ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնը իր մէջ կը պարփակէ բազմաթիւ խորհուրդներ ու պատգամներ, որոնք մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն իւրայատուկ հնչեղութիւն ունին համամարդկային առումով: Ծննդեան տօնը նախ ուրախութեան տօնն է, ուրախ լուրին` ԱՒԵՏԻՍԻՆ տօնն է, աւետիս մը, որ աւելի քան 2000 տարիէ ի վեր տրուեցաւ մարդկութեան` աւելի խաղաղ ու աւելի արդար աշխարհ մը ունենալու: Եւ հիմա քրիստոնէական առումով խաղաղութեան եւ արդարութեան գաղափարները տակաւին այժմէական կը մնան մասնաւորաբար մեր աշխարհագրական միջավայրին` միջինարեւելեան իրականութեան մէջ: Անոնք աւելի այժմէական գաղափարներ կը մնան նաեւ համաշխարհային մակարդակի վրայ, ուր ընկերային բեւեռացումը հետզհետէ աւելի զգալի կը դարձնէ ինքզինք, աղքատութեան եւ իրաւազրկումի երեւոյթները աննախադէպ աճ կ՛արձանագրեն, թշուառութիւնը, սովահարութիւնը տիրական երեւոյթներ կը դառնան մանաւանդ հարաւային կիսագունդի երկիրներուն մէջ: Ուրախութիւնը այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ անհրաժեշտ է մարդկութեան` վանելու համար համատարած գաղջ մթնոլորտը: Քրիստոսի Ծննդեան տօնին խորհուրդը գրաւականն է վերաիմաստաւորելու քրիստոնէութեան ազատագրող նկարագիրը:
Սուրբ Ընտանիքը Եւ Անջատման Պատը
Ըստ աւետարանական պատումին, աւելի քան 2000 հազար տարի առաջ, երբ մարդահամարի համար սուրբ ընտանիքը Բեթղեհէմ կ’ուղղուէր, քաղաքին մէջ ոչ մէկ ապաստանարան գտաւ: Պատսպարուեցաւ անասուններու համեստ ախոռի մը մէջ, ուր եւ ծնաւ Յիսուս մանուկը: Ասիկա ինքնին մեծ խորհուրդ մըն էր այն առումով, որ Աստուած մարդացաւ աշխարհի ամէնէն իրաւազրկուած մարդոց օրինակով, անշուք վայրի մը մէջ, քաղաքական եւ ընկերային բաւական խառն պայմաններու ներքեւ: Մարդացած Աստուածը եկաւ նախ աղքատին ու իրաւազրկուածին համար` ճիշդ անոնց տեսքով: Եւ ծնաւ աղքատներուն ու իրաւազրկեալներուն փոխանցելու համար այն յոյսը, որ պիտի գայ աւելի արդարը` Աստուծոյ արքայութիւնը: Պատրանք չէր այս, ո՛չ ալ խաբկանք, այլ կեանքի ուղեգիծ մը, զոր որդեգրած էին առաջին քրիստոնէական համայնքները, մինչեւ քրիստոնէութեան պաշտօնականացումը, երբ խորքը մոռցուեցաւ եւ այլեւս աւելի կարեւորութիւն տրուեցաւ արտաքին ծիսակատարական երեւոյթներուն:
Բաւական ժամանակ առաջ էր, երբ յայտնի անիշխանական արուեստագէտ Պանքսի նշանաւոր նկար մը գծած էր այն մասին, թէ ինչպէ՛ս սուրբ ընտանիքը Բեթղեհէմ երթալու ճամբուն վրայ դէմ յանդիման կու գայ Այսրյորդանանը Ս. Հողերու մնացեալ բաժիններէն անջատող պատին: Անշուշտ նշանաւոր արուեստագէտին այս գործը բողոքի արտայայտութիւն էր ի տես այն իրաւազրկումին եւ ցեղային խտրականութեան, որուն կ’ենթարկուի պաղեստինցի ժողովուրդը Ս. Հողերուն մէջ: Բայց նաեւ անիկա ցոյց կու տայ, որ դժուարութիւնները այդպէս ալ չեն վերացած այդ հողերուն մէջ` ինչպէս աւելի քան 2000 տարի առաջ, նոյնպէս ալ այսօր: Եւ ընդհակառակն` այդ դժուարութիւնները քիչ մըն ալ աւելի բարդացած են:
Սակայն ներկայի անջատման պատը ֆիզիքական հասկացողութիւն է: Որքան անջատման պատեր կան այսօր մարդոց հոգիներուն մէջ, այնպիսի պատեր, որոնք կ’արգելակեն մարդոց միջեւ մերձեցումը, դռները կը փակեն Յիսուս մանուկին գալստեան առջեւ, ինչպէս որ պատահած էր աւելի քան 2000 տարի առաջ: Յիսուսի Ս. Ծննդեան խորհուրդը` իր համընդհանուր հասկացողութեամբ, կու գայ նաեւ վերացնելու հոգեմտաւոր անջատման այս պատերը մարդոց մտքերէն ու հոգիներէն, ինչպէս որ յստակ պատգամ մը ունի նիւթական անջատման պատին դէմ ուղղուած:
Անարդար Իշխանաւորներ Եւ Մարդացեալ Աստուած
Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը զուգադիպեցաւ անարդար իշխանաւորի մը` Հրէաստանի Հերովդես թագաւորին իշխանութեան: Աւետարանական պատումը կ՛ըսէ, թէ երբ այս թագաւորը մանուկին ծննդեան լուրը կը ստանայ, բայց մանաւանդ երբ կ՛իմանայ հին մարգարէութիւններուն մէջ այս մանուկին մասին գրուածները, անմիջապէս կը հրամայէ ոչնչացնել մինչեւ երկու տարեկան երեխաները: Աստուածային միջամտութեամբ սուրբ ընտանիքը հազիւ կրցաւ ճողոպրիլ այս սպանդէն:
Որքա՛ն շատ են նմանութիւնները այսօրուան իրադարձութիւններուն հետ, երբ անարդար իշխանաւորները, զինեալ արիւնարբու խմբաւորումները, ցեղային խտրականութեան հիման վրայ ստեղծուած պետութիւնները կը շարունակեն մանկութեան դէմ իրենց ոճիրները, ոչ մէկ նկատառում նկատի ունենալով: Յիսուս ըսած էր տեղ մը` այն ինչ որ մարդիկ թշուառներուն կ՛ընեն` իրեն ըրած կ՛ըլլան, լաւ կամ վատ: Եւ անարդար մարդոց ըրածները մանկութեան դէմ` շարունակութիւնն են Հերովդեսի կողմէ Յիսուս մանուկը սպաննելու միտումին եւ այդ նշանաւոր ոճրագործութեան, որուն մասին ակնարկութիւնը կատարուած է Աւետարաններուն մէջ:
Աստուած անարդարները չի սիրեր…
Յիսուսի Ծննդեան Տօնը Բոլորին Կը Պատկանի
Անասուններու այդ ախոռին մէջ Յիսուսի ծննդեան ժամանակ Արեւելքէն եկան մոգեր, որոնք իրենց հետ բերած էին նուէրներ` մարդկութեան նորածին «թագաւոր»-ին ներկայացնելու համար: Կ՛ըսուի, որ այդ մոգերը կը խորհրդանշեն աշխարհի զանազան ժողովուրդներուն ներկայացուցիչները: Այս իմաստով ալ Ս. Ծննդեան խորհուրդը կը զգենու համընդհանուր` եունիվերսալ բնոյթ:
Եւ այստեղ ակնարկութիւնս կ՛երթայ այս օրերուն «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած Վ. Աւագեանի նամականիին եւ անոր անդրադարձներուն` Ս. Ծննդեան խորհուրդին մասին: Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնը ո՛չ առաքելականին, ո՛չ կաթողիկէին, ո՛չ ուղղափառին եւ ո՛չ ալ աւետարանականին սեփականութիւնն է առանձին: 25 դեկտեմբերը թէ 6 յունուարը կը պատկանին բոլորին հաւասարապէս` անկախ ծիսակարգէն եւ աւանդութիւններէն, որովհետեւ Ս. Ծննդեան տօնով մենք կը նշենք տօնը մէկ Աստուծոյ, որ մեզի համար մարմնացաւ եւ մարդացաւ: Չենք նշեր հայ Յիսուսի կամ այլ ազգերու, առաքելական Յիսուսի կամ այլ համայնքներու Յիսուսներու ծննդեան տօները, այլ մէկ Յիսուսի Ծննդեան տօն, որ կ՛անդրանցնի ամէն կարգի ծիսակարգ ու աւանդութիւն, որքան որ ալ մարդիկ դարերէ ի վեր քաղկեդոնականութիւն եւ հակաքաղկեդոնականութիւն խաղան:
Ասիկա մարդակեդրոնութեան համընդհանուր տօնն է: Տօնն է ազատագրող Յիսուսի ծննդեան, Յիսուսը, որ մարդացաւ` մարդը ազատագրելու ամէն տեսակ կապանքներէ: Ծննդեան այս խորհուրդը իր մէջ կը պարփակէ պատգամ նաեւ ձերբազատելու ծէսին երեւոյթէն եւ թափանցելու խորքին: