Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13577

Սլաք. Օպամայի Մազերը Ճերմկեր Են…

$
0
0

Ս. Մ.

Z-2-obama-2004_Obama-Grey-Hair

Պատկերասփիւռէն երեկոյեան լուրերը կը սփռէին. բարեկամի մը հետ «աչքի պոչով» կը հետեւէինք լուրերուն, առանց ընդհատելու մեր հաճելի զրոյցը:        Պաստառին վրայ երեւցաւ նախագահ Օպաման, լրագրողներու հետ զրոյցի պահուն:

– Տե՛ս, մազերը որքա՜ն սպիտակեր են,- նշմարեց բարեկամս:

– Նախագահութեան ծանր բեռն ու աշխարհի մտահոգութիւնները ասա՛նկ կ՛ընեն,- փիլիսոփայեցի ժպտելով:

– Չէ՛, ասոր պարագային ուրիշ պատճառ կայ, – բացատրեց խորհրդաւոր ժպիտով մը:

Հարցական նայուածքիս`

– Սպիտակած իւրաքանչիւր թել իր պատմութիւնը ունի. իւրաքանչիւր սուտին կամ կատարած բարի խոստումէն ետդարձին` թել մը ճերմկած է: Տե՞ս, մազերուն կէսէն աւելի սպիտակ է արդէն: Նախագահներուն տրուած պատիժ մըն է, կ՛երեւի: Պուշն ու Քլինթընն ալ անցան նոյն ճամբէն: Տասը տարի առաջ աւելի՛ ճշմարտախօս ու անկեղծ էր, խոստում պահել գիտէր…, – բացատրեց դառնացած:

– Հիմա՜ հասկցայ, թէ նախագահին նստավայրը ինչո՛ւ Սպիտակ տուն կը կոչեն,- նետեցի` նոյնքան դառն ժպիտով մը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13577

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>