէն խիստ եւ լուրջ որոշումը այն էր, որ 5%-ով կնոջական ներդրումը աւելնայ տնտեսական կեանքին մէջ` 5 տարուան ընթացքին բարգաւաճման նոր ծրագիրներ մշակելով: Եւ յաջորդաբար կիները իրենց յաջողութեամբ ղեկավար պաշտօններու վրայ ըլլան եւ այսպիսով նուազեցնեն անգործութեան թիւը: Հոյակապ բանաձեւը, սակայն, կը կարօտի լուրջ որոշումներու, որոնցմէ յիշենք առաջինը եւ էականը, որ կնոջ յաջող եւ յարմար մթնոլորտ ապահովելն է, աշխատելու` այր մարդու կողքին, նոր կամ բարեփոխուած օրէնքներով, ինչպէս նաեւ` ընկերային եւ մշակութային զարգացումով այր մարդուն բացատրել, որ նեցուկ կանգնի կնոջ իր աշխատավայրին մէջ` տունէն ներս կամ դուրս:
Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, 25% կնոջական ներուժի ներդրումը երկրի մը մէջ ազգային մուտքը 9% տոկոսով կը բարձրացնէ: Մինչ Լիբանանի մէջ կիներու 23% միայն կ՛աշխատի` հակառակ իրենց բարձր ուսումին եւ վկայականներուն, որ կը գերազանցէ այր մարդոց ուսման թիւը:
Կիներու ներդրումը գործի ասպարէզ նոր կամ բարեփոխուած օրէնքներով պիտի կերտէ նոր եւ յաջող հայրենիք մը: Ուստի, պէտք չէ դրուին խոչընդոտներ, որոնց մէջ գլխաւորը` արական մտայնութիւնը պէտք է գերադասել ամէն ձեւով: Կիներու նիւթական վարձատրութիւնը պէտք է համեմատաբար հաւասարի այր մարդուն, եւ անոնք գործատեղիներուն մէջ բռնաբարութեան ենթակայ պէտք չէ ըլլան, ինչպէս նաեւ կիներու առողջապահական եւ ընկերային ապահովագրութեան պայմանները համահաւասար պէտք է ըլլան այր մարդուն:
Եզրակացնելով` մշակուելիք կամ բարեփոխուելիք նոր տնտեսական օրէնքներով Լիբանանի բարգաւաճումը կը սպասուի` կերտելու նոր եւ յաջող հայրենիք այր եւ կնոջ միասնական աշխատանքով: Ուրեմն այս նոր նշանակուած նախարարներուն եւ մանաւանդ իգական սեռին թող առիթը տրուի լրջօրէն աշխատելու յաջողութեան նպատակով:
Եւ վերջապէս, իրաւունքներու հաւասարութեամբ եւ տնտեսական կարողութիւններու ամրապնդումով կիները կրնան յաջող ղեկավարներ ըլլալ հանրային բոլոր մարզերուն մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ուսումնական: Երկրին յաջողութիւնը եւ նուաճումները արդէն անմիջապէս կը նկատուին բոլոր այն ցուցանիշերով, երբ տնտեսական աճը վերելքի վրայ ըլլայ:
Fortune 500-ի համաձայն, Peterson Institute for international Economics ուսումնասիրութեամբ մը փաստած է, որ երկիրներու մէջ յաջող ընկերութիւնները` պետական թէ անձնական եւ գործարանները անոնք են, որոնց ղեկավարութեան առնուազն 30% տոկոսը կիներ են:
Յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր բոլոր նախարարներուն:
3 փետրուար 2019