Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13602

Տարին Անցաւ (Բայց Խնդիրները Մնացին)

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

VATCHE-PROUDIAN1-fՍկիզբէն իսկ ըսենք, որ խնդիրներ լուծող Մովսէսի գաւազան ակնկալողներու շարքին չենք: Տխուր եւ չոր իրականութիւնը այն է, որ հարցերը իրենց լուծումին առաջնորդող գործընթացները կը պակսին:

Մեր ակնարկութիւնը չի վերաբերիր համաշխարհային քաղաքական կացութեան, ուր չի յարգուիր նոյնիսկ անտառի օրէնքը: Մենք, իբրեւ պետութիւն (Հայաստան) եւ ժողովուրդ (հայութիւն), լաւագոյն պարագային կրնանք մտածել այս խութերուն եւ խարակներուն մէջէն նուազագոյն վտանգներով նաւարկելու մասին: Ոչ աւելին: Կը հաւնի՞նք այս կացութիւնը, չե՞նք հաւնիր. նշանակութիւն չունի: Իրականութիւնը այս է:

Մեր մտահոգութիւնը կ՛առնչուի հայկական իրականութեան, որ թէ՛ ուղղահայեաց (աշխարհագրական) եւ թէ հորիզոնական (գաղափարական) իմաստներով բազմաշերտ է. հետեւաբար նաեւ` բարդ:

Հայաստանի կապակցութեամբ, հանրայայտ ճշմարտութիւն է այն վտանգը, որ արտագաղթն է: Ճիշդ է, որ նախկին Խորհրդային Միութեան ու անոր ազդեցութեան գօտի Արեւելեան Եւրոպայի շատ մը երկիրներ եւս կը դիմագրաւեն արտագաղթի երեւոյթը: Պալթեան երկիրներուն պարագային, ըստ ամերիկացի տնտեսագէտ Մայքըլ Հատսընի տուեալներուն, արտագաղթած է այդ երկիրներու աշխատուժին 40 տոկոսը: Քոսովոյի մէջ (ՕԹԱՆ-ի օդուժին «շնորհիւ» ստեղծուած այդ կեղծ պետութիւնը), ըստ քաղաքական մեկնաբան Տան Կը Լէյզպրուքի տուեալներուն (Counterpunch.org, 6 յունուար 2016), 2014-ի դեկտեմբերէն մինչեւ 2015 փետրուար երկարող 3 ամիսներուն, արտագաղթած է… բնակչութեան 5 տոկոսը:

Ըստ հրապարակուած վիճակագրական տուեալներուն, վերջին 15- 20 տարիներուն, Հայաստանէն արտագաղթած է մօտաւորապէս մէկ միլիոն հոգի: Այս երեւոյթը դժբախտաբար միայն տնտեսական դրդապատճառներ չունի: Կան նաեւ ենթակայական պատճառներ, որոնցմէ ամենահիմնականը` հեռանկարի բացակայութիւնն է: Մինչեւ վերջին քանի մը տարիները, մարդիկ կ՛արտագաղթէին տնտեսական դրդապատճառներով, աւելի բարեկեցիկ կեանքի, աշխատանքի փնտռտուքով: Հիմա սակայն կայ աւելի մտահոգիչը. կ՛արտագաղթեն նաեւ գէշ աղէկ բարեկեցիկ ընտանիքներ եւս, որովհետեւ երկրի ներքին քաղաքական ու ընկերային-տնտեսական համակարգը յոյս չի ներշնչեր ապագային նկատմամբ: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ (օրինակի համար), որ յանկարծ Սպանիոյ մէջ ստեղծուեցաւ հայկական համայնք, որուն թիւը կը հաշուէ մօտաւորապէս 40 հազար հոգի…

Լուծումը կապուած չէ միայն օրէնքներու բարելաւումին: Արտագաղթի հարցը կարելի չէ լուծել խորհրդարանական կամ գործադիր իշխանութեան այս կամ այն որոշումով միայն: Այդ որոշումները կրնան անհրաժեշտ ըլլալ, սակայն անբաւարար են: Հիմնականը դրական մթնոլորտի ստեղծումն է երկրի մը մէջ, որ զուրկ է տնտեսական անկիւնադարձային բարեշրջումներ յառաջացնելու ատակ բնական պաշարներէ: Քաղաքացին կը փնտռէ իշխանութիւն մը, որ սրտցաւ մօտեցում ունենայ երկրի ներքին հարցերու լուծման կապակցութեամբ: Կ՛ակնկալէ ունենալ իշխանութիւն մը, որ ակներեւ ճիգ թափէ երկրի տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական համակարգի բարելաւումին ուղղութեամբ:

