Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13573

Երկինքին Մէջ Կրակ Կայ, Քրիստափո՛ր

$
0
0

… Կամ ալ մեր սրտերուն մէջ, կամ ալ այս մոմը, որ հիմա վառեցի քեզի համար, հոն կրակ կայ միայն… Խորքին մէջ միայն աչքերուդ մէջ կրակ կար եւ հաւանաբար նաեւ հոգիիդ մէջ, Քրիստափո՛ր…

Առաջին հանդիպում չունեցանք մենք, քանի որ միշտ ալ Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական վարժարանի մէջ գոյութիւն ունէիր որպէս աշակերտ: Բակը, բեմին ծայրը, նստած ընկերներուդ հետ: Յետոյ աւելի մտերմացանք ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ` «Ռազմիկ» պարբերաթերթի աշխատանքի ընթացքին: Մեր ալեկոծ  ժողովներուն հանդարտօրէն կը խօսէիր, հակառակ անոր որ բնաւ հանդարտ չէր հոգիդ, եւ ատիկա երբեմն անստորագիր, երբեմն ծածկանունով գրուած յօդուածներուդ մէջ յստակ կ՛երեւէր:

Օր մը ԶՈՄ-ի նոր կեդրոնին մէջ մօտեցար ինծի` ըսելով. «Պիտի հրաժարիմ շարքերէն»: Զարմացայ. շարունակեցիր. «Գործերուս պատճառով ժամանակ չունիմ հոս գործունեայ ըլլալու, հետեւաբար աւելորդ է բեռ ըլլալս շարքերուն. երբ աւելի ազատ ըլլամ, կը վերադառնամ»: Այն ատեն հոգիդ խռոված էր ուսումիդ պատճառով եւ պէտք էր որոշում կայացնէիր Հայագիտականին եւ Լիբանանեան համալսարանին միջեւ ուսանելուդ գծով, եւ միեւնոյն ժամանակ խոշոր նպարավաճառի մը մօտ սկսած էիր աշխատիլ, որպէսզի կարենաս ուսումդ շարունակել: Այն ատեն մէկէ աւելի գործ կ՛աշխատէիր եւ նաեւ ուսումդ կը շարունակէիր, ինչպէս ոեւէ երիտասարդ: Բայց ոեւէ երիտասարդ չէիր, ջա՛ն, երիտասարդ էիր բառին բուն իմաստով` աչքերուդ մէջ կրակ, ծրագիրներդ յստակ, տեսլականով զինուած, իսկ ամէնէն հիմնականը` սկզբունքի տէր…

– Քրի՛ստ (կը յիշե՞ս  անգամ մը սաստեցիր զիս եւ ըսիր. «Քրիստ չէ՛, այլ` Քրիստափոր»…), Քրիստափո՛ր, մեկնումէդ շաբաթ մը առաջ Ուաթսափի վրայ խօսակցութիւն մը ունեցանք: Ուաթսափի նկարս տղամարդու եւ կնկայ մը միջեւ երկխօսութիւն մըն էր, որ քեզ խռովեց: Գրեցիր. «Ասիկա կնկայ առարկայացում է». բողոքեցի, քանի որ անկարելի էր, որ ես նման բան մը ընէի, կռուեցանք, ըսիր. «Ուրիշ օր մը կը խօսինք ասոր մասին, ասի իմ կարծիքս է, չեմ ուզեր նեղացնել քեզ, բայց իմ կարծիքս է»:

Գիտե՞ս, վերջին հանդիպում մըն ալ չունեցանք եւ խորքին մէջ նեղացուցիր, այո՛… Քիչ մը նեղուած եմ… սիրտս կ՛այրի… բայց ի՛նչ ընեմ…

ԸՆԿԵՐ ՄԸ 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13573

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>