Յ.Պ.
Ֆրանսական «Ֆիլոզոֆի մակազին» ամսագրի նախորդ հոկտեմբերի համարին մէջ Թոպի Նաթան ստորագրած է կարճ, բայց կարեւոր յօդուած մը` անցեալի օրինակով ներկան լուսաբանող: Ֆրանսերէնը կարդացողներ կ’ըլլան: Հայկական թերթերը եթէ արտատպեն կամ թարգմանելով հրատարակեն, այսպէս կոչուած ազատ աշխարհը եւ ժողովուրդները կը լուսաբանեն, առանց ճառի եւ հռետորութեան: Ֆրանսացին ենիչերին կը կոչէ janissaire, արաբը` ինքիշարի: Ենիչերիները կը համարուէին օսմանեան բանակի ընտրանի: Ան ընտանիքի եւ հայրենիքի սէր կը փոխարինէր կրօնական մոլեռանդութեամբ: Օսմանի լուծին տակ ապրած ժողովուրդներու պատմութիւնը կը յիշէ անոնց խժդժութիւնները: Այս էջը զգուշացում մըն է: Անցեալին թուրքը կ’առեւանգէր մանուկները, կը ջնջէր անոնց յիշողութիւնը, կը դարձնէր հլու կամակատար զինուոր, այսօր ձեւը փոխուած է եւ համացանցով կ’առեւանգեն հոգիները: Եւրոպայէն մանուկներ եւ երիտասարդներ կը հաւաքագրուին ծայրայեղականութեան եւ կը դառնան ահաբեկիչ: Ընտանիքներ կը մատնուին ողբերգութեան: Եւրոպա, Ամերիկա, Ռուսիա, հաւասարապէս վարակուած են եւ կը խարխափեն: Յիշեալ երկիրները կը կռուին Միջին Արեւելքը ապակայունացնող ուժերու դէմ, որոնց մէջ են նաեւ իրենց քաղաքացիները: Ֆրանսա հարց կը յարուցէ, թէ իր օդուժը իրաւունք ունի՞ ռմբակոծելու թիրախներ, ուր կը գտնուին իր քաղաքացիները: Փապարին (tunnel) ելքը չ’երեւիր: Դարմաններ կը փնտռուին առաջքը առնելու համար հոգիներու գրաւման: Մեր դարուն ալ ենիչերի կը ստեղծեն: Այս կարճ յօդուածը ուշադրութեան արժանի է` տեսնելու համար անցեալը եւ ներկան, հարց տալով, թէ ի՞նչ պէտք էր որ ըրած ըլլայինք եւ չենք ըրած: Օսմանի քաղաքակրթութիւնը եւ անոր ժառանգները խնկարկողները կը մտածե՞ն, երբ լիաբուռն կ’օժանդակեն, որ իրենք զիրենք կը դնեն պատի տակ, որ հարուածուին: Հարցում` աշխարհի իրաւարարներուն:
Թոպի Նաթան դիւանագէտ է, դասախօս եւ մասնագէտ ցեղային հոգեբուժութեան:
YENIÇERI (Tobi Nathan)
Բարձրագոյն դուռը, ԺԴ. դարէն սկսեալ, կ’առեւանգէր իր թշնամիներուն զաւակները` զանոնք դարձնելու համար իր ընտրանի գունդերուն անդամ, janissaires: Դարձի մը (retournement) պատումը:
Օսմանեան կայսրութիւնը կազմակերպած էր զօրահաւաքի նրբազնին (sophistiqué) եղանակ մը, զինեալ ընտրանի գունդերուն համար. ենիչերիները: Թրքերէն ենիչերի բառը կը նշանակէ «երիտասարդ <կամ նոր> գունդ»: Այս միաւորը կազմուած էր կայսրութեան առաջին երեք դարերուն, ԺԴ.-ԺԷ., քրիստոնեաներու զաւակներով, յափշտակուած իր սահմաններու ծայրամասերէն: Թշնամիներու մանուկները նախատեսուած էին դառնալու իսլամութեան յառաջամարտիկները: Կալանք, որ թուրքերը մեղմաբանութեամբ կը կոչէին` տէվշիրմէ (devchirmé), «պտղահաւաք»: Ուրեմն լաւագոյնները կ’առեւանգուէին, «կը թրքացուէին» եւ կ’իսլամացուէին: Ամէնէն գեղեցիկները, ամէնէն օժտուածները կը ղրկուէին սուլթանի ապարանքը եւ յաճախ կը բարձրանային հռչակաւոր դիրքերու: Միւսները նախ կը ղրկուէին Անատոլու` աշխատելու համար դաշտերու մէջ, «կարծրանալու»` «օտար մանուկներու» խումբին մէջ ուժ պահանջող աշխատանքով, Կալիփոլի, Էտիրնէ կամ Պոլիս, ենիչերիներու շարքին մէջ ներառուելէ առաջ: Ինչ որ ալ ըլլար, անոնք կը մնային քափիքուլլարի, «դրան ստրուկներ», եւ դարերու ընթացքին անոնք ո՛չ ամուսնանալու եւ ո՛չ ալ մօրուք ունենալու իրաւունք ունեցան:
Թուրքերը այս ձեւով «կ’արտադրէին» հաւատարիմ զինուորներ, որոնք կը ճանչնային միայն միապետին իշխանութիւնը` անջատուած ըլլալով ամէն տեսակի կապէ, անցեալէն` որմէ խլուած էին եւ ներկայէն` որ իրենց արգիլուած էր: Կը հասկնանք այս երկսայրի ուժին հզօրութիւնը` զրկելով օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող քրիստոնեայ ժողովուրդները իրենց ընտրանիէն եւ կազմելով խորհրդաւորութեան ապրումներով անձեր` երկաթեայ կարգապահութեամբ, լաւապէս պատրաստուած ռազմի արուեստին համար:
Անոնց համրանքը եւ ազդեցութիւնը աճեցան եւ միջամտութիւնները պետական գործերուն մէջ դարձան խնդրայարոյց: Այնպէս որ, հակազդելով անոնց վերջին ըմբոստացման, 15 յունիս 1826-ին սուլթան Մահմուտ Բ. պարզել տուաւ մարգարէին դրօշը` կոչ ընելով ուլեմաներուն եւ ժողովուրդին` յարձակելու ըմբոստներու զօրանոցներուն վրայ:
Եթէ ենիչերիներու շարքերը մարեցան արեան մէջ, անոնց փիլիսոփայութիւնը` հիմնուած կալանուած թշնամի անձերը դարձնելու զիրենք ծնողներուն դէմ, մեր օրերուն որոշ յաջողութիւն կը գտնէ, աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ պարտուածներէն հաւաքագրելով մանուկ-զինուորներ` Ափրիկէ, Հարաւային Ամերիկա, Միջին Արեւելք: Անկասկած այս նոյն փիլիսոփայութիւնն է, որ կ’արտայայտուի, մարդորսական կատաղութեամբ, իսլամական խումբերու կողմէ, որոնք իրենց հրապուրիչ երգը կը տարածեն համակարգիչի պաստառի ցոլացումներով:
Հայացում` Յ. Պ.