Ըսել չենք ուզեր, որ դրական երեւոյթներ չկան: Բնականաբար կան, սակայն պակսողը այն մթնոլորտն է, որ կրնայ ստեղծուիլ բարեշրջումի միտող ճիգերէն, նոյնիսկ եթէ այդ ճիգերը անմիջականօրէն անկիւնադարձային արդիւնքներ չտան: Կարեւորը այդ համապետական ճիգի գոյութիւնն է. աւելի ճիշդ` ստեղծումը:

Տրուած ըլլալով, որ արտագաղթը համահայկական տարողութեամբ չարիք է, անոր պէտք է վերաբերիլ համահայկական մտածողութեան վրայ հիմնուած մօտեցումով:

Եթէ պահ մը մէկդի դնենք զուտ աշխարհագրական դրուածքը եւ համահայկական իրականութեան նայինք հորիզոնական (գաղափարական կամ ենթակայական) կտրուածքով, պիտի տեսնենք, որ տեղայնական մտածողութիւնը նոյնքան աւերիչ է: Այսինքն իրավիճակ մը, ուր իւրաքանչիւր «համայնք» կ՛առաջնորդուի միայն ինք իր իւղով տապկուելու քանդիչ եւ անհեռանկար մտահոգութեամբ: Մտածողութիւն մը, որ արդիւնք է համահայկական մօտեցումի բացակայութեան: Իսկ համահայկական մօտեցումը կամ մտածողութիւնը առաջին հերթին անհրաժեշտ է, որ ճառագայթէ հայկական պետութենէն: Պետական մակարդակի վրայ, այս մօտեցումին միայն նշոյլները կան: Իսկ այդ նշոյլները չեն կրնար դրական տեղաշարժ ստեղծել, այնքան ատեն որ համահայկական մտածողութիւնը տիրական չէ դարձած:

Համահայկական մտածողութիւնը համապատասխան գաղափարական խորք ու հիմք կ՛ենթադրէ: Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ գործող քանի՞ կուսակցութիւն կայ, որ կ՛առաջնորդուի համահայկական շրջագիծ ընդգրկող գաղափարականով: Պատասխան. այս յօդուածագրին կարծիքով` միայն մէկը. Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (*): Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւններէն  ո՛չ ՀՀԿ-ն, ո՛չ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը եւ ո՛չ ալ «Ժառանգութիւնը» հեռուէն կամ մօտէն կուսակցութիւն են բառին գաղափարական եւ կազմակերպչական-կառուցային իմաստով: Նեղացողները թող նեղանան, բայց իրականութիւնը այս է:

Հետեւաբար համահայկական հարցերու լուծումին մէջ դրական ներդրում կրնան ունենալ միայն այն հոսանքներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք ունին (առաջին հերթին) համապատասխան գաղափարաբանութիւն:

Այս պատճառով ալ, առաջին ակնարկով (բայց միայն առաջին ակնարկով), ՀՅԴ-ի ուսերուն ինկած պատասխանատուութեան չափն ու տարողութիւնը անհամեմատ մեծ են իր գործնական կարելիութիւններէն: Սակայն պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ Դաշնակցութիւնը յաջողած է հո՛ն, երբ անհրաժեշտութեան պարագային չկոխուած, չբացուած ճամբաներէ առաջնորդած է մեր ժողովուրդը:

Այնպէս որ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, շատ հաւանաբար (կամ վստահաբար), կրնայ չունենալ հայութեան բոլոր հարցերը լուծելու կարողութիւնը: Սակայն իր մէջ ունի՛ այն ուժը, որ կարենայ լուծումի գործընթաց մը ստեղծել: Միայն կը մնայ ճիշդ գիտակցիլ այդ ուժին գոյութեան, որպէսզի նոր տարին կարենայ նոր յոյսեր ներշնչել բոլորիս:

 

(*)ՌԱԿ-ն ու ՍԴՀԿ-ը թող չնեղուին. իբրեւ դաշնակցական, հոս հարցականի տակ չենք դներ իրենց գաղափարական դրուածքը կամ ուղղութիւնը: Բայց իրականութիւնը այն է, որ երկուքն ալ նկատառելի ոչ մէկ դերակատարութիւն ունին Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին վրայ: Պէ՞տք է ունենան, կասկած չկայ: Բայց չունին:

 

 

 

vproodian@gmail.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13602

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>