Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Տեսակէտ. Հիմնականն Ու Երկրորդականը (2)

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_011016

Երեքշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2015-ին նոյն խորագիրը կրող «Տեսակէտ»-ով անդրադարձած էինք Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի մը որդեգրման ջանքերուն առջեւ ծառացած արգելքներուն եւ վտանգներուն, որոնք այսօր արդէն դարձած են աւելի յստակ եւ շօշափելի:

Ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը աջակցեցաւ միայն Ողջակիզման ժխտումը քրէականացնող օրէնքին` նշելով, որ այդ ոճիրը մարդկութեան դէմ գործուած այլ ոճիրներէն «տարբեր բնոյթ»-ի է եւ մասամբ գործադրուեցաւ ֆրանսական հողամասերու վրայ: Ողջակիզումը ժխտելուն համար դատապարտուած ու գործէ վտարուած թուաբանութեան ուսուցիչ մը դատարանին մօտ վիճարկած էր նշեալ օրէնքը` առարկելով, որ օրէնքը անարդարօրէն կը պատժէ Ողջակիզումին ժխտումը, սակայն ո՛չ մարդկութեան դէմ գործուած այլ ոճիրներու ժխտումը:

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վճիռը անմիջական ազդեցութիւն ունի Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու օրէնքի մը որդեգրման ջանքերուն վրայ, որոնք այս վճիռով 2013-ին երեսփոխան Վալերի Պուայէի կողմէ ներկայացուած ու ֆրանսական խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ որդեգրուած օրէնքի մերժումէն եւ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) վճիռէն ետք 3-րդ լուրջ հարուածը ստացան:

2013-ին արձակուած վճիռին այս անուղղակի վերահաստատումով` վճռուած կարելի է նկատել ճակատագիրը 3 դեկտեմբեր 2015-ին նոյնինքն Պուայէի կողմէ ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծին, որ օրին փոխանցուեցաւ օրէնքներու յանձնախումբին, ուր եւ թաքնուած պէտք է մնայ` խուսափելու համար իր նախորդին նմանը եղող եւ իրեն սպասող ճակատագիրէն:

Նշանակալից է Սահմանադրական խորհուրդի այն նշումը, որ Ողջակիզումը մասամբ գործադրուած է ֆրանսական հողամասերուն վրայ, իրողութիւն մը, որմէ կը բխի մարդկութեան դէմ այդ ոճիրին մեղսակցութեան կամ, ի տես այդ ոճիրին կրաւորական կեցուածքի որդեգրման իբրեւ արդիւնք, անուղղակի մեղսակցութեան զգացումէն բխող ֆրանսական ընկերութեան համար պարտաւորութիւն մը եւ մեղք քաւելու հրամայական մը, որ աւելի շեշտակի կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք, որ այդ ոճիրին զոհերուն մէկ մասը հրեայ ըլլալու կողքին նաեւ Ֆրանսայի քաղաքացիներէ կը բաղկանար: Չմոռնանք նաեւ խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան եւրոպական ընկերութեան համար սրբութիւն սրբոց մը ըլլալու իրողութիւնը: Տիրող կացութեան առջեւ երկու չափ երկու կշիռի գոյութեան մասին արդարացի բողոքները ոչինչ կրնան փոխել իրողութենէն:

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին 2013-ին արձակած վճիռէն երեք տարի ետք` 8 յունուար 2016-ին արձակուած վճիռին լոյսին տակ, Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրինագիծի մը որդեգրման ծրագիրին էջը, առնուազն մօտալուտ ապագային համար, պէտք է փակուած նկատել եւ մեր ուշադրութիւնը այդ միջոցէն շեղելով կեդրոնացնել բուն նպատակին` Հայ դատի արդարացի լուծման եւ այլ միջոցներու վրայ: Ի վերջոյ այդ օրէնքի որդեգրումը ընդամէնը միջոց մըն է եւ ոչ թէ նպատակը, եւ մենք պէտք է կարենանք յստակ կերպով զատորոշել այս երկուքը: Ինչպէս Սարգիս Զէյթլեան կը նշէ. «Բոլոր միջոցներն ալ կենսական են անշուշտ, սակայն, ո՛րքան ալ կենսական, չեն կրնար փոխարինել նպատակը»: Վերջինս հիմնականն ու կենսականն է, իսկ միջոցները` երկրորդական ու փոխարինելի, ուստի հրաժարինք անտեղի յամառութենէն, որուն պտուղը կրնայ յուսախաբութիւնը ըլլալ` ատկէ բխող բարոյահոգեբանական բոլոր վտանգներով, որոնք Հայ դատի արդար լուծումի պայքարին համար չեն կրնար օգտակար ըլլալ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>