Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
«Ազդակ»-ի երէկուան թիւով եւ «Անդրադարձ» գլխուն տակ լոյս տեսած գրութիւնը կ’անդրադառնար թերթին երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ի թիւին մէջ հրատարակուած մեր «Նամականի»-ին, որուն մէջ կը ներկայացնէինք հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներէն Սուրբ Ծնունդը «Քրիսմըս»-ով փոխարինելու մտահոգութիւնը` նշելով օտար բարքերու եւ սովորութիւններու անձնատուր ըլլալու երեւոյթը, իբրեւ ժողովուրդի մը զաւակներուն այլասերման ցուցանիշ:
Մեր «Նամականի»-ին մէջ ի միջի այլոց կը յիշէինք նաեւ, որ` «Հայկական վարժարանները քանի մը տարիէ ի վեր արդէն Նոր տարուան իրենց արձակուրդը սկսած են առնել 25 դեկտեմբերի նախօրեակին` փոխան անցեալի 26 կամ 27 դեկտեմբերին»: Այդքան պա՛րզ ու յստակ, որովհետեւ նախապէս հայկական վարժարաններ Ամանորի իրենց տօնախմբութիւնները կը կատարէին դեկտեմբեր 31-ի նախօրեակին: Տօնական արձակուրդները աւանդաբար կը սկսէին Նոր տարիին եւ կ’աւարտէին Մեռելոցին: «Քրիսմըս»-ը տեղ չունէր այս բոլորին մէջ: Ըսուածը այսքան էր, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:
Մեր «Նամականի»-ին մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն կար Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդին հայկական վարժարանները չփակելու մասին: Նման բան չէ պատահած: Ընդունելի՛ չէ նաեւ որ պատահի: «Անդրադարձ»-ին հեղինակը չենք գիտեր սակայն ինչո՞ւ այն սխալ տպաւորութիւնը ունեցած է, իբրեւ թէ մենք նման միտք յայտնած ենք: Մեր «Նամականի»-ն կը գտնուի «Ազդակ»-ի համացանցի կայքէջին մէջ, կարելի է այցելել եւ ստուգել, եթէ նման արտայայտութիւն կատարուած է մեր կողմէ:
Անոնք, որոնք հայկական վարժարան յաճախած են, շատ լաւ կը յիշեն, որ նախապէս, մեր վարժարաններէն շատերը, տասնամեակներ շարունակ, դեկտեմբեր 25-ին` Կաթողիկէ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով իրենց դռները փակ պահելէ ետք, դասերը կը շարունակէին մէկ կամ երկու օր եւս եւ ապա կը տօնէին Ամանորը: Այդ օրերուն, կրթական պատասխանատուներ կը շեշտէին հայկական Ամանորի իւրայատկութեան պահպանման դաստիարակիչ դերն ու կարեւորութիւնը` սերունդներու հայեցի կրթութեան իրենց ջանքերուն մէջ եւ, առ այդ, անոնք Ամանորի տօնախմբութիւնները չէին միացներ «Քրիսմըս»-ին: Տօնախմբութիւնները կը կատարուէին 26 կամ 27 դեկտեմբերին (յաճախ նաեւ` աւելի ուշ), ինչպէս որ նշուած էր մեր «Նամականի»-ին մէջ: Հետեւաբար, այս մասին կատարուած անտեղի վերագրումները ճիշդ չեն, մանաւանդ որ անոնց կը յաջորդեն «մէկ ազգի զաւակը ըլլալու գիտակցութեան ամրագրման եւ վկայութեան» տեսակէտներ:
Այդ գիտակցութեան փաստը մեր ժողովուրդը շատո՜նց տուած է: Այսօր, աւելի քան երբեք, բոլորս նախանձախնդիր ենք մեր համայնքներէն իւրաքանչիւրին հոգեւոր եւ բարոյական դիմագիծին պահպանման, ծիսական եւ դաւանական իւրայատկութիւններու յարգումին: Տարբերութիւններու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Հասարակաց արժէքներու եւ նպատակներու կողքին` տարբերութիւնները կը հարստացնեն մէկ եւ ընդհանրական հայ եկեղեցին: Գիտենք նաեւ պետական տօները յարգելու ձեւն ու պատշաճութիւնը: Հետեւաբար, «Անդրադարձ»-ի հեղինակին մտահոգութիւնները ի սկզբանէ փարատած պէտք է նկատել:
Կը մնայ ակնկալել, որ «գլխաւորը»` մեր ժողովուրդի այլասերման խնդիրը մնայ մեր բոլորին ուշադրութեան առանցքը, որպէսզի երկրորդական եւ ժամանակավրէպ հարցերը անիմաստ ճիգ ու ժամանակ չխլեն մեզմէ